Որոնել

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին արձանը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին արձանը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ 

«Վարք Հարանց» խրատներու եւ օրինակներու հաւաքածոյ մըն է։

«Վանականութիւնը հայոց պատմութեան հոլոյոյթին»: (շարունակութիւն)

Պատրաստեց Հայր Ներսէս Սագայեան

Հոգեւոր կեանքի մէջ յառաջանալու եւ կատարելութեան ճամբուն վրայ ընթանալու համար, կարեւոր են «ծեր»ին, «հոգեւոր հօր», փորձառու անձերու, սրբակեաց անձերու խրատները եւ կեանքի օրինակները։ «Վարք Հարանց» հաւաքածոն այսպիսի խրատներու եւ օրինակներու հաւաքածոյ մըն է։ Շարունակելով մեր նախորդ հաղորդումները, կʼանդրադառնանք անապատի հայերու խրատներուն։
Միայնակեացը կը սրբանայ մաքուր պահելով հոգին, պահելով մարմնի սրբութիւնը, ինչպէս կը յորդորէ խրատականը՝ «Սրտով նահատակ եղիր անմեղութեամբ, եւ մարմնով՝ սրբութեամբ։ Որովհետեւ ասոնք երկուքը քեզ կը կազմեն իբր տաճար Աստուծոյ։ Իբր ստացող քու տաճարդ պահէ, ինչպէս որ քեզի տրուեցաւ մաքուր կերպով, ըստ որուն մեզ պիտի դատէ Աստուած։»
Մաքուր պահելու համար հոգին եւ մարմինը պէտք է խուսափիլ փորձութեան տանող բաներէ՝ «Աշխարհական խօսքերը կը բաժնեն մտածումները Աստուծմէ. ասոր համար այդ բաները մի՛ խօսիր, եւ խօսողներէն հեռացիր։ Երբ կը բամբասուիս, տես թէ արդեօք գործա՞ծ ես լուտանքի արժանի բան մը. եւ եթէ չես գործած, լուտանքները համարէ իբր ծուխ։ Երբ կը զրկուիս՝ ապաւինէ համբերութեան, եւ անիրաւութեան վնասը պիտի հասնի զրկողներուն։ Երբ կը տեսնես ընչեղութիւն կամ փառք կամ կենցաղի զօրութիւն, մտացէ անոնց մէջ եղած ապականութիւնները եւ պիտի ազատիս անոնց պատրանքէն։»
Վերջապէս, միայնակեացը, ճգնաւորն ու վանականը առաքինութիւնները կը գոծադրեն նաեւ նեղութիւններու մէջ։
«Նեղութիւններուն տոկայ, որովեհետեւ անոնց մէջ են առաքինութիւնները, ինչպէս որ փուշերու մէջ վարդեր կը բուսնին եւ կը սնանին։ Ոչ մէկ բան պատւով հաւասար նկատէ առաքինութեան, որովհետեւ անոնք անփոփոխելի են ինչպէս Աստուած։ Ողբա պատուուած մեղաւորը, որովհետեւ դատաստանի օրը սուրը պտի ձգուի անոր վրայ։ Պղերգութիւնը համարէ մայր չարիքներու. ան կը կողոպտէ բարիքները որ ունիս, եւ այն որ չունիս, թոյլ չի տար որ ստանաս։ Երբ մէկը վատթար բան մը կը գործէ եւ ատոր պատճառաւ չամչնար, ծանր վէրք է անոր համար եւ կործանում. այդ անձը կը հասնի յուսահատութեան։»
Անոնք, որոնք նեղութիւններու կը տոկան, անոնց համար պատրաստուած են յաւիտենական բարիքներ։ Այս առաւել եւս կʼարժէ վանականին համար, որ ընտրած է զոհողութիւններու եւ խստամբերութեան կեանք մը։ Խրատականը կը յորդորէ՝ «Որքան ալ տաղտուկ ունենաս, մտածէ թէ ինչպիսի´ բարիքներ պատրաստուած են հաւատացեալներուն եւ քեզի իբր պտուղ՝ հոգւոյն ուրախութեան մերձենալը։»
Խոնարհութիւնը գլխաւոր առաքինութիւններէն մին է ոչ միայն կրօնաւորին համար, այլ իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար, ինչպէս Հայրերը կը խրատեն՝ «Պարտ եւ արժան է, որ հաւատացեալները նուաստ ըլլան ամէն բանի մէջ, որովհետեւ ոմանց խոնարհութիւնը՝ կը ներկայանայ ստեղծագործ նուաստութիւն։»
Նախորդ հաղորդումին մէջ արդէն լսած էինք, թէ որքան կարեւոր է այն հանգամանքը թէ կրօնաւոր մը որու´ն հետ կը յարաբերի։ Սիրոյ պատուիրանը գլխաւորն է, եւ պէտք է իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ապրի սիրոյ պատուիրանը, որքա՛ն առաւել եւս կրօնաւորը։ Սակայն հոգեւոր կեանքի խրատներուն մէջ ստէպ կը շեշտուի թէ պէտք է յարաբերիլ սրբակեաց անձերու հետ եւ խուսափիլ չար անհատներէ։ Այս կեցուածքը հակառակ չէ սիրոյ պատուիրանին։ Նաեւ պէտք է զգուշ ըլլալ թէ որու՛ կʼուղղենք խրատ եւ յանդիմանութիւն, որովհետեւ ոչ ամէն անձ կʼընդունի խրատ, ինչպէս Աստուածաշունչն ալ կը խրատէ։ «Վարք Հարանց»ի խրատներուն մէջ կը կարդանք՝ «Ընկերոջ հանդէպ սէր ցոյց տալու մէջ դանդաղ մի ըլլար, որպէսզի այն սէրը որ ան ունի Աստուծոյ հանդէպ չվնասնուի։ Ան որ առանց Աստուծոյ օրէնքին է, անոր հետ մի յարաբերիր, եւ մի ախտաւորուիր անոր հետ որ անարժան է, եւ որ ինքզինք պատուելը նախապատիւ կը համարի։ Մի խօսակցիր չարերու հետ, որովհետեւ զանոնք չարութեան կը յորդորես եւ դուն ալ կը պղծուիս՝ անոնց հաւասար վէրքեր ընդունելով։ Խրատէ մեղաւորը եւ յանցանք գործողը մի չարախօսեր, որովհետեւ կը նախատուինք երկրորդէն եւ ցաւակցութիւն կʼընդունինք առաջինէն։ Միշտ փութա լսել եւ խօսիլ սուրբերու մասին, որովհետեւ անոնք հոգին բարի նախանձի կը գրգռեն։ Եթէ խրատես յանցաւորը՝ միացուր նաեւ ցաւակցութեան խօսքեր. այսպէսով ականջները կը կակղանան եւ սիրտը կը լուսաւորուի։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2018, 13:10