Սուրբ ՆԵրսէս Շնորհալի Սուրբ ՆԵրսէս Շնորհալի 

Հաղորդաշար. Վանականութիւնը հայոց պատմութեան հոլովոյթին։

«Վարք Հարանց» հաւաքածոն ընկերացած է միայնակեցական կամ վանական բազմաթիւ սերունդներու

Պատրաստեց Հայր Ներսէս Սագայեան

«Վարք Հարանց» հաւաքածոն ընկերացած է միայնակեցական կամ վանական բազմաթիւ սերունդներու։ Մարդիկ որոնք իրենց կեանքը ամբողջութեամբ նուիրած են ուխտեալ վիճակի, միշտ սնունդ քաղած են անապատի հայրերու եւ բազմաթիւ սուրբ միայնակեացներու եւ ճգնաւորներու խրատներէն եւ կեանքի օրինակէն։

«Վարք Հարանց»ին մէջ բազմապիսի են խրատականները։ Այնտեղ հայրերու բերնէն կը լսենք սրբութեան եւ կատարելութեան տանող խորհուրդներ, ինչպէս նաեւ խրատներ, որոնք կը հային առօրեայ չնչին կամ կարեւոր հարցերու եւ գործնական կեանքի։ Միայնակեացին, ճգնաւորին կամ վանականին համար կարեւոր է հրահանգումը առաքինութիւններու մէջ։ Եթէ որոշ առաքինութիւններ ինչպէս «խոնարհութիւն», «ճգնութիւն», «ցանկութիւններու զսպում» կամ «պայքար վատթար մտածումներու դէմ» աշխարհի աչքով դիտուած դժուարին կամ թէկուզ անկարելի եւ անիմաստ բաներ են՝ սակայն եւ այնպէս իսկական ճանապարհն են հասնելու կատարելութեան։

Հայրերու խրատներուն մէջ կը կարդանք՝ «Ուրախացիր խոնարհութեամբ, որովհետեւ անկէ կը բխի բարձրութիւնը, եւ անկէ վար իյնալ կարելի չէ։ Ճգնիր այնքան, որքան որ մարմնոյդ յոյզերը ճնշել կրնաս. եւ եթէ հիւանդանաս, մարմինդ առողջացուր, ոչ թէ փափկութիւններով բժշկէ։ Ուրիշներուն չար խորհուրդները բարի խորհուրդներով ճնշէ. մտածէ երկնային բարիքներու վայելչութիւնը, եւ երկրի ոչ մէկ ցանկութիւն որ այստեղ կայ՝ քու մէջդ մտնէ։ Երբ Աստուծոյ մասին բան մը իմանաս, եթէ նուաստ բան մըն է՝ բարձրացուր, եւ եթէ բարձր է՝ ոչ թէ Աստուած չափէ, այլ դուն քեզ։ Զգուշ չէ վրան առնել աւելի քան այն չափով որքան որ կրնանք տանիլ։ Հաւատայ որ վատթար մտածումները սատանայէն են, եւ երբ այսպէս կը հաւատաս անոնք կը դադրին եւ զանոնք սերմանողը կʼամչնայ։ Հեռու կեցիր ծաղրէ, որովհետեւ ան կը թուլացնէ հոգին, եւ մեղկանալով՝ կը մերկանայ օրէնքի սանձէն։»

Միայնակեցական կամ վանական կեանքը վերացական անգործ կեանք մը չէ։ Ընդհակառակը, ծուլութիւնը յոյժ դսրովելի կը նկատուի եւ մայր չարիքներու։ Հոգեւորական պատերազմի կողքին անհրաժեշտ է նաեւ ֆիզիկական գործը։ Պէտք է նկատել, թէ որքա՛ն սերտօրէն իրարու առընչուած են գործն ու աղօթքը։ Վանական կեանքի մէջ աղօթք եւ գործ միշտ ընկերացած են իրարու։ «Աղօթէ եւ գործէ» դարձած է Բենեդիկտեան միաբանութեան բնաբանը, որ դարեր շարունակ դրսեւորուած է իբր հիանալի միջոց ապրելու վանական կեանքը, ձգտելու կատարելութեան, ներանձնական կեանքով եւ ձեռքի գործով ու ծառայութեամբ։ Անապատի Հայրերը ունին իրենց ցուցմունքները եւ յորդորները։

«Անձդ տուր գործի եւ աղօթքի, որովհետեւ այդպէսով սատանան մեր մէջ չի կրնար յաճախ մուտք գործել։ Իբր գործ համարէ նաեւ օրէնքի ընթերցումները. անոնք լեզուիդ հետ նաեւ միտքդ կը կրթեն։ Թէպէտ ձեռքդ գործի երկնցնես, լեզուդ թող սաղմոսէ եւ կամ միտքդ թող աղօթէ. որովհետեւ Աստուած կը պահանջէ որ զինք միշտ յիշենք։ Բոլոր գործերդ եւ նոյնիսկ ինքնին աղօթքը՝ աղօթքով վերջացուր։ Եթէ կʼուզես ձեռքիդ գործը Աստուծոյ համար եւ ոչ հողեղէններու համար կատարել, ուրեմն անոնք հաւասարապէս կարօտեալներուն համար կատարէ։»

Միայնակեացը դժուար թէ առանցին սրբանայ։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ որ կը ձգտի կատարելութեան, ինչ վիճակի մէջ ալ ըլլայ, կարիքն ունի ընկերակցութեան, ըլլա՛յ այդ նոյն նպատակին ձգտող այլ անհատներու կողմէ եւ առաւել եւս փորձառու անհատներու կողմէ։ Հօր կամ ուսուցիչի եւ հոգեւոր զաւակի կամ աշակերտի յարաբերութիւնը յատուկ մարզ մըն է, որուն պիտի անդրադառնանք աւելի ուշ։ Արդ, միայնակեացին համար հարկաւոր է որ մշակէ յարաբերութիւնը «սուրբերու հետ», այսինքն այնպիսի անձերու հետ, որոնք առաքինութեան կամ կատարելութեան ճամբուն վրայ արդէն յառաջդիմած են։

«Զուարճացիր սուրբերու հանդիպելով, որովհետեւ անոնցմով Աստուած կʼերեւի։ Ճշմարիտ սուրբերը զանազանէ անոնց գործերէն, որովհետեւ իւրաքանչիւր ծառ կը ճանչցուի իր պտուղէն։ Միշտ փութայ բան մը շահիլ երբ սուրբերը կը տեսնես, եւ պահէ անոնց կարծիքները եւ խրատները, որովհետեւ անոնք օգտակար են երկուքիդ ալ։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2018, 10:06