Որոնել

 Սուրբ ՆԵրսէս Շնորհալի Սուրբ ՆԵրսէս Շնորհալի 

«Վարք Հարանց». անապատականի կամ կրօնաւորի կեանքին նպատակը:

Հաղորդաշար. վանականութիւնը հայոց պատմութեան հոլովոյթին: (Շարունակութիւն)

Պատրաստեց Հայր Ներսէս Սագայեան

«Վարք Հարանց» հաւաքածոն, որ միայնակեցական, ճգնաւորական կամ կրօնաւորական աւանդութեան ամենէն ճոխ աղբիւրներէն մին է, մեզի կը ներկայացնէ կրօնաւորական կեանքի նախնական շրջանէն բազմաթիւ խրատներ եւ դրուագներ անապատականներու եւ կրօնաւորներու կեանքէն։ Այնտեղ բազմաթիւ օրինակներով ցոյց կը տրուի թէ ո´րն է անապատականի կամ կրօնաւորի կեանքին նպատակը, եւ թէ ի´նչպէս պէտք է ըլլայ կրօնաւորական կենցաղը։ Հաւաքածոն ունի գլուխ մը որ խորագրուած է «Խրատք որք կրօնաւորիլ կամին զփրկական կրօնաւորութիւնն»՝ Խրատներ անոնց որոնք կʼուզեն ապրիլ փրկարար կրօնաւորութիւնը։ Այսօր այս գլուխէն կը քաղենք խրատականները։

Կրօնաւորիլ ուզողին համար կարեւոր է ունենալ Աստուծոյ երկիւղը. այդ գիտակցութիւնը անհատը կʼառաջնորդէ մաքուր վարքի։ Ապա խրատականը կʼըսէ՝ «Այն ինչ որ ամէն օր կը գործես, նկատի ունեցիր որ Աստուած ներկայ է հոն։ Փախիր գովութիւններէ եւ ամչցիր պատկառանքներէ։ Գործը կատարէ առաքինութեան վայելքով։ Աստուծոյ դէմ ամբարտաւան մի ըլլար, որպէս զի չըլլայ թէ նաւահանգիստին մէջ նաւաբեկութեան հանդիպիս։ Որքան որ օրէնքի մէջ յառաջանաս, պիտի ճանչնաս թէ կատարելութեան մէջ կը պակսիս։ Ամէն գործի կատարածը քննէ՝ զայն սկսելէն առաջ։ Գիշեր ու ցերեկ հայցէ վերջին օրը։ Մի խառնուիր անոնց հետ, որոնք կը տեսնես թէ բարիքի մէջ վատթարացած են։ Փութա

ոչ մէկուն վնասել այն բաներով որ կʼըսես, կամ կը գործես, կամ կʼիմաստասիրես։ Մի հրճուիր մարդոց կենցաղով. որովհետեւ երբ ծաղիկի խոտը կը շօշափես՝ ան կը թարշամի։ Տրտում բաներով գոհացիր, եւ լուծը պիտի թեթեւնայ։»

Կրօնաւորի կենցաղին մէջ, եթէ նոյնիսկ ան անապատի մէջ կʼապրի, հեռու մարդոցմէ եւ աշխարհի եռուզեռէն, բազմաթիւ եւ բազմապիսի են փորձութիւնները։ Ասոր համար խրատականը կը յորոդորէ նաեւ փորձութիւններու մէջ ամուր մնալ։ Փորձութիւնները կրնան ըլլալ մեղանչումներ սիրոյ պատուիրանին դէմ, կամ հեղգութիւն հոգեւոր կեանքի մէջ։

Խրատականը կը շարունակէ՝ «Մենք մեզի նայինք, եւ ուրիշները չդսրովենք։ Միշտ սաղմոսներ թող ըլլան բերնիդ վրայ, որպէսզի անուանելով զԱստուած փախցնես դեւերը։ Աղօթքը ըլլայ արթնութեամբ, որպէսզի Աստուծմէ չխնդրենք այն ինչ որ անհաճոյ է Անոր։ Միշտ յիշէ զԱստուած, եւ մի մոռնար զԱյն։ Սանձէ աչքը, որովհետեւ առանց գիտնալու կը շրջագայի եւ քեզի վնաս կը հասցնէ։ Խնամէ լեզուդ լռութեամբ, որովհետեւ շատ բանի լռելը գովելի է քան խօսիլը։ Գործէ´՝ խորհելով օրէնքի խորհուրդները, որովհետեւ աստուածային բաներ մտածելը արմատախիլ կʼընէ չարին խորհուրդները։»

Անապատականը զուրկ չէ մարմնական ցանկութիւններու պատճառած վտանգէն, ասոր համար յորդորը կը շարունակէ՝ «Ատէ մարմնի ցանկութիւնը, որովհետեւ մարմնին հետ նաեւ հոգին կʼաղտեղէ։  Միայն այնքան տուր որովայնին՝ որքան որ պէտք ունի, այլ ո´չ որքան որ կʼախորժի։ Մի սիրեր փափկութիւնը կամ աշխարհի գովասանքը, որովհետեւ երկրաւոր բաներու հետ բարեկամութիւն կʼընէ եւ այս երկու բաներէն կը ծնին թշնամութիւնները Աստուծոյ հանդէպ։ Հրաժարէ երկրաւոր ուրախութիւններէ, որովհետեւ անոնք կը գայթակղեցնեն եւ կʼընկճեն զուարճացողները։ Եթէ հարստութիւն ունիս՝ ցրուէ, եւ եթէ չունիս՝ մի ժողովեր։»

Հոգեւոր կենցաղի անհրաժեշտ մաս կը կազմեն աղօթք, պահք եւ ապաշխարանք. սակայն անոնց անպայմանօրէն պէտք է ընկերանան բարի գործերը, ինչպէս խրատականը կը շարունակէ՝ «Պահքը իբր զէնք ունեցիր եւ աղօթքը իբր պարիսպ, եւ իբր լուացում՝ արցունքներ։ Ինչ որ մեղանչեցիր, յիշէ բոլորը յառաջանքով, որովհետեւ անկէ յառաջ կու գայ մշտնջենաւոր ապաշաւանք հոգիներուն։ Խնամք տար աղքատներուն, որովեհետեւ անոնք կը հաշտեցնեն դատաւորը մեր հետ։ Հաղորդուիր սուրբերուն հետ, որպէսզի անոնց ձեռքով հաղորդուիս Աստուծոյ հետ։ Եկեղեցի մտիր իբր երկինք, եւ հոն ոչ մէկ երկրային բան գործէ կամ մտածէ։ Հարկաւորով բաւարարուիր, եւ հոգերը Աստուծոյ ձգէ։ Մարմինդ բարի վաստակներով հոգնեցուր, բայց մի փութար զայն վար լքել։ Գինին քիչ խմէ, որովհետեւ որքան սակաւ ըլլայ ան, այնքան բարիք է ըմպողին համար։ Վանէ տրտմութիւնը, որովհետեւ ան մոլութեան հայր է երբ չափէն դուրս կʼելլէ։ Հիւանդութեան ժամանակ աղօթէ՝ նախ քան որ բժիշկներով եւ դեղերով առաջնորդուիս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2018, 09:25