San Gregorio de Narek nei giardini del Vaticano San Gregorio de Narek nei giardini del Vaticano  

Վարք Հարանց. ճգնաւորներու ուղղուած խրատականներ եւ խորհուրդներ

Վանականութիւնը Հայոց Պատմութեան հոլովոյթին: Հաշորդաշար (Շարունակութիւն):

Պատրաստեց Հայրս Ներսէս Սագայեան

Հայ մատենագրութեան մէջ մեզի հասած է «Վարք Հարանց» կոչուած ժողովածուն, ուր մեզի աւանդուած են անապատականներու վարքերը, անոնց ճգնազգեաց կենցաղը եւ անոնց խրատները։ Այնտեղ կը կարդանք Աթանաս Աղեքսանդրացիի, Անտոն Անապատականի, Մակար Եգիպտացիի, Յովհաննէս Թեբայիցի, Աղեքսանդրոս Կմաւոր Աղքատի, Յվհաննէս Կամաւոր Աղքատի, Սրապիոն Ծերունիի, Պետրոս Մաքսաւորի, Մարիամ Եգիպտացիի եւ այլ ճգնաւորներու կեանքին մասին։

Վարք Հարանցի երկրորդ բաժնին մէջ կայ գլուխ մը, խորագրուած «Վասն ճգնաւորաց»։ Այնտեղ բովանդակուած են ճգնաւորներու ուղղուած խրատականներ եւ խորհուրդներ։ Այս բնագրին մէջ կը տեսնենք թէ ճգնաւորներու հիմնական նպատակն է «Քրիստոսի Աստուծոյ հաճելի ըլլալ» եւ «Քրիստոսի հետեւիլը»։ Ասոր համար անհատը պէտք է ապրի որոշ առաքինութիւններ։ Այդ առաքինութիւններու կարեւոր մէկ մաս մը կը կազմէ փորձութիւններու դիմանալ, տառապանքի եւ տանջանքի տոկալ։ Սակայն այդ փորձութիւնները եւ տառապանքները կը նկատուին շնորհք՝ որուն անհատը կʼարժանանայ։
Ապա խրատներուն մէջ կը կարդանք ամբողջ շարք մը զանազան ախտերու եւ կիրքերու որոնցմէ ճգնաւորը կամ կրօնաւորը հեռու պէտք է մնայ։ Սակայն չի բաւեր փախչիլ ախտերէ եւ մեղքերէ, այլ պէտք է առաքինութիւններով զօրացնել հոգին։ Իսկ առաքինութիւններու ազնուագոյններն են «հեզութիւն, եւ քաղցրութիւն բոլորին հանդէպ, աննախանձութիւն, սէր, խաղաղութիւն եւ հաւատքի հաստատութիւն»։
«Եթէ մէկը կʼուզէ Քրիստոսի Աստուծոյ հաճելի ըլլալ, ամենէն առաջ խոնարհութիւն, համբերութիւն եւ երկայնմտութիւն պէտք է ունենայ երբ նեղութիւններ կը պատահին, ըստ այն խօսքին, որ կʼըսէ՝ ʼորդեակ, եթէ կու գաս Տիրոջ ծառայելու, պատրաստէ անձդ ամէն փորձութիւններուʼ։ Ինչպէս որ գիտենք արդար Յոբի մասին, մինչեւ իսկ մարմնին ուղն ու ծուծը տանջուեցաւ, եւ Աստուծոյ սիրով յաղթեց փորձիչին։ Այն անձը որ արժանի կʼըլլայ Քրիստոսի համար հալածուիլ եւ օտարանալ, եւ զանազան փորձութիւններու մատնուիլ եւ չարչարուիլ, եւ այս բոլորին վրայ կʼուրախանայ եւ Աստուծոյ գոհութիւն կը մատուցանէ, երանելի է այսպիսի անձը որովհետեւ մեծ համարձակութիւն պիտի ունենայ դատաստանի օրը՝ Քրիստոսի մեծ եւ ահաւոր ատեանին առջեւ։
Բայց այսպիսի ճգնաւորը պէտք չէ երկրաւոր բաներու մէջ եւ անօգուտ զբաղմունքներու մէջ իյնայ. պէտք է բուժուի խռովութենէ եւ անօգուտ անպարապութենէ եւ բազում երկրաւոր տրտմութենէ եւ բարկութենէ, որոնք հոգւոյ ախտերը եւ կիրքերն են։ Հոգեւոր կրթութիւն եւ հոգեւոր մրցում է այս։ Պէտք է ամէն տեսակի առաքինութիւններ գործել՝ ոչ թէ մարդոց փառքին համար, այլ Աստուծոյ փառքին համար։ Սակայն պէտք է գիտնալ թէ նաեւ հոգեւոր ճգնութիւններէն կը ծնանին հպարտութիւններ եւ մեծաբանութիւններ, որոնք Աստուծոյ Հոգին կը տրտմեցնեն, կը խռովեցնեն, կը խոնարհեցնեն, հակառակութեան եւ բարկութեան կը գրգռեն, եւ անհատին ամէն տեսակի աշխարհական ախտեր եւ կիրքեր կʼազդեն։ Ասոր համար հեզութիւն եւ քաղցրութիւն ունենանք բոլորին հանդէպ. ունենանք աննախանձութիւն, սէր, խաղաղութիւն եւ հաւատքի հաստատութիւն՝ որ մարդուն զարդն է եւ նմանութիւն Քրիստոսի. Աստուած ասոր կը հաճի եւ ասոր մէջ կը հանգչի. Ան շնորհքներ կու տայ առատապէս, կʼառաջնորդէ յաւիտենական կեանքի խոստումին եւ անճառ բարիքներու վայելքը կու տայ։ Անոր փառք յաւիտեանս յաւիտենից։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2018, 09:39