Որոնել

Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ 

Կարդինալ Ռաֆայել Սաքոյի նամակը Իրաքի հաւատացեալներուն:

«Կարդինալական սքեմին կարմիր գոյնը վստահաբար կը խորհրդանշէ իրաքի հողերու վրայ հոսած անթիւ մարտիրոսներու արիւնը»:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Ինծի համար կարդինալական  առաքելութիւնը ծառայութիւն մատուցանել է  իմ աւերակ  երկրիս մէջ, ծառայել նաեւ՝ առանց խտրութեան բոլորին,  ինչպէս կը կատարէ Ֆրանչիսկոս Պապ ծառայելով  բովանդակ աշխարհին մէջ»:

Այս տողերով արտայայտուած է Քաղդէացիներուն Պատրիարք՝ Լուիս Ռաֆայել Սաքոն, անեցեալ 29 յունիս 2018-ին կարդինալական տիտղոսի արժանանելէ ետք  Իրաքի հաւատացեալներուն յղած նամակի  մը մէջ:

Նորանշանակ Կարդինալը անդրադառնալով կարդինալական կարմիր գոյն սքեմին ու գլխարկին, զանոնք կը նկատէ մարտիրոսոթեան հոմանիշ,  մասնաւորապէս իրաք երկրին համար որ տարիներէ ի վեր թիրախ է հակամարտութիւններուն:

Պատրիարքը նամակին մէջ կ՝ընդգծէ որ կարմիր գոյնը վստահաբար կը խորհրդանշէ նաեւ իրաքի հողերու վրայ հոսած  անթիւ մարտիրոսներու արիւնը:  «Կարմին գոյնը խորհրդանիշ է նաեւ այն սիրոյ, որ պէտք է  բոցավառէ այդ գոյն  կրող անձին սիրտը,  որպէսզի անիկա կարենայ իր կեանքը շնորհել բոլոր անոնց որոնք  առանց պայմաններու կը  սիրէ»,  գրած է կարդինալը խոստանալով որ ինչպէս ինք հինգ տարի առաջ պատիրարք ընտրուելու  ժամանակ խոստացած է   խոնարհ ,  համեստ եւ եղբայր ըլլալ բոլորին,  այժմ նաեւ կարդինալ անուանուելէ ետք կը խոստանայ նոյնը կատարել   ամրապնդելու համար իրաքի եղբայրներուն միջեւ եղբայրական եւ գործակցութեան կապերը, խթանելու համար համերաշխ համակեցութիւնը , քաջալերելու համար  երկխօսութեան եւ հասկացողութեան մշակոյթը,  գտնելու համար   սիրոյ եւ աւելի  բարելաւ միջավայր մը որ  հիմնուած ըլլայ արդարութեան- հաւասարութեան,արժանապատուութեան ինչպէս նաեւ խաղաղութեան վրայ։

Ծիրանաւորը նամակին աւարտին հրաւէր  կ՛ուղղէ Իրաքի մահմետական, Քրիստոնեայ ինչպէս նաեւ այլ կրօններու պատկան իշխանութիւններուն դառնալու ազգային խորհդանիշեր. նպաստելու համար  համերաշխութեան խաղաղութեան եւ կայունութեան ձեռքբերումին յաղթահարելով ծայրայեշութիւնը եւ բռնութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2018, 11:15