Որոնել

Ekta 36802 Ekta 36802  (FOTO SERVIZIO FOTOGRAFICO MUSEI VATICANI)

Տօն պայծառակերպութեան Տ.Մ. Յիսուսի Քրիստոսի

Քրիստոս կը նմանցուի վարդի մը կոկոնին, որ Այլակերպութեամբ կը ծաղկի եւ կը լուսաւորուի ապա եւ իր բոյրը կը սփռէ եւ կը լուսաւորէ։

Պայծառակերպութեան Տօնը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի Պենտէկոստէի եօթներորդ կիրակին։ Տօնը կʼանուանենք նաեւ Վարդավառ կամ Այլակերպութիւն։ Վարդավառ անունը, որ արդէն հինէն կը յիշուի յայսմաւուրքի եւ տօնապատճառներու մէջ, հաւանաբար իր արմատները ունի հեթանոսական շրջանին, առընչուած Անահիտ դիցուհիի ի պատիւ կատարուած տօներուն, նաւասարդ ամսոյն մէջ, ուր դիցուհիին կամ աստուածութիւններուն վարդի պսակներ կʼընծայուէին։ Այլ ազգերու մօտ նոյնպէս կը կատարուէին ամառնային կամ տարեմուտի այդպիսի տօներ, ուր աստուածութիւններուն կը մատուցուէին ընծաներ։ Հաւանաբար այսպիսի եւ այլ հեթանոսական կամ նաեւ առասպելային աւանդութիւններ եղած են հիմ, որ այս տօնը անուանուի Վարդավառ։
Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան մէջ ունինք զանազան մեկնաբանութիւններ, թէ ինչու համար Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը կʼանուանենք նաեւ Վարդավառ։ Քրիստոս կը նմանցուի վարդի մը կոկոնին, որ Այլակերպութեամբ կը ծաղկի եւ կը լուսաւորուի ապա եւ իր բոյրը կը սփռէ եւ կը լուսաւորէ։ Յիսուս կը նմանցուի վարդի մը, որ ունի երեք յատկանիշներ՝ գեղեցկութիւն կամ տեսք, գոյն եւ բոյր, որոնք կը խորհրդանշեն Սուրբ Երրորդութիւնը՝ մի Աստուած եւ երեք անձեր։ Մովսէս Քերթող իր ճառին մէջ կʼըսէ, թէ այժմ ամբողջ աշխարհ ծաղկաւէտ դարձաւ, եւ մեր բնութիւնը պսակուեցաւ առաքինութեան վարդերով եւ շուշաններով։ Մովսէս Քերթող «Վարդավառ» անուանումը կը մեկնէ նաեւ իբր «Արդաւար» կամ «Վարժարան», որոնք սակայն հիմք մը չունին։
Ըստ աւանդութեան, Վարդավառի տօնի հաստատումը կը վերագրուի առաքեալներուն, առընչուելով Պետրոս առաքեալի խօսքին՝ «Որովհետեւ ոչ թէ հնարուած առասպելներու ետեւէ երթալով ձեզի ճանչցուցինք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի զօրութիւնը, այլ մենք իսկ ականատես եղանք անոր մեծափառութեան։ Որովհետեւ ինք Հօր Աստուծմէ փառք եւ պատիւ առաւ այն մեծվայելչութեան փառքէն, երբ այս խօսքը լսուեցաւ, թէ՝ ʼայդ է իմ սիրելի որդիս, որուն ես հաճեցայʼ։ Եւ երկնքէն եկած այս ձայնը լսեցինք մենք, որ անոր հետ էինք սուրբ լերան վրայ։ Ունինք նաեւ մարգարէական հաստատուն խօսքը – որուն եթէ անսաք, լաւ կʼընէք – իբր ճրագ, որ լոյս կու տայ խաւար տեղւոյ մէջ՝ մինչեւ որ լուսնայ օրը եւ արուսեակը ծագի ձեր սրտերուն մէջ» (Բ Պետր Ա. 17-19)։
Արեւմուտքի մէջ Պայծառակերպութեան տօնը կը յիշուի Ը. դարէն սկսեալ, Նիկիոյ Բ. Տիեզերական Ժողովին, 787 թուականին։ Նաեւ Յովհաննէս Դամասկացի ունի Վարդավառի Ճառ մը։ Սպանիոյ Իլտեֆոնս եպիսկոպոսը 845ին Պայծառակերպութիւնը կը յիշէ իբր կարեւոր տօներէն մին։ Ոմանք աւելի ուշ տօնը վերագրած են Քալիսթոս Գ. Քահանայապետին, հաստատուած 1456/57 թուականներուն։ Սակայն այդ քահանայապետը ոչ թէ տօնը նոր հաստատած էր, այլ զայն ճոխացուցած էր, ի յիշատակ հունգարացիներու տարած յաղթանակին՝ թուրքերուն դէմ։
Հայ Եկեղեցւոյ մէջ տօնը առաջին անգամ կը յիշուի Սահակ Մեծի կանոններուն մէջ, Ե. դարուն։ Վարդան Պատմիչ կը հաղորդէ, թէ Ներսէս Շինող կաթողիկոսի ժամանակ, 645 թուականին, Պայծառակերպութեան տօնին մեծ հանդիսութիւն կը կատարէ։ Այս կը նշանակէ, թէ տօնը արդէն գոյութիւն ունէր։
Լատինները այս տօնը կը կատարէին օգոստոսի մէջ եւ այդ առիթով խաղող կʼօրհնէին, ինչպէս սովոր է կատարել հայոց մօտ՝ վերափոխման տօնին։ Հետաքրքրական է, որ այդ տօնին կը գործածուէր նոր գինի՝ պատարագելու համար։ Իսկ եթէ չունէին նոր գինի, կը գործածէին նոր խաղողի հիւթը՝ եւ կը նուիրագործէին զայն Ս. Պատարագի ընթացքին։
Իսկ յոյները, որոնք օգոստոսի վեցին Վերափոխման տօնի պահքի մէջ կը գտնուին, այդ օրը բացառաբար ձուկ կʼուտեն։ Նաեւ յոյները այդ տօնին կը կատարէին խաղողօրհնէքը։
Հայոց եկեղեցին Վարդավառի տօնը հաստատած է իբր հինգ տաղաւար տօներէն մին, շաբաթապահքով եւ նախատօնակով, երեքօրեայ տօնախմբութեամբ, ուխտագնացութիւններով եւ այլ պաշտամունքներով։ Հին ժամանակներուն մէջ սակայն տօնը միօրեայ եղած է, այսինքն միայն կիրակի օր, իսկ երկուշաբթի եւ երեքշաբթի օրերը սուրբերու տօներ կը կատարուէին, ինչպէս կը տեսնենք քանի մը հին տօնացոյցերու մէջ։ Ասոր համար է նաեւ որ հին շարակնոցին մէջ միայն առաջին օրուան, այսինքն կիրակի օրուան համար շարականներ յօրինուած են։ Իսկ յաջորդ օրերու շարականները կը վերագրուին Ներսէս Շնորհալիի, որ հաւանաբար հաստատած է տօնին երեքօրեայ կատարումը։ Անշուշտ որոշ ժամանակ մը տեւած է մինչեւ երեքօրեայ տօնախմբութեան սովորութիւնը ընդհանրացած է հայոց մօտ։
Վարդավառի շարականը վերագրուած է Մովսէս Քերթողի եւ Յովհան Մանդակունիի։
Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերը Պայծառակերպութեան տօնի խորհուրդը մեկնաբանելով, կը նկատեն թէ Յիսուս իր Այլակերպութեամբ ցոյց կու տայ թէ ինքն է կատարումը մարգարէութիւններուն եւ լրումը օրէնքին։ Ապա տօնը կը նկատուի նաեւ յորդոր որ մարդ արարածը իր հայեացքը միշտ պահէ իր կեանքի նպատակին՝ յաւիտենական կեանքի ժառանգութեան վրայ։ Պայծառակերպութեան տօնին մասնաւոր կերպով կը շեշտուի նաեւ լոյսի գաղափարը, նկատի առնելով ոչ միայն Յիսուսի լուսակերպ երեւումը Թաբօր լերան վրայ, այլ եւ Քրիստոս ինքնին լոյս աշխարհի եւ արեգակ։ Ապա Վարդավառի ժողովրդական սովորութեան, ջուրի սրսկումին տրուած է նաեւ հոգեւոր կամ քրիստոնէական իմաստ, զայն նկատելով խորհրդանիշ մաքրումի եւ մկրտութեան։

Հայր Ներսէս Սագայեան

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2018, 21:00