Որոնել

Յիսուս իր առաքեալներուն հետ Յիսուս իր առաքեալներուն հետ 

Կիրակի 29 յուլիս 2018 Երրորդ կիրակի Վարդավառի­ (Մարկոս 1, 14-20)

Սիրէ ընկերդ քու անձիդ պէս։

Ապաշխարեցէք, որովհետեւ մօտեցած է երկնքի արքայութիւնը. Ահա առաջին շրջանի քարոզութիւնը Քրիստոսի. Այսպէսով ան տեղ կը բանայ Աստուծոյ խօսքի ընդունելութեան եւ իր բուն պատգամի ընկալման, որ է փոխադարձ սէրը. Սիրէ ընկերդ քու անձիդ պէս։
Նախ եւ առաջ դատարկելու ենք մեր անձերը չարէն եւ ամէն տեսակ յանցանքէ, որպէսզի կարենանք իմանալ Աստուծոյ խօսքը ուղղուած մեզմէ ամէն մէկուն եւ ապա հասկնալ թէ այդ խօսքը ինչ ազդեցութիւն կը գործէ մեր վրայ եւ ինչ ուղղութեամբ մեզ կ՜առաջնորդէ։ Ամէն անձ նոյն կոչումը չունի այս աշխարհի վրայ։
Ինչպէս Յիսուս կ՛ըսէ, մեծամասնութիւնը կոչուած է պարզապէս հաւատալու Աւետարանի մէջ ըսուած խօսքերուն, այսինքն բացի տասը պատուիրաններէն, իմանալու թէ կան ութը երանութիւններ, որոնք մարդը կ՜ուղղեն դէպի կատարելութիւն եւ, ի վերջոյ, կայ սէրը, որով մարդ դուրս կ՛ելլէ ինքն իր անձէն, օգտակար դառնալու համար իր շուրջը ապրողներուն։ Քրիստոս կու տայ նաեւ պատուէր մը, խաչը առնելու եւ հետեւելու իրեն, այսինքն ինքզինք նիւթապէս զրկելու կարգ մը բարիքներէ եւ դիմելու միայն հոգեւոր բարիքներուն, հետամուտ ըլլալով անոնց իրականացման մեր անձ-նական կեանքին մէջ։
Կայ սակայն ուրիշ կոչում մը որուն կ՛անդրադառնայ Քրիստոս այսօրուայ աւետարանին մէջ։ Չորս ձկնորսներ կը տեսնէ եւ զիրենք կը կանչէ հետեւելու իրեն. Ետեւէս եկէք եւ ձեզ մարդոց որսորդներ պիտի ընեմ։ Իրեն հաւատացողներոու խումբին մէջէն Յիսուս կ՜ընտրէ մի քանի անձեր միայն որոնք պիտի ըլլան առաջնորդները իրեն հետեւող ժողովուրդին։
Անշուշտ կը մտածենք թէ անոնք ինչքան խելացի, փորձառու եւ իմաստուն մարդիկ հարկ է որ ըլլան, որպէսզի կարենան անսխալ եւ ուղիղ կերպով առաջնորդել իրենց յանձնուած հօտը։ Եւ սակայն Յիսուս կ՛ընտրէ ամէնէն տգէտ, անփորձառու եւ անճարակ մարդիկը, չորս ձկնորսներ, որպէսզի առաջնորդեն իր ժողովուրդը. Ներսէս Շնորհալի, մեր սքանչելի հայրապետը, կը գոչէ իր շարականներէն մէկուն մէջ, որ ուղղուած է Սուրբ Հոգիին. Որ մարգարէս տաս ի հովուաց եւ առաքեալս ի ձկնորսաց, այսինքն դուն որ մարգարէներ կը յարուցանես հովիւներուն մէջէն եւ առաքեալներ կ՜ընես ձկանորսներէն։
Աստուծոյ որոշումները մեզի համար անհասկնալի խորհուրդներ են։ Որով մենք կը մտածենք մարդկային կերպով, մինչդեռ Աստուած կը ծրագրէ եւ կը գործէ ուրիշ ճամբով։ Դաւիթ որ աննշան գիւղի մը մէջ պարզ հովիւ մըն էր, հազիւ տասնչորս տարեկան, երբ Աստուած ներշնչեց Սամուէլ Մարգարէին որ երթայ եւ զինք օծէ որպէս թագաւոր Իսրայէլի եւ մարգարէ իր խօսքին։
Այսօր Յիսուս կ՛ընտրէ Պետրոսը, Անդրէասը, Յակոբը եւ Յովհաննէսը, որոնք Գալիլիոյ լճակին եզերքը ձկնորսութեամբ զբաղած էին. Իրենց կ՛ըսէ. Դուք մինչեւ հիմա ձուկ կ՛որսայիք, իսկ հիմա ձեզի պիտի սորվեցնեմ մարդ որսալ իմ արքայութեանս համար։ Ինչպէս կարելի է այսպիսի հոգեփոխութիւն մը կատարել. այդ միայն հնարաւոր կ՛ըլլայ Սուրբ Հոգւոյն ուժովը. Յիսուս ծրագրած էր արդէն որ այդ ուժը, Սուրբ Հոգին պիտի ուղարկէ առաքեալներուն վրայ իր յարութենէն ետք։ Այն ատեն միայն առաքեալները իրազեկ պիտի ըլլային իրենց սրբազան պաշտօնին։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2018, 08:00