Որոնել

Սուրբ Շարպել Սուրբ Շարպել 

Լիբանանի «Համմանա»ի բարձունքներուն վրայ պիտի տեղադրուի Սուրբ Շարպելի արձանը

Սուրբ Շարպել Լիբանանին մէջ դարձեալ կը մեծարուի իր 16 մեթր բարձրութեամբ արձանին տեղադրումով՝ լիբանանին բարձունքներուն վրայ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

16 մեթր բարձրութիւն ունեցող Սուրբ Շարպելը պատկերացնող արձան մը յառաջիկայ օրերուն պիտի տեղադրուի Համմանա գիւղի բարձունքներուն վրայ ՝տիրապետելով շրջակայ շրջաններուն վրայ, ու տեսանելի պիտի ըլլայ նաեւ Պէյրութ մայրաքաղաքի բնակիչներուն: Այս մասին յայտնած է Ֆիտես լրատու գործակալութիւնը:

Արձանի տեղադրման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 22 յուլիսին, նախագահութեամբ Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:

Ֆիտես լրատու գործակալութեան համաձայն, Սուրբ Շարպելի յիշեալ արձանին փոխադրութեան գործողութիւնը, մեծ հետաքրքրութիւն արթնցուցած է շրջանին ժողովուրդին մէջ՝ արձանի հսկայ ըլլալուն համար, որուն քանդակագործութեան աշխատանքը տեւած է հինգ ամիս՝՝ մասնագէտ արուեստագէներուն կողմէ:

Քանդակագործութեան աշխատանքի ծախսերը հովանաւորած է ճարտարապետ Շարլ Պերմաքին մինչ՝ Համմանա քաղաքապետարանը տրամադրած է հողի տարածքը, որուն վրայ պիտի տեղադրուի Սուրբին հսկայ արձանը:

Յայտնենք, թէ Լիբանանցի ժողովուրդին շատ սիրելի Սուրբ Շարպելը եղած է անդամ Մարոնի միաբանութեան, ան մեծ համբաւ ունի իրեն վերագրուած բազմաթիւ բուժումի հրաշքներուն հետեւանքով եւ սուրբ հռչակուած է 1977-ին , Պօղոս Զ Պապին օրով:

2017-ին ամառը, 27 մեթր բարձութեամբ աւելի մեծ Սուրբ Շարպելի արձանը մը եւս տեղադրուած է Քէսրուան շրջանի լերան մը վրայ, մինչ այլ արձան մը նուիրուած ֆրանչիսկոս Պապին, միջին արեւելքին մէջ առաջին անգամուան համար տեղադրուած է Լիբանանի Հատատ շրջանին մէջ :

Ֆիտես լրատու գործակալութեան աղբիւրներուն համաձայն, միջին արեւեքին մէջ Սուրբերու արձաններուն եւ պատկերներու տեղադրման բազմապատկումը՝ տեղադրուած հանրային զանազան վայրերուն մէջ՝ եւ տեսանելի բոլորին, կ՝ուզէ քաջալերանքի նշան հանդիսանալ տեղական քրիստոնեաներուն, որպէսզի անոնք երբեք չի դադրին բացայայտօրէն արտայայտելէ եւ ցուցաբերելէ իրենց յատուկ ինքնութիւնը, շարունակելով նպաստել՝ զանազան կրօնային հասարակութիւններուն հետ՝ համակեցութեան գործընթացին, որպէս հորիզոն ունենալով հասարակաց քաղաքացիութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2018, 10:01