Հայր Փաօլօ Տալլլ'Օլիօ Հայր Փաօլօ Տալլլ'Օլիօ 

Հայր Փաոլօ ՏալլʼՕլիոյի առեւանգման հինգերորդ տարին

Հայր Փաոլօ Սուրիան ըրած էր իր կոչումը, կոչում՝ երկխօսութեան։

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան 

2013ի յուլիսի 29ին, Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին մէջ առեւանգուած էր Յիսուսեան կրօնաւոր Հայր Փաոլօ ՏալլʼՕլիօ, որ իր կեանքին մեծ մասը անցուցած էր Սուրիոյ ժողովուրդի կողքին, աշխատելով հաշտութեան ի նպաստ, ձգելով կամուրջներ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, եւ բանալով Մար Մուսա ասորի-կաթողիկէ վանքին դռները, որուն կրկին կեանք տուած էր ան 1982ին։
Ողբերգական դէպքէն հինգ տարիներ անց, Հայր Փաոլոյին ընտանիքը արտայայտուած է, թէ այս վերջին տարիները իրենց համար եղած են լի վիշտով, սակայն միշտ իրենք զիրենք զգացած են Սուրիոյ ժողովուրդին մօտիկ։
Հայր Փաոլոյի քոյրերը՝ Ֆրանչեսքա, Իմմաքոլաթա եւ Աննա Մարիա, ինչպէս հոգեւորականին միւս քոյրերն ու եղբայրները, չեն դադրած յոյս սերմանելէ։ Հակառակ իրենց եղբօր բացակայութեան պատճառած վշտին, անոնք շարունակած են հաւատալ առեւանգեալի վերադարձին։
2012ին, Սուրիոյ պետութիւնը չէր նորոգած Հ. Փաոլոյի կեցութեան հրամանը։ Երբ ան սակայն 2013ին կը վերադառնար Սուրիայ, գիտակից էր, թէ պատերազմական վիճակը ինչ վտանգ կը սպառնար։
Ընտանիքին համար վերջին հինգ տարիները եղած են ծանր։ Հայր Փաոլոյի քոյրը, Ֆրանչեսքա, ըսած է, թէ «մեր եղբայրը Սուրիան ըրած էր իր կոչումը, կոչում՝ երկխօսութեան։ Այս հանգամանքն է, որ մեզի կʼօգնէ յառաջ ընդանալու։ Իմ մայրս կը սպասէ իր զաւակի վերադարձին – շարունակած է Ֆրանչեսքա – ան առիթն ունեցած է յօդուած մը գրելու ժողովրդապետական տեղեկատուին մէջ, ուր կը յիշեցնէր Հ. Փաոլոյի Լիբանան կատարած 1977ի ճամբորդութիւնը, երբ ան դեռ նորընծայ էր։ Ան ըսած էր՝ ʼկʼերթամ արաբանալուʼ։ Իմ մայրս գրած էր՝ ʼայս է, որ մեզի ոյժ կու տայ՝ որ զայն վերագտնելու սպասումին մէջ միշտ յոյսով մնանքʼ։ Կը յուսանք որ այս պատգամը հասնի Հայր Փաոլոյի, ուր որ ալ ան գտնուի հիմա։»։
Հայր Փաոլոյի քոյրը, Իմմաքոլաթա, կը յիշեցնէ թէ Ֆրանչիսկոս Պապ կրօնաւորին առեւանգումէն երկու տարի անց, կոչ ուղղած էր անոր եւ առեւանգեալ երկու Ասորի Ուղղափառ եպիսկոպոսներու ազատագրումին։ Մինչ Ֆրանչեսքա կʼաւելցնէ, թէ Սուրիոյ «հակամարտութիւնը նաեւ քրիստոնեայ աշխարհի մէջ յառաջացուցած է պառակտում. այսօր հարկաւոր է գերազանցել գոյացած դիրքորոշումները՝ հաստատել կարենալու համար միութիւնը Սուրիոյ մէջ, սուրիական նոր ազգայնութեան մը ի նպաստ»։
Հռոմի մօտ գտնուող Քորիի մէջ, 2002 թուականէն սկսեալ կը գործէ Սան Սալւաթորէ վանքը, որ Մար Մուսա վանական հասարակութեան իտալական նստավայրն է, ուր աշատանք կը տարուի Հայր Փաոլոյի տուած ցուցմունքներով՝ քրիստոնեաներու եւ իսլամներու երկխօսութեան ի խնդիր։ Այս կիրակի, յուլիսի 29ին, երբ կը բոլորի Հայր Փաոլոյի առեւանգման հինգերորդ տարին, վանական հասարակութիւնը հրաւէր ուղղած է աղօթել անոր համար եւ բոլոր այն անհատներուն համար որոնք առեւանգուած են եւ որոնք զոհ են բռնութեան եւ ատելութեան՝ Սուրիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2018, 11:42