Որոնել

Հայր Ժաք Համելի գերեզմանը Հայր Ժաք Համելի գերեզմանը 

Հայր Ժաք Համելի մարտիրոսութեան երկրորդ տարեդարձը։

«Հեզ, բարի մարդ , եղբայր բոլորին» :

Երկու տարի առաջ այսօրուան պէս (26 Յուլիս) Ֆրանսայի Ռուէն քաղաքի Saint-Etienne-du-Rouvray եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցած ժամանակ մահմետական ծայրայեղ ահաբեկչական խմբակի մաս կազմող երկու երիտասարդներ, բարբարոսաբար սպանեցին հայր Ժաք Համելը։

«Հեզ, բարի մարդ , եղբայր բոլորին», այսպէս որակած էր զայն Ֆրանչիսկոս Պապ, 14 ապրիլ 2016-ին, 86 ամեայ ծերուկ քահանային հոգւոյն համար Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ՝ ներկայութեամբ հանգուցեալ մարտիրոսին հարազատներուն եւ Ֆրանսայէն ժամանած ուխտաւորներուն, որոնց ընկերացած էր անոնց հոգեւոր առաջնորդը՝ Գերապայծառ Տոմինիք Լեպրունին:

Հայր Համելի մահուան երկրորդ տարեդարձին առիթով՝ 26 յուլիսին, տեղի կ՝ունենան հոգեւոր եւ ազգային զանազան հանդիսութիւններ, որոնց շարքին, հանգուցեալին թեմին մէջ տեղի կ՝ունենայ «Եղբայրութեան եւ խաղաղութեան ի սպաս հանրապետական հանդիսաւորութիւն» բնաբանով ձեռնարկ, ներկայութեամբ Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարուհի՝ Տիկին Ժաքլին Կուրոլդի, ինչպէս նաեւ տեղի կ՝ունենայ կրօնային բնոյթ ունեցող հոգեպարար ձեռնակներ՝ վարդարանի աղօթք, լռելեան քայլարշաւ ապա սուրբ պատարագ զոր կը մատուցանէ Եպրոն Արքեպիսկոպոսը՝ երեկոյեան ժամը 7,00-ին, ճիշդ այն ժամուն երբ սպաննուեցաւ Հայր Համելը:

Նշենք թէ, 13 ապրիլ 2017-ին ընթացք առաւ Հայր Համելի երանացման եկեղեցական գործընթացը, շնորհիւ քահանայապետական յատուկ արտօնագիրի մը, որ կը թոյլատրէ չսպասել անհրաժեշտ հինգ տարիները՝ սկսելու համար երանացման գործընթացը:

 

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2018, 11:29