Սիրտ Յիսուսի արձանը Սիրտ Յիսուսի արձանը 

Քրիստոնեայ հաւատքի մեծագոյն առաքինութիւնը՝ եղբայրսիրութիւնը:

Քրիստոնէական հաւատքի ուժն ու բնորոշիչ տարրն է եղբայրսիրութիւնը:

Քրիստոսի  մեր Տիրոջ միակ պատուիրանը, որ կը կարդանք Աւետարանին մէջ սիրոյ պատուիրանն է: Տէր իր քարոզչութեան ու կեանքի առանցքն ու կեդրոնը դարձուցած էր եղբայրսիրութեան գաղափարը: 

«Զիրար սիրեցէ՛ք» այս կորովալի շեշտով խօսքը կարելի է համարել աղբոյրն ու նշանաբանը, կարելի է համարել եւ անոր վրայ հիմնել մեր քրիստոնէական կեանքի ծրագիրներն ու ճանապարհի նախագիծերը:

Քրիստոնէական հաւատքի ուժն ու բնորոշիչ տարրն է եղբայրսիրութիւնը: Այլ խօսքով ան, Քրիստոնեան որ եղբայրսիրութիւն չապրիր ինքնիրեն կամովին բաժնած կ'ըլլայ Յիսուսի խորհրդաւոր մարմինէն, այսինքն եկեղեցիէն: Այս գերբնական կապը որ համայն հաւատացեալները կը կապէ իրարու եւ նաեւ Տիրոջ հետ, պայմանն է հոգեւոր այդ միութեան, որ կայ հաւատացեալներուն միջեւ,  եւ որ եկեղեցին գործնականապէս կ'ապրի հաղորդութեան խորհուրդով:

Քրիստոնեայ հաւատքի մեծագոյն եւ դժուարագոյն առաքինութիւններէն մին է եղբայրսիրութիւնը: Մեծագոյն, որովհետեւ զայն կատարեալօրէն ապրեցաւ մեզի օրինակ տալով մեր Տէրը Յիսուս: Դժուարագոյն, որովհետեւ զայն պէտք եղածին պէս ապրելու համար աննախընթաց եւ գերազանց մարդկային վսեմ հոգի պէտք է: Ուստի ամեն մարդ արարած կամ ամէն քրիստոնեայ անհատ կարողութիւնը չունի ապրելու այս պատուիրանը:

Բնական է, որ սէրէ ստեղծուած արարածը առաջին հերթին յատուկօրէն կանչուած ըլլայ ապրելու այդ սէրը կամ եղբայրսիրութիւնը: Մարդ արարածը սէրն ապրելով կ'իրականացնէ այդ պատկերը որուն համաձայն ինք ստեղծուած է: Աստուած Սէր է եւ մարդս ստեղծած է ըստ Իր պատկերին, ուստի նուազագոյն բանն է, որ կը խնդրուի քրիստոնեայէն եւ մարդէն ապրիլ այդ սէրը բառին բուն իմաստով:

Աստուած միայն սէր չէ այլ կեանք պարգեւող սէր է, որ մեզի մարդկանց ու մանաւանդ քրիստոնեաներուս տուաւ սէր պարգեւող կեանք: Մեր կեանքը իր իմաստը կը ստանայ այնքան որ մարդս կ'ապրի եղբայրասիրութեամբ: Եղբայրասէր ըլլալու համար նախ պէտք է մարդ ըլլալ իսկ կատարեալ մարդ ըլլալու կամ աւելի ճիշդը իսկական քրիստոնեայ ըլլալու համար պէտք է եղբայրասէր ըլլալ:

Ահա թէ ինչու Յովհաննէս առաքեալը իր աւետարանին եւ երեք նամակներուն մէջ կը շեշտէ սիրոյ գաղափարին վրայ: Ան շօշափելիօրէն ապրեցաւ սիրոյ եւ եղբայրսիրութեան գագաթնակէտը Յիսուսի երկրային կեանքին ընթացքին:

Վերջապէս կրնանք համառօտել քրիստոնէական առաքինութիւնները եղբայրսիրութեան եզրին մէջ: Ի զուր չէր, որ Ս. Պօղոսը կ'ըսէ թէ նոյնիսկ եթէ հրեշտակներու լեզուն խօսիմ կամ լեռներ փոխադրեմ եւ սէր չունենամ ոչինչ եմ:

Պատրաստեց Հայր Գէորգ Եպս Աստատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2018, 10:17