Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Մարդիկ կրնան խաբուիլ, սակայն Աստուծոյ հետ մեր բարեկամութիւնը յստակութիւն կը պահանջէ:

Կա՛մ Հետը, Կամ՝ Հակառակը

Ճարպիկութիւն եւ լարախաղացութիւն տեղ մը իրարմէ փոքր նրբութեամբ տարբերութիւն մը պէտք է ունենան: Դաստիարակ ուսուցիչներն անգամ ճարպիկ աշակերտները կը գնահատեն, անոնց մէջ միշտ տեսնելով յառաջդիմութեան ձգտում, ուշիմութիւն, ընդառաջում, եւ արագաշարժութիւն: Հակառակ այս իրողութեան, ճարպիկութիւնը միշտ ժխտական ներկայացուած է, որովհետեւ իր տեղին չէ՛ գործածուած այս բառը, եւ ընդհանրապէս մարդոց մտքին մէջ շփոթուած եղած է լարախաղացութեան հետ:

Վերջին այս բառը թէեւ կրկէսային ելոյթներու ընթացքին ամուր ձգուած մետաղեայ պարանի մը վրայ իր հաւասարակշռութիւնը պահելով երթուդարձ ընող մարզուած անձի մը ներկայացուցած արուեստին անունն է, սակայն միաժամանակ մեր լեզուին մէջ նկարագրային որոշ գիծ մը խորհրդանշելու իմաստով եւս կը գործածուի: Անիկա կը տրուի իբրեւ ածական այնպիսի մարդոց, որոնք սեփական շահու հետապնդումով, լարախաղացի մը պէս աջ ու ձախ կը տատանին միեւնոյն պարանին վրայ, ջանալով թէ՛ աջ եւ թէ ձախ կողմին «համամտութիւնը ստանալ», անցնելու համար միւս կողմը՝ իրենց նպատակին, որ անպայման իրենց շահը պիտի ըլլայ միաժամանակ:
Բայց ի՞նչ է տարբերութիւնը այս երկուքին: Ճարպիկութիւնը յաջողութեան բանալին նկատուած է, եւ դրականօրէն ըմբռնուած՝ այնքան ատեն որ ուրիշին վնաս չի հասցըներ: Նոյնպէս ալ լարախաղացութեամբ, մարդ կրնայ իր նպատակին հասնիլ՝ յաջողութիւններ ձեռք ձգել, շահեր ապահովել, կեանքի որոշ մակարդակ մը նուաճել, մէկ խօսքով իրագործումներ կատարել: Սակայն, ճարպիկութեան բնատուր կարողութեամբ դէպի յաջողութեան ձգտումէն տարբեր, լարախաղացութիւնը անսկզբունք յառաջդիմութիւն մըն է, որուն առաջին ու հիմնական թերութիւնը, միջոցներու եւ անձերու միջեւ խտրութիւն չի դնելու անխոհեմութիւնն է:
Ճարպիկ մարդը մինչ հաշուի կ՛առնէ իր բարեկամութիւնները եւ ըստ այնմ կը տնօրինէ իր ծրագիրներն ու աշխատանքները, լարախաղացը ընդհակառակն, ամէն բարեկամութիւն մէկդի դրած, բոլորի վրայ կը խնդայ, նպատակադրած ըլլալով ի՛ր սեփական շահը ձեռք ձգել, որ գերիվեր կը նկատէ փոխ-յարաբերական կեանքի ամէ՛ն տեսակ օրէնքէ ու ընդունուած կանոնէ: Ճարպիկութեան սահմանները յստակ են ու ընդհանրապէս բարենպատակ: Անոր մէջ կայ երբեմն սրամտութիւն, արագաշարժութիւն ու հաճոյք: Մինչ լարախաղացին ամէն քայլափոխին հետ՝ առաւել տատամսում, երկչոտութիւն ու մանաւանդ նենգամտութիւն:
Փոխյարաբերական կեանքի մէջ մարդոց նկատմամբ արտօնելի է զանազան մօտեցումներ որդեգրել: Սակայն կրօնական առումով, մարդ-Աստուած յարաբերութեան պարագային կարմիր գիծեր կան, որոնք կարելի չէ խաչաձեւել ու անցնիլ: Այսպէս, Յիսուսի հետ բարեկամութիւնը լարախաղացութեամբ կարելի չէ իրագործել: Մարդիկ կրնան խաբուիլ, սակայն Աստուծոյ հետ մեր բարեկամութիւնը յստակութիւն կը պահանջէ: Կա՛մ Աստուծոյ հետ ես, կամ՝ հակառակը: Չե՛ս կրնար միաժամանակ Իր հետ ըլլալ եւ չըլլալ:
Աստուծոյ ծանօթ են մարդկային խաղերը: Ամէնէն անհեթեթը այն է, որ մարդոց երեսին իրենց խօսած սուտերը, անոնք նաեւ Աստուծոյ կը խօսին, Անոր լռութիւնը շահագործելով, եւ իրենց նպաստաւոր կացութիւնը իբրեւ ճշմարիտ պարագայ Աստուծոյ ներկայացնելով:
Ճարպիկ, սակայն հաստատակամ հետեւորդներ կը փնտռէ Յիսուս: Այդպէս եթէ չըլլային իր աշակերտները, Քրիստոնէութիւնը այսօրուան իր նուաճումները արձանագրած չէր ըլլար: Տասներկուքէն մէկը միայն ճարպիկութեան սահմանը անցաւ ու լարախաղաց դառնալով տուժեց՝ Յուդան: Իր Վարդապետին բարեկամութիւնը վաճառեց, կարծելով որ զԱյն մատնելով հանդերձ, պիտի կարենայ տակաւին շարունակել իր բարեկամութիւնը Անոր հետ: Կեղծ համբոյրը ատոր նշանն էր: Սակայն սխալեցաւ: Յիսուսի հետ բարեկամութիւնը մէկ ուղղութիւն կ՛ենթադրէ. կա՛մ Իր հետը, կամ՝ Իրեն հակառակը:
Յիսուսի վարդապետութեան մէջ եւս կը հանդիպինք ճիշդ այս գաղափարին, երբ կ՛ըսէ թէ մարդ չի՛ կրնար երկու տէրերու ծառայել, կա՛մ մէկը պիտի սիրէ ու միւսը ատէ, կամ մէկը պիտի մեծարէ ու միւսը արհամարհէ (Հմմտ Մտ 6.24):
Հիմա որոշէ՛ թէ Յիսուսի հե՞տ ես, թէ Անոր հակառակ: Մէջտեղը տեղ մը չե՛ս կրնար ըլլալ: Լարախաղացութիւնը այստեղ արժէք չունի:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2018, 09:46