Որոնել

Նորապսակեալ զոյգ մը Նորապսակեալ զոյգ մը  

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Եկեղեցին ամուսնական դաշինքին համար կը գործածէ «ուխտ» բառը, որ սովորական բառ մը չէ, եթէ իր խորքային իմաստով ըմբռնուի:

Երեք Տուն Ունեցի՛ր

Բնական պայմաններու մէջ ամուսնացող զոյգի մը առաջին ու վերջին երազը ու նպատակը, երջանիկ տուն դառնալն է, ընտանիք կազմելն է: Այստեղ նշուած «Բնական պայմանները» կը վերաբերին աւանդական հասկացողութեամբ կնքուող ամուսնութիւններուն, եւ ոչ թէ ներկայ ժամանակներու յատուկ «աշխատանքային» դաշինքներով կնքուող տեսակներուն, երբ ընկերութեան մը հետ պայմանագրութիւն կնքելու նման, երբեմն «թատերական» ամուսնութիւններ կը կնքուին:
Եկեղեցին ամուսնական դաշինքին համար կը գործածէ «ուխտ» բառը, որ սովորական բառ մը չէ, եթէ իր խորքային իմաստով ըմբռնուի: Եւ ուխտ մը, որ մարդոց դիմաց կատարուելէ բացի, նաեւ Աստուծոյ խորհրդաւոր ներկայութեան կը կատարուի:
Փնտռուած երջանկութիւնը, բնականաբար, այնքան ալ աժան գինով չի՛ «վաճառուիր» եւ ունի իր զոհողութեանց աստիճանաչափերը: Այս կալուածէն ներս մեծ փորձառութիւն շալկած բարեկամ մը կ՛ըսէր, թէ երջանիկ տունի մը պատերը կը բարձրանան միայն համբերութեան աղիւսներով…:
Երջանկութիւնը տան մէջ պահելու համար, քրիստոնէութիւնը կը յանձնարարէ երեք տուներ ունենալ, երեքին ալ սեփականատէրը ըլլալով միաժամանակ: Առաջին տունը, բնականաբար այն վայրն է, ուր կը գիշերենք, որուն համար կը տքնինք տիւ ու գիշեր, որուն երդիքը կը ծածկենք ամէն տեսակ անձրեւներու եւ փոշիներու դիմաց, որուն օճախը միշտ վառ կ՛ուզենք պահել, իսկ շունչը՝ ջերմ: Տուն մը, որ մեր կեանքի ժամանակին մեծ մասը կը խլէ մեզմէ, եւ որուն նկատմամբ մեր կատարած զոհողութիւններն ու նուիրաբերումը, գնահատանքի արժանանալու ակնկալութեամբ չենք կատարեր:
Երկրորդ տունին համար, թերեւս ոմանք մտածեն, թէ պէտք է ըլլայ գիւղի տուն մը, ուր անցընենք ամրան եղանակը, հանգստանալու համար քաղաքի տօթէն ու խճողումէն: Սա եւս առաջին տունին մաս կը կազմէ: Սակայն երկրորդ տունը, զոր քրիստոնէութիւնը մեզի կ՛ուսուցանէ ունենալ՝ Եկեղեցին է: Եկեղեցւոյ նկատմամբ նախանձախնդրութիւնը, մեզ տանտէրը կը դարձնէ անոր, ու այս երկրորդ տան դրան բանալիները կը դնէ մեր գրպանը: Բայց զգո՜յշ: Այս տան նկատմամբ նախանձախնդրութիւն քարոզող մարդոց շա՜տ կարելի է հանդիպիլ: Անոնցմէ շատեր սակայն կեղծաւորներ են: Անոնք յաճախ եկեղեցւոյ ճամբէն չքալած ու անոր դրան ո՞ւր ըլլալը չգիտցող շատախօս «բարեկարգիչներ» են: Եկեղեցւոյ ո՛չ առաքելութեան, ոչ ալ կատարած աշխատանքին հաւատացող ըլլալով՝ անոնք կեղծուպատիր աղաղակներով Քրիստոսի գալուստը կը շեփորեն, իբրեւ թէ՝ այդպիսով ազատագրելու համար եկեղեցին սնանկութենէ: Քննադատութիւնն է անոնց այս «բարեկարգչական» արարքին առիթ ընծայող ձախող մօտեցումը: Նոյն բծախնդրութեամբ, եւ զՔրիստոս դարձեալ աշխարհ հրաւիրելու կոչականներով, պէտք է առաջին հերթին զԱյն իրենց սրտերուն մէջ առնեն, մաքրելու համար իրենց ներսիդին, եւ ապա յարդարելու Անոր հիմնած եկեղեցին:
Երրորդ տունը, որ Քրիստոնէական հաւատքը մեզի համար կը կառուցէ, եւ որուն սեփականատէրը ըլլալու կոչուած է իւրաքանչիւր հաւատացեալ, երկինքի մեր բնակարանն է, Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ: Այս հաւատքը ունեցող մարդը, երկրի վրայ իր տունը կառուցած միջոցին, եւ իր երկրորդ տան՝ եկեղեցւոյ մէջ գտնուած պահուն, կը ծրագրէ, կը կառուցէ, ու մինչեւ իսկ զարդարանքները կը զետեղէ իր երկնային բնակարանին: Նիւթեղէն կառոյցները իրենց ճակատագիրը պիտի ընդունին ուշ կամ կանուխ, սակայն երրորդ տեսակի այս տունը, որուն սեփականատէրը ըլլալ կը նշանակէ երկնաւոր Թագաւորին ժառանգութիւնը կտակել, փճացում չունենար, այլ հոգեղէն տաճարի իր անմահական սիւնաշարքերով, ամուր կը բռնէ յաւիտենական մեր կեանքի երդիքը, ժառանագակից դարձնելով մեզ Աստուծոյ բոլոր սուրբերուն:
Այս երրորդ տեսակի տան պատերը եւս համբերութեան աղիւսներով կը բարձրանան: Տուն մը որուն պատը ծակելով գողեր չեն կրնար ներս մտնել ու գողնալ, (Հմմտ Մտ 6.19-20), որովհետեւ անոր դուռը խաղաղութեան բանալիով կը բացուի, անոր կահկարասիները արդարութեամբ շահուած են, իսկ անոր փայլուն լուսամուտներէն, միայն առաքինութեանց բերած երջանկութեան ճառագայթները կ՛արեւեն դէպի ներս:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2018, 10:37