Յիսուսի մկրտութիւնը Յիսուսի մկրտութիւնը 

Մարդու Որդին Տէրն է նաեւ շաբաթին: (Մատթ 12, 1-8)

Եթէ գիտնայիք ինչ հը նշանակէ «ողորմութիւն կուզեմ եւ ոչ թէ զոհ» այն ատեն անմեղները չէիք դատապարտեր:

Շաբաթ օր մը Յիսուս ցորենի արտերուն մէջէն կանցնէր իր աշակերտները անօթեցած ըլլալով սկսան հասկ փրձնել եւ ուտել:
Այս տեսնելով փարիսեցիները ըսին Յիսուսին «տէ՛ս աշակերտներդ ինչ կընեն, բան մը որ արտօնուած չէ շաբաթ օրը ընել»:
Յիսուս պատասխանեց ըսելով «չէք կարդացած թէ ինչ ըրաւ Դաւիթ երբ անօթեցաւ ինքը եւ իր հետինները, ինչպէս մտաւ Աստուծոյ տունը եւ կերաւ Առաջաւորութեան հացը որ արտօնուած չէր ուտել ոչ իրեն եւ ոչ ալ իր հետեւորթներուն, այլ միայն քահանաներուն: Եւ կամ չէք կարդացած օրէնքին մէջ թէ շաբաթ օրը քահանաները շաբաթ օրը կը պղծեն եւ անմեղ են: Բայց ես կըսեմ ձեզի թէ հոս տաճարէն աւելի մեծը կայ: Եթէ գիտնայիք ինչ հը նշանակէ «ողորմութիւն կուզեմ եւ ոչ թէ զոհ» այն ատեն անմեղները չէիք դատապարտեր: Ստոյք, մարդու որդին շաբաթին ալ տէրն է»: Աստուած ամենակարող կը պաշտենք քեզ օրհնեալ տաճարիդ մէջ, ստեղծագործութեանդ եւ եկեղեցիիդ ամէն մեր ընտանիքներ եւ մեր կեանքը օր մը քու արքայութեանդ մէջ հազարէն աւելի կարժէ: Կը նախընտրեմ քու տանդ սեմին կենալ քան թէ ապրիլ անհաւտներուն մէջ: (սաղմոս 83)
Տէր Յիսուս Քրիստոս տու՛ր, որ քեզ ճանչնանք եկեղեցւոյ մէջ քու մարդկային դէմքիդ եւ քեզ պաշտենք քու Աստուածութեամբդ:
Փարիսեցիները կարծես կը լրտեսէին Յիսուսին վրայ: Մղուած լաւի եւ գեշի իրենց սխալ եւ մութ գիտակցութենէն: Հարց տալով մենք մեզի չաստուածներու նման կենաց գրքին մէջ յիշուած սուտ խոստումին: Օրէնքին մասին իրենց ունեցած գիտակցութիւնը սխալ է որովհետեւ իրենք շեղած են իր հեղինակէն: Աստուծոյ տեղ իրենք զիրենք դատաւոր կարգելով քանդեցին օրէնքին հոգին այսինքն (Սէրը), անկէ վերցնելով կենսատու նկարագիրը, փոխարինելով զայն մահ սփռող որոշումներ:

Փարիսեցիները չեն հասկցած օրէնքին շարժուն սկզբունքը հաւատքին եւ հոգիին, գիտնալու համար Աստուծոյ կամքը, որ այժմ կարտայայտուի ինչպէս նաեւ ամէնակալին սաստումները:
Իրենք զիրենք խելացի դասելով բառացի ընթերցում մը ունին եւ տեսնելով Յիսուսը իրեն կը մօտենան, որովհետեւ լեցուած է յաւիտենական գիտակցութեամբ եւ սիրով որ բացակայ էր անոնցմէ:
Արդեօք չե՞նք կրնար դաս մը քաղել այս մեր կեանքին համար:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2018, 08:00