Լիթուանիոյ մէջ Տիրամօր նուիրուած տաճարին աւագ խորանը Լիթուանիոյ մէջ Տիրամօր նուիրուած տաճարին աւագ խորանը 

Տօն Տապանակի

Վարդավառի Տօնին նախորդող օրը, շաբաթ օր, կը կատարենք Տապանակի տօնը։ Այս օրը նաեւ Նաւակատիք է։

Հայ Եկեղեցին ունի զանազան տօներ նուիրուած Եկեղեցւոյ։ Այդ տօներն են՝ Կաթողիկէ Էջմիածնի եւ Շողակաթի տօները, կապուած Էջմիածնի Տաճարին, ապա եւ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ նուիրուած տօները, ինչպէս՝ Նոր Կիրակի, Աշխարհամատրան Կիրակի, յիշատակ հնոյ Տապանակին եւ տօն նորոյս Եկեղեցւոյ, եւ Խաչվերացի յաջորդող Եկեղեցւոյ տօներ։
Վարդավառի Տօնին նախորդող օրը, շաբաթ օր, կը կատարենք Տապանակի տօնը։ Այս օրը նաեւ Նաւակատիք է։ Նաւակատիքը կը նշէ շաբաթապահքի մը աւարտը։ Այդ օր Սուրբ Պատարագէն ետք կը մեղմանայ պահքը, ուր կարելի է ճաշակել ձկնեղէն եւ կաթնեղէն։ Նաւակատիքը նաեւ եկեղեցւոյ մը կամ տաճարի մը շինարարութեան աւարտին կատարուած հանդիսութիւնն է։ Մասնաւոր տաճարի մը Նաւակատիքը այդ տաճարի կառուցման տարեդարձի յիշատակութիւնն է։
«Յիշատակ հնոյ Տապանակի եւ տօն նորոյս սուրբ Եկեղեցւոյ» տօնը ըստ աւանդութեան Երուսաղէմի Եկեղեցիէն կու գայ, ուր հրէութենէ քրիստոնէութեան դարձած հաւատացեալներ կը կատարէին Մովսէսի Տապանակին յիշատակը։ Աւելի ուշ այդ յիշատակը կատարուեցաւ իբր Եկեղեցւոյ տօն, որովհետեւ Մովսէսի Տապանակը կը նկատրուէր նախատիպ Նոր Եկեղեցւոյ, Քրիստոսի Եկեղեցւոյ։ Այս տօնին համար ունինք յատուկ շարականներ, որոնք կը վերագրուին Յովհաննէս Մանդակունիին։
Այստեղ չենք կրնար մանրամասնօրէն անդրադառնալ Հին Ուխտի Տապանակին, ուր կը պահուէին պատուիրաններու տախտակները եւ մանանան։ Հին Կտակարանի մէջ Տապանակը կʼընկերանար Իսրայէլի ժողովուրդին, կը խորհրդանշէր Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ կառաջնորդէր զանոնք դէպի յաղթանակներ։ Քրիստոսով կը հիմնուի Նոր Ուխտը, Քրիստոս հիմը կը դնէ Նոր Եկեղեցւոյ, որ ինքնին Քրիստոսի խորհրդական մարմինն է։ Այս տօնին առիթով մեր շարականները գեղեցիկ կերպով կը ներկայացնեն Տօնին խորհուրդը՝ համեմատութեան մէջ դնելով Հին Ուխտի Տապանակը եւ Քրիստոսի Եկեղեցին։
«Իմաստութիւն Հօր, դուն սկիզբէն իմաստութեամբ հաստատեցիր Եկեղեցին, զոր Մովսէս նախանկար տեսութեամբ նշանակեց երկնանման խորանով՝ Սինա լերան վրայ, լուսաւորուած Աստուծոյ փառքով։ Սուրբ Կոյսէն քու անապական մարդեղութեան խորհուրդը տպաւորեց աստուածային ուխտի կտակարաններուն տապանակը՝ որպէս հանգստավայր Աստուծոյ Բանիդ՝ անեղիդ փառքին։ Մեր բնութեան վերադարձը դէպի կեանք՝ օրինակեցիր Յորդանանի դարձով եւ մահուան ու դժողքի բռնութեան կործանումը՝ Երիքովի կործանումով, տապանակի միջոցաւ, խորհրդանիշ՝ նոր Իսրայէլի մէջ հրաշագործ խաչին. Տէր, մանկունք քեզ օրհնութիւն պիտի երգեն։»
Այստեղ յիշուած Յորդանանի ջուրերուն ետ դարձը, Հին Կտակարանի այն դրուագն է, ուր Յեսուի առաջնորդութեամբ իսրայէլի ժողովուրդը կը կտրէ Յորդանան գետը, եւ երբ քահանաները Ուխտի Տապանակով ջուրի մէջ կը դնեն իրենց ոտքերը, գետին ջուրերը կը կանգնին (Յեսու Գ.)։ Իսկ Երիքով քաղաքի գրաւումը կը կատարուի՝ նոյնպէս Ուխտի Տապանակի օգնութեամբ (Յեսու Զ.)։ Քրիստոնեայ հաւատացեալին համար դարձի եւ յաղթանակի տանողը Նոր Ուխտն է՝ Սուրբ Խաչը, Նոր Ուխտի Տապանակն է՝ Եկեղեցին։
Շարականին մէջ կը յիշուին Եկեղեցւոյ տրուած տիտղոսները՝ «Քաղաք Աստուծոյ, Տաճար անապական, Ապաւինարան, Ժողովարան բանաւոր հօտի, Բնակարան հրեշտակաց, Նաւահանգիստ արդարոց, Մեղաւորաց քաւարան, Վերին Երուսաղէմ, Կոյս սուրբ, Հարսն երկնաւոր Փեսային»։
Եկեղեցին մարդոց կողմէ հնարուած կառոյց մը չէ, ան աստուածային կամքով հաստատուած եւ շնորհազարդուած է։ Շարականին մէջ կʼերգենք՝ թէ «Սուրբ Հոգին աստուածազարդ եւ լուսազգեաց անվախճան փառքով կը պսակէ Եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ մէջ կը ծագի Քրիստոս, արդարութեան արեգակը, որ համագոյակից է Հօր եւ Սուրբ Հոգւոյն. Ան կը լուսաւորէ Եկեղեցին եւ կը փարատէ անգիտութեան խաւարը եւ կը հաստատէ զայն առաքեալներու եւ մարգարէներու հիման վրայ։»
Եկեղցւոյ համար յատկանշանական է, թէ ան հիմնուած է մարգարէներու եւ առաքեալներու վրայ, ինչպէս շարականը կʼերգէ՝ «Առաքեալներու եւ մարգարէներու հաւատքի վէմին վրայ շինեցիր քու սուրբ Եկեղեցիդ, եւ անոր մէջ մարդիկ ձայնակից եղան հրեշտակներուն, փառաւորելով Սուրբ Երրորդութիւնը։»
Մարգարէներու վրայ հիմնուած է Եկեղեցին, որովեհետեւ մարգարէութիւնները իրենց կատարումին կը հասնին Աստուծոյ Որդիին մարդեղութեամբ. շարականը մեզի ցոյց կու տայ այդ խորհուրդը երգելով՝ «Աստուած Բանը եւ յաւիտենական ծածկուած խորհուրդը երկնքէն իջաւ, կոյսէն մարմնացաւ, խաչուեցաւ երկրի վրայ, նոր գերեզմանի մէջ թաղուեցաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ որպէսզի մարգարէներուն գրածները կատարուի։»
 

Պատրաստեց Հայր Ներսէս Սագայեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2018, 11:00