Որոնել

Խորանէ առնուած լուսանկար Խորանէ առնուած լուսանկար 

Եկեղեցական Գիտելիքներ Դ. Շաբաթ Վարդավառէն ետք (30 Յուլիս-5 Օգոստոս)

Շաբաթ օրը՝ տօնն է Եփեսոսի Տիեզերական սուրբ ժողովին մասնակցող 200 հայրապետներուն:

Վարդավառի երրորդ շաբաթը դարձեալ կու գան Հին Կտակարանի սուրբերը շաղուելու քրիստոնեայ սուրբերու հետ։ Ասիկա յատկանիշն է արեւելեան ծէսերու։
Երկուշաբթի օրը, կը տօնենք Եօթը Մակաբայեցի եղբայրները եւ իրենց մայրը` Շամունէ, որոնք նահատակուեցան Քրիստոսէ երկու դար առաջ, Անտիոքոս թագաւորի օրով։ Թէեւ հրէական Սուրբ Գրքի մէջ Մակաբայեցւոց երկու գրքերը գոյութիւն չունին, սակայն հրէական պատմութեան հերոսներէն կը նկատուին այս մարտիրոսները, որոնք, յարգելու համար իրենց օրինական պարտականութիւնները, յանձն առին ամենասաստիկ չարչարանքները եւ տեղի չտուին անօրէն թագաւորին սադրանքներուն. Անոնք մէկիկ մէկիկ, իրարու ետեւէ նահատակուեցան. Իսկ ամենավերջը` կեանքը զոհեց իրենց մայրը, որ նախապէս ջերմօրէն կը յորդորէր իր զաւակները տեղի չտալու բռնաւորին խոստումներուն։ Իրենց հետ նահատակուեցաւ նաեւ Եղիազար իննիսունամեայ քահանան։ Անոնց պատմութիւնը կարելի է կարդալ Սուրբ Գրքի Մակաբայեցւոց երկրորդ գրքին մէջ։
Երեքշաբթի օրը, կը տօնենք Հռոմի Եկեղեցիէն` չորս սրբուհիներ, մայր մը եւ իր երեք աղջիկները. Մօր անունն է Սօփիա – կամ Սօֆիա – որ կը նշանակէ յունարէն լեզուով` իմաստութիւն, իսկ երեք աղջիկներու անուններն են. Պիսդիս, Էլպիս եւ Ագապի, ինչ որ դարձեալ յունարէն լեզուով կը նշանակէ` հաւատք, յոյս եւ սէր։ Անոնք կ՚ապրէին Հռոմի մօտակայ քաղաքի մը մէջ, Ադրիանոս կայսեր օրով` երկրորդ դարուն սկիզբները։ Անտիոքոս անունով հեթանոս իշխան մը ուզեց ամուսնանալ աղջիկներէն մէկուն հետ. Մայրը մերժեց եւ ի վերջոյ ստիպուեցաւ յայտնել ընտանիքին քրիստոնեայ ըլլալը։ երեք աղջիկներն ալ ենթարկուեցան սոսկալի տանջանքներու եւ նահատակուեցան մէկը կիւսին ետեւէն։ Ի վերջոյ մայրն ալ ցաւէն մեռաւ աղջիկներու գերեզմանին վրայ։
Հինգշաբթի տօնն է Սուրբ Քրիստափոր վկային։ Ասիկա այն հսկան է որ կ՚ապրէր Սուրիոյ մէջ եւ պաշտպանն էր արքունիքին։ Երբ տեսաւ թէ իրենց հզօր թագաւորը կը վախնար Սատանայէն, եզրակացուց թէ Սատանան աւելի հզօր է քան թագաւորը եւ որոշեց ծառայել անոր, որով իր փափաքն էր ծառայել աշխարհի հզօրագոյն անձին։ Սակայն տեսաւ թէ սատանան ինքն ալ կը վախնար խաչէն, որոշեց թողուլ զայն եւս եւ ծառայել Քրիստոսի։ Տեսաւ ճգնաւոր մը որ կ՚աղօթէր խաչին առջեւ, անկէ ստացաւ մկրտութիւնը, յետ ուսանելու քրիստոնէական կրօնը։ Ճգնաւորը իրեն պաշտօն տուաւ գետի մէկ ափէն միւսը անցնել ուղեւորները։ Օր մը, մանուկ մը անցուցած ժամանակ` քիչ մնաց որ ընկղմէր. Երբ հասկցաւ որ ան է Քրիստոսը եւ թէ ինք շալկած էր զայն, անունը փոխեց եւ դարձաւ Քրիստափոր, այսինքն Քրիստոսը շալկող։ Ան պաշտպան սուրբն է բոլոր ճամբորդներուն։ Իր հետ կը տօնուին նաեւ Կալինիկէ եւ Ակիւլինէ անունով երկու կիներ, որոնք ղրկուած էին թագաւորին կողմէ զինք մեղքի մէջ ձգելու համար. Սակայն ինք զիրենք դարձի բերաւ եւ հետագային անոնք նահատակուեցան։
Շաբաթ օրը՝ տօնն է Եփեսոսի Տիեզերական սուրբ ժողովին մասնակցող 200 հայրապետներուն, որոնք 431 թուին հաւաքուեցան այդ քաղաքը յայտարարելու համար Մարիամի Աստուածամայր ըլլալը, ընդէմ Նեստորի՝ Կ.Պոլսոյ պատրիարքին, որ մերժելով այդ տիտղոսը տալ Մարիամի, կը զատէր Յիսուսի մէջ Աստուածը` մարդէն, ինչ որ մեծ հերետիկոսութիւն մըն էր նորակազմ Եկեղեցւոյ մէջ։
Կիրակի 5 Օգոստոսը, Դ. Կիրակին զկնի Վարդավառի Բարեկենդան է Ս.Աստուածածնի տօնին։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2018, 09:34