Որոնել

Արամ Ա  դասախօսութիւնը Արամ Ա դասախօսութիւնը 

«Եկեղեցին չի՛ կրնար անտարբեր մնալ ընկերութիւնը յուզող խնդիրներուն նկատմամբ» շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը դասախօսութիւն մը տուաւ շուրջ 40 օտար համալսարանական ուսանողներու

«Եկեղեցին եւ ընկերութիւնը» այժմէական նիւթին շուրջ, հինգշաբթի, 12 յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը դասախօսութիւն մը տուաւ շուրջ 40 օտար համալսարանական ուսանողներու, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի դպրեվանքի սրահին մէջ: Ուսանողները եկած էին Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի զանազան երկիրներէ` մասնակցելու երեք շաբաթներու վրայ տարածուած աստուածաբանական եւ էքիւմենիք կազմաւորման դասընթացքներու:

Դասախօսութեան ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս  յիշեցուց, որ քրիստոնէութիւնը իր էութեամբ ու նպատակով ընկերութենէն հեռու ապրող ու վկայող կրօն մը չէ: Քրիստոս իր առաքելութիւնը իրագործեց ընկերութեան կեանքին մէջ` իր հոգեւոր թագաւորութեան արժէքներով կենսագործելու ընկերութեան կեանքը: Նոր կտակարանի բոլոր դէպքերուն, ուսուցումներուն եւ առակներուն մէջ, ընկերութեան կեանքի երկնային արժէքներով պայծառակերպումը յստակօրէն կը պարզէ Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը: Հետեւաբար, վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ եկեղեցին ներկայ ընկերութիւնը յուզող տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ չի՛ կրնար անտարբեր մնալ: Աստուծոյ որդին իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, այդ ժամանակներու տագնապներուն ու խնդիրներուն նկատմամբ տեսակէտ ու կեցուածք ունեցաւ: Այսօր եւս, Քրիստոսի խորհրդական մարմինը` եկեղեցին, նո՛յնը կոչուած է կատարելու: Եկեղեցին իրաւունք չունի հեռու մնալու ընկերութեան կեանքէն. եկեղեցին իրաւունք չունի որոշ տագնապներ ու խնդիրներ իրը նկատելու, իսկ ուրիշներ` ոչ իրը: Մարդու փրկութիւնը ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ չէ. զայն պէտք է դիտել ու իրագործել մարդկութեան ուղղուած Քրիստոսի առաքելութեան լոյսին տակ:

Այս ընդհանուր ներածականէն ետք վեհափառ հայրապետը իր խօսքի երկրորդ բաժնին մէջ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցւոյ դիմագրաւած խնդիրներուն եւ այդ ծիրին մէջ ընդգծեց եկեղեցին կառոյցէն անդին, իբրեւ ժողովուրդին ուղղուած առաքելութիւն ու ծառայութիւն իրագործելու հրամայականը: Այս հրամայականէն մեկնելով, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ կարգ մը աշխատանքներու, որոնք եկեղեցիները միասնաբար պէտք է կատարեն` իբրեւ անբաժան մասը իրենց քրիստոսատուր վկայութեան:

Դասախօսութեան աւարտին վեհափառ հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:

Յայտնենք, որ դասախօսական հաւաքին սկիզբը սեմինարին տնօրէնը խօսք առնելով իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ վեհափառ հայրապետը ընդառաջած է իրենց փափաքին դասախօսութիւն մը տալու: Ան անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետին հարուստ փորձառութեան` աստուածաբանական եւ միջեկեղեցական բնագաւառներուն մէջ: Յանուն ուսանողութեան նաեւ խօսք առաւ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) անդամներէն` Կարէն Արապկիրլեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին հարստացուցիչ դասախօսութեան համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2018, 08:39