Որոնել

Յիսուսի ս. Սիրտը Յիսուսի ս. Սիրտը 

Յունիս ամիսը Յիսուսի ս. Սրտին նուիրուած ամիս։

Գեղեցիկ ջերմեռանդութիւն մըն է, որը կը յիշեցնէ` մարդկութեան հանդէպ Տիրոջ անհատնում սէրը

Կաթողիկէ Եկեղեցին Յունիս ամիսը նուիրած է Յիսուսի Սուրբ Սրտի պաշտամունքին: Այս գեղեցիկ ջերմեռանդութիւն մըն է, որը կը յիշեցնէ` մարդկութեան հանդէպ Տիրոջ անհատնում սէրը և այդ սիրոյն փոխադարձ սիրով պատասխանելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Տէ՛րն է իմ լոյսս ու կեանքս, որմէ՞ վախնամ ես։ Տէ՛րն է կեանքիս ապաւէնը, որմէ՞ դողամ ես։
Երբ չարե՛ր եկան վրաս, մարմի՛նս ուտելու համար, 
ինծի նեղութիւն տուողնե՛րը եւ իմ թշնամինե՛րս ուժասպառ ե-ղան եւ ինկան։
Եթէ պատերա՛զմ մղուի ինծի դէմ՝` պիտի չվախնա՛յ իմ սիրտս, 
եւ եթէ ճակատամա՛րտ ալ մղուի ինծի հակառակ՝` դարձեա՛լ քու վրադ դրած եմ ես իմ յոյսս, Տէ՛ր։
Մէ՛կ բան խնդրեցի ես Տիրոջմէ, եւ ա՛յդ է աղաչանքս, որ Տիրոջ տա՛ն մէջ բնակիմ՝` 
կեանքիս ամբո՛ղջ տեւողութեան, որ տեսնե՛մ Տիրոջ փառաւորութիւնը, եւ անոր տաճարին մէ՛ջ պատասխանատու ըլլամ ես։
Լսէ՛ Տէր, իմ ձայնիս, քանի որ քեզի՛ կը դիմեմ, ողորմէ՛ ինծի, լսէ՛ զիս։
Որովհետեւ քեզի՛ կը դիմէ իմ սիրտս, քե՛զ փնտռեցին իմ աչքերս 
քո՛ւ տեսքդ փնտռեցին ո՛վ Տէր՝`
մի՛ դարձներ քու երեսդ ինձմէ, եւ բարկանալով՝ մի՛ հեռանար քու ծառայէդ։ 
Օգնակա՛ն եղիր ինծի Տէր, մի՛ լքեր, եւ մի՛ թողուր զիս, Աստուա՛ծ իմ եւ Փրկիչ իմ։
Հայրս եւ մա՛յրս լքեցին զիս, եւ Տէ՛րը ընդունեցաւ զիս։
Օրէնս՛գէտ ըրէ զիս Տէ՛ր քու ճամբաներուդ, քու ուղի՛ղ շաւիղներէդ առաջնորդէ զիս։
Թշնամիներս նկատի առնելով՝` այնպիսիներու ձեռքը մի՛ մատներ զիս, 
որ կը նեղեն զիս։ Մեղաւոր վկաներ ելան ինծի հակառակ, 
եւ սո՛ւտ վկայեցին իրենց անօրէնութեամբ։
Բայց կը հաւատամ, որ Տիրոջ բարիքնե՛րը պիտի տեսնեմ ես ողջերու երկրին մէջ։
Տիրո՛ջ վրա՛յ դիր յոյսդ, քաջութեա՛մբ լեցուէ, թող արիանա՛յ սիրտդ, եւ վստահէ՛ Տիրոջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2018, 10:52