Որոնել

Սուրբ Հոգի Սուրբ Հոգի 

Կիրակի 24 Յունիս 2018 5-րդ Կիրակի Պենտեկոստէի (Մատթէոս 13, 24-30)

Ցորենի եւ որոմի առակը - Մեր ամէնուն մէջ կայ հակումը դէպի չարը եւ բաղձանքը բարիք գործելու։

Աստուած, զոր կը պատկերացնէ սերմանողը, այսօրուայ առակին մէջ, կը ստեղծէ բոլոր մարդիկը հաւասարապէս բարի եւ անմեղ. Սակայն գէշ կրթութիւնը, անբարոյ անձերու վատ օրինակները, չար ընկերներու ազդեցութիւնը կու գան փոխելու մարդուն հոգին, վերցնելով իր մէջէն սկզբնական անմեղութիւնը:

Ունկդրէ խորհրդածութիւնը

Կայ նաեւ ուրիշ մեկնաբանութիւն մը այս առակին, ըստ որուն ամէն մէկ անձի մէջ` գոյութիւն ունի երկուութիւն մը, որ մեր բնութեան սկիզբէն ի վեր կայ մեր մէջ, որպէս հետեւանք սկզբնական մեղքին. Արդարեւ մեր ամէնուն մէջ կայ հակումը դէպի չարը եւ բաղձանքը բարիք գործելու։ Այս երկուքը պիտի գոյատեւեն մեր մէջ մինչեւ մեր վերջին շունչը եւ մեր բոլոր կեանքը պիտի հանդիսանայ ճակատամարտի դաշտ մը այս պայքարին։
Ամէն օր, մենք հարկ է որ առնենք որոշումներ, որոնք պիտի զօրացնեն բարին եւ տկարացնեն չարի հանդէպ մեր հակումը։ Օրական մեր ջանքը պիտի ըլլայ պայքարիլ մեր չար եւ գէշ հակումներուն դէմ, կատարելու համար բարի գործեր, զսպելու ենք մեր բերանը որպէսզի չարտասանէ անյարմար ու վիրաւորիչ խօսքեր ուրիշներու նկատմամբ, եւ խօսելու նախընտրաբար անոնց բարեմասնութիւններու մասին։

Այս պայքարը կը սկսի փոքր տարիքէն։ Եթէ ծնողք մը թողուն որ իրենց զաւակը սանձարձակ մեծնայ, առանց խրատի եւ յանդիմանութեան երբ չարութիւն գործէ, այդ պզտիկը չի սորվիր թէ ինչ է բարին եւ թէ ինչու՞ հարկ է որ բարիք գործենք եւ ոչ թէ չարիք, մեր կեանքի ընթացքին։ Ծնողքն ու դաստիարակները պարտականութիւնն ունին ուղղելու երեխաները եւ զանոնք դնելու շիտակ ճամբուն վրայ, եթէ ոչ` ապագային անոնք կրնան չարագործներ դառնալ եւ վնաս հասցնել ընկերութեան։ Նոյնպէս երբ հայր մը կամ մայր մը սորվեցնէ իր զաւակին սուտ խօսիլ կամ գողութիւն ընել, ապագային իրենք առաջին զոհերը պիտի ըլլան իրենց զաւակներուն

Այո, Յիսուս ըսաւ որ թողուցէք որ երկուքը, այսինքն ցորենը եւ որոմը, միասին աճին, որովհետեւ այդ է ի վերջոյ կանոնը աշխարհի։ Սակայն չարգիլեց որ պայքարինք մեր գէշ հակումներուն դէմ եւ զսպենք մեր կիրքը փորձութիւններու դիմաց։ Իսկ որովհետեւ մեր կամքը տկար է եւ յաճախ կ՛ենթարկուի այդ փորձութիւններուն, սորվեցուց մեզի տէրունական աղօթքը ուր կ՛ըսենք. Եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն այլ փրկեա զմեզ ի չարէ։
Սակայն յուսահատելու չենք. Չար սերմին կից, մեր մէջ կայ նաեւ բարի սերմը, զոր ցանած է մեր Տէրը ստեղծագործութեան պահուն եւ մանաւանդ երբ մկրտուեցանք ջուրով եւ Սուրբ Հոգիով։ Ան է որ մեզի կատարել կու տայ յաճախ այնպիսի գործեր որոնք հիացում կը պատճառեն մեր շուրջը եւ կու տան մեզի այն ապահովութիւնը թէ մեր անձը օրհնուած է Աստուծմէ եւ թէ մեր կեանքը նպատակ մը ունի:
Ինչ որ կայ մեր անձին մէջ, կայ նաեւ ուրիշին մէջ։ Ուստի գիտնանք մեր ընկերոջ մէջ տեսնել բարի մասը, նոյնիսկ եթէ երբեմն աւելի ցայտուն են ու երեւան կու գան գէշ մասերը։ Անոնք ալ ունին իրենց խորքին մէջ այն բարի սերմը որ երբեմն կը սպասէ լաւ խօսքի մը, թեթեւ քաջալերանքի մը որպէսզի երեւան գայ եւ իր ազդեցութիւնը գործէ անձին վրայ։ Ամէն ժամուն` մեր յոյսը դնելու ենք Տիրոջ վրայ որովհետեւ ան միշտ մեր մէջը կը բնակի եւ, հարկ եղած պահուն, մեզ չի լքեր այլ պատրաստ է մեզի օգնելու եւ դէպի բարին առաջնորդելու. Ամէն:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2018, 08:00