Գիւտ Նշխարաց Սրբոյ Հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին:
Հայ Եկեղեցին Դ. դարէն սկսեալ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի յիշատակը կը տօնախմբէ տարին երեք անգամ. անոր Խոր Վիրապ Մուտքի, անոր Խոր Վիրապէն Ելքի և անոր Նշխարաց գիւտի առիթներով: Պատմական յիշատակութիւններու համաձայն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետը իր կեանքի վերջին տարիները անցուցած է առանձնութեան մէջ, առանց բոլորովին լքելու իր առաքելական պաշտօնը: Ծերունի Հայրապետը չհեռացաւ իր ճգնարանէն՝ Մանեայ այրէն, որ կը գտնուէր Սեպուհ լերան վրայ, Երիզայի մօտ. Իր չարչարանաց վայրը: Այս խաղաղ քարայրին մէջ, որուն շուրջ կը դեգերէին պարզամիտ հովիւներ իրենց հօտերով, Հայաստան աշխարհի Լուսաւորիչը աւանդեց իր հոգին: Ո՛չ ոք գիտցաւ իր մահը, միայն հովիւներ, պատահմամբ մտնելով իր քարայրը, գտան զայն իր յաւիտենական հանգստին մէջ: Ծածկեցին անշնչացած մարմինը քարակոյտի մը տակ, և հեռացան: Երկար լռութենէ մը վերջ՝ հետաքրքրութիւն արթնցաւ մասնաւորապէս իր աշակերտներուն մէջ, որոնք տեղեակ էին Լուսաւորչի առանձնարաններուն: Իր աշակերտներէն Բասենցի Գառնիկ, հարցուփորձեց հովիւները, և ի վերջոյ տեղեկեցաւ անոնցմէ տխուր իրողութիւնը: Փութաց Մանեաց այրը, վար առաւ քարակոյտը, դուրս բերաւ Հայրապետին մարմինը և տարաւ հանգչեցուց Հայոց Մեծ Լուսաւորիչը Թորդան գիւղին մէջ՝ յուզիչ անշքութեամբ և լռութեամբ: Այս դէպքը տեղի ունեցաւ իր մահուան իսկ տարին 326-ին:
Անշուք թաղումը սակայն, անշուք չթողուց իր յիշատակը: Հայաստանեայց Եկեղեցին Նշխարաց Գիւտի այս տօնը կը կատարէ մեծահանդէս, ասկէ անկախ, տարին երկու անգամ եւս կը պատուէ անոր յիշատակը՝ Մուտն ի Վիրապ և Ելն ի Վիրապէն տօնակատարելով:
Սբ Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարները բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիներու մեծագոյն սրբութիւններէն են։ Հայոց Հայրապետի նշխարները գտնուելէն յետոյ անոնցմէ մէկ մասը իբրև սրբազան մասունք տարուեր է Վաղարշապատ, Բիւզանդիա, Իտալիա:
Սբ. Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարներու գիւտի տօնը կը նշուի Հոգեգալուստին երրորդ շաբաթ օրը։ Տօնի օրը եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Սբ. Պատարագ։ Տօնի առիթով Հայ եկեղեցին սահմաներ է շաբաթապահք։ Տօնն ունի նաև իր նախատօնակը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ