Ֆրանչիսկոս Պապին Ժընեւ այցը Ֆրանչիսկոս Պապին Ժընեւ այցը 

Զուիցերիոյ մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մասին հակիրճ տեղեկութիւններ։

21 Յունիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը «համամիութենական ուխտագնացութեամբ» պիտի մեկնի Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաք

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ հինգշաբթի 21 Յունիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը «համամիութենական ուխտագնացութեամբ» պիտի մեկնի Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաք ուր Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի հիմնադրութեան 70 ամեակին առթիւ, պիտի այցելէ խորհրդուի կեդրոնատեղին եւ պիտի մասնակցի համամիութենական աղօթքի ձեռնարկներու։

Սոյն այցելութեան առթիւ կը ներկայացնենք Զուիցերիոյ մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մասին հակիրճ տեղեկութիւններ։

Նախ նշենք թէ 8 միլիոն 300 հազարէ աւելի բնակչութեան գրեթէ 40 առ հարիւրը կաթողիկէ են, մինչ 28 առ հարիւրը Աւետարանական եկեղեցւոյ կը պատկանին, ապա կան 4 տոկոսով Մահմետականներ եւ գրեթէ 2 առ հարիւրով օրթոտոքսներ։ Մնացածը ինքզինք կը համարէ անաստուած։

Զուիցերիոյ մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի 8 Եկեղեցական գաւառներ ուր կը գործեն 1632 ժողովրդապետութիւններ եւ այլ 141 հովուական կեդրոններ։ Զուիցերիոյ մէջ իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն 22 եպիսկոպոսներ, 1451 թեմական քահանաներ, 796 կրօնաւորներ, 265 սարկաւագներ, 4446 կրօնաւորուհիներ, ապա 587 աշխարհական միսիոներներ ու 1515 կրօնուսոյցներ։

Կաթողիկէ եկեղեցին ունի 36 դպրոց ու 4 բարձրագոյն վարժարան եւ համալսարաններ։ Ան կը մատակարարէ երկու հիւանդանոց, 11 ծերանոց ու հանգստեան կեդրոններ, 10 որբանոց ու մանկապարտէզներ, Ընտանեկան հարցերու նուիրուած 12 կեդրոններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2018, 08:33