Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի անդամներ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի անդամներ 

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 70ամեայ յոբելեանը

23 օգոստոս 1948ին Ամսթերտամի Նիովը Քյէրք եկեղեցւոյ մէջ կտարածուած էր ԵՀԽի առաջին լիագումար նիստի բացման արարողութիւնը։

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը (ԵՀԽ) հիմնուած է 1948 թուականին։ Այսօր անոր մաս կը կազմեն 348 Եկեղեցիներ, աւելի քան 500միլիոն հաւատացեալներով։
23 օգոստոս 1948ին Ամսթերտամի Նիովը Քյէրք եկեղեցւոյ մէջ կատարծուած էր ԵՀԽի առաջին լիգումար նիստի բացման արարողութիւնը։ Հիմնադիր 147 եկեղեցիներու մեծամասնութիւնը եւրոպական եւ հիւսիսամերիկեան Եկեղեցիներ էին, որոնց թիւը տարիներու ընթացքին ճոխացաւ Ափրիկեան, Ասիական, Քարիպիքի, Լատինամերիկեան ինչպէս եւ Մերցաւոր Արեւելեան եւ Խաղականի Եկեղեցիներով։
Կաթողիկէ Եկեղեցին մաս չի կազմեր ԵՀԽի, սակայն ամբողջական անդամ է «հաւատք եւ կանոն» յանձնախումբին եւ 1965 թուականէն սկսեալ կը մասնակցի զանազան յանձնախումբերու աշխատանքներուն։
ԵՀԽի մաս չեն կազմեր նաեւ նորելուկ աւետարանչական եւ հոգեգալստական զանազան շարժումներ, որոնք հիմնականօրէն կը մերժեն համամիութենականութիւնը։ Սակայն ԵՀԽը կը մնայ բանակցութեան մէջ այդ շարժումներուն հետ։
ԵՀԽի գլխաւոր նիստը Ժընեւի մէջ է։ Որոշումներ կայացնող բարձրագոյն մարմինը լիագումար նիստն է, որ կը գումարուի ամէն ութ տարին անգամ մը։ Տասներորդ եւ վերջին լիագումար նիստը տեղի ունեցած է 2013թուակնին, Պուսանի (Քորէա) մէջ։ Լիագումար նիստերու միջեւ, ամէն երկու տարին անգամ մը կը գումարուի կենդրոնական յանձնաժողովի նիստը։ 2009 թուականէն ի վեր ԵՀԽի ընդհանուր քարտուղարն է նորվեկիացի լուտերական պատուելի՝ Օլաւ Ֆիքսը Թվայթ։
ԵՀԽի պատմական արմատները կʼերթան մինչեւ 19րդ դար՝ ուսանողական եւ աշխարհականներու շարժումներուն, Էտինպրայի 1910ի միջազգային միսսիոնի ժողովին եւ Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքի 1920ի շրջաբերականին, ուր կʼառաջարկուէր կազմել «Եկեղեցիներու Դաշնութիւն» մը «Ազգերու Դաշնութեան» օրինակով։ 1937/38 տարիներուն աւելի քան 100 Եկեղեցիներու ղեկավար մարմիններ որոշեցին հիմնել Եկեղեցիներու Համամիութենական Խորհուրդ մը, սակայն անոր իրականացումը հետաձգուեցաւ համաշխարհային երկրորդ պատերազմի պատճառով եւ ապա հաստատուեցաւ 1948 թուականին։
ԵՀԽի համար կարեւոր թուական մը կը ներկայանայ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ անդամակցութիւնը 1961 թուականին։ Ցուրտ Պատերազմի ժամանակամիջոցին ԵՀԽը կարեւոր դեր մը խաղացած է արեւելք-արեւմուտքի յարաբերութիւններուն մէջ։ Նաեւ Հարաւային Ափրիկէի ափարթայտի դէմ մղուած պայքարին մէջ ԵՀԽը ունեցած է իր նպաստը։
Հարարէի (Զիմպապուէ) 1998ի լիագումար նիստը բանաձեւած է՝ «ԵՀԽի եկեղեցիներու հասարակութեան գլխաւոր նպատակը կը կայանայ անոր մէջ, որ իրարու կոչ ուղղեն ընթանալու դէպի տեսանելի միութիւն՝ մէկ հաւատքի մէջ եւ գոհաբանական համախմբումի մէջ, որ իր արտայայտութիւնը կը գտնէ աստուածային պաշտամունքի մէջ եւ Քրիստոսի մէջ ապրուած միասնական կեանքով, վկայութեամբ եւ աշխարհի մատուցուած ծառայութեամբ։»
Արեւելեան Եւրոպայի մէջ կատարուած քաղաքական իրադարձութիւններու հետեւանքով նոր վիճակ մը ստեղծուած էր։ Այս ընթացքին յառաջ եկած է նաեւ որոշ լարուածութիւն մը ուղղափառ եւ բողոքական եկեղեցիներու միջեւ։ Խորհուրդի մասնակցող եկեղեցիներու մեծամասնութիւնները կը պատկանին բողոքական դաւանանքին. ասոր համար ուղղափառ եկեղեցիներ կը նկատէին որոշ խտրականութիւն մը։ Վրացական եւ Պուլկարական Ուղղափառ Եկեղեցիները հեռացած են համամիութենականութենէն, Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցին կը քննադատէ որոշ երեւոյթներ, ինչպէս միասեռականութիւն եւ կիներու քահանայութիւնը։ Սակայն 2006 թուականէն ի վեր գոյացած է համաձայնութեան որոշ եզր մը ուր կը քննարկուին վիճելի կէտեր։
Բովանդակային խնդիրներու կողքին վերջին տարիներուն երեւան եկած են նաեւ տնտեսական դժուարութիւններ Ժընէւի մէջ կատարուած բարձր ծախսերու պատճառով, Զուիցերիական Ֆրանքի արժէքի փոփոխութեամբ ինչպէս նաեւ անդամներու միշտ աւելի նուազող վճարումներու պատճառով։ Ասոր համար ընդհանուր քարտուղար Թվայթ աշխուժ կերպով կը զբաղի նաեւ տնտեսական խնդիրներու լուծմամբ։


Պատրաստեց Հայր Ներսէս Վրդ Սագայեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2018, 14:05