Գրիգոր Պետրոս Ի եւ Նախագահ Աուն Գրիգոր Պետրոս Ի եւ Նախագահ Աուն 

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Նախագահ Աունին

Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, նախագահէն պահանջեց կառավարութեան մէջ հայ կաթողիկէ համայնքին ներկայացուցչութիւն ապահովել:

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, ընկերակցութեամբ պատրիարքական պատուիրակութեան մը,  երէկ,  7 յունիս  2018, Հինգշաբթի կ. ա. Ժամը 10:30-ին այցելեց Պաապտայի նախագահական պալատ, ուր տեսակցութիւն մը ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին հետ։  Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Գերապայծառ Մանուէլ եպիսկ. Պաթագեան, Զմմառու Վանքի մեծաւոր եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ թեմի Գերյ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, եւ Գերապատիւ Հ. Սեպուհ վրդ. Կարապետեան։

Շուրջ 30  վայրկեան տեւած տեսակցութեան ընթացքին Հանրապետութեան նախագահն ու Հոգեւոր Տէրը անդրադարձան մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի քրիստոնեաներուն հայող խնդիրներուն, ապա նախագահ Աուն արտայայտուեցաւ Հայաստան կատարած այցելութենէն ստացած դրական տպաւորութիւններու մասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2018, 08:09