Վատիկանի մէջ պատմական հանդիպումը Վատիկանի մէջ պատմական հանդիպումը 

''Խաղաղութեան համար մէկ վայրկեան'' Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ «Մեր օրերուն մեծ կարիք կայ խաղաղութեան համար աղօթքի»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յիշատակելու համար 2014-ի յունիսին, Վատիկանի պարտէզներու մէջ նախագահ` Շիմոն Փերեսը ու Պաղեստինի Նախագահ Ապու Մազէնը միջեւ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումի չորրորդ տարեդարձը՝ Արժանթինի  ազգային ու միջազգային կազմակերպութիւնինները կոչ կ՛ուղղեն 8 Յունիս 2018-ի ժամը 13-ին, մէկ վայրկեան տրամադրել վասն խաղաղութեան աղօթքին։

Ձեռնարկը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ պարզ առաջարկ մը ու վկայութիւն աղօթքն ու մենք զմեզ նուիրելու որպէս խաղաղութեան խթանողներ, չորս տարի առաջ ունեցող հանդիպումի տարեդարձին առթիւ, որուն ընթացքին  Իսրայէլի ու Պաղեստինի նախագահները, Սրբազան Քահանայապետի ներկայութեամբ, աղօթեցին միասնաբար ու հայցեցին խաղաղութեան պարգեւը ու թշնամութեան պատնէշներու տապալումը։

Սոյն պատմական տարեդարձին առթիւ, Արժանթինի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը, համագործակցութեամբ Արժանթինի Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի ու համամիութեան, հրէականութեան ու իսլամութեան եւ այլ կրօններու հետ երկխօսութեան եպիսկոպոսական յանձնախումբերուն, անգամ մը եւս իր աջակցութիւնը յայտնած է ''Մէկ վայրկեան խաղաղութեան համար'' ձեռնարկին  հրաւիրելով այդ պահուն դադրեցնել առօրեայի գործունէութիւնը ու մէկ վայրկեան տրամադրել խորհրդածելու, աղօթելու ու յանձնառու ըլլալու խաղաղութեան համար, ամէն մին իր աւանդոյթի համաձայն, այն վայրերուն մէջ ուր ալ որ կը գտնուի։

Անցեալ տարի 7 Յունիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ շնորհած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին կոչ ուղղելով մասնակցիլ խաղաղութեան ի նպաստ ձեռնարկին ըսած էր «Մեր օրերուն մեծ կարիք կայ խաղաղութեան համար աղօթքի, (Քրիստոնեաներ, հրեաներ ու իսլամներ միասին)'' ու աւելեցուցած թէ «մէկ վայրկեան խաղաղութեան համար ձեռնարկը հրաւէր մըն է` համայն բարի կամք ունեցող մարդոց եւ կիներուն, 8 յունիսի ժամը 13-ին, կանք առնելու մէկ վայրկեան, ու ամէն մին իր կրօնական աւանդութեան համաձայն, աղօթելու խաղաղութեան համար»։

Խաղաղութեան հանդիպում

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2018, 08:45