Վանականութիւն Վանականութիւն 

Վանականութիւն - Ներսէս Լամբրոնացի

Այն որ սարկաւագ է, իշխանութիւն ունի եկեղեցւոյ մէջ վարդապետելու, իսկ կիսասարկաւագը երդմնացուցանելու

Ներսէս Լամբրոնացի յստակ զանազանութիւն դնելով կրօնաւորական վիճակի եւ քահանայական կարգի միջեւ, նկատել կու տայ, թէ հայ ժողովուրդի մօտ նորաձեւութիւններ մտած են, մինչ ուրիշ Եկեղեցիներ պահած են նախնական աւանդութիւնը՝ իրարմէ բաժնելով կրօնաւորական սքեմի տուուչութիւնը եւ քահանայական օծումը։ Ներսէս Լամբրոնացի կը նշէ, թէ այլ Եկեղեցիներուն մէջ «անհնարհին է, որ եկողներէն մէկը առանց կրօնաւոր օրհնելու աբեղայի վիճակ տան։ Իսկ եթէ սարկաւագ մը կամ քահանայ մը գայ, այնքան ժամանակ որ չէ խնդրած աշխարհէ հրաժարումը եւ համապատասխան աղօթքը չէ կատարուած, անհնար է անոր կրօնաւորի զգեստներ տալ։ Իսկ անոնք որոնք այլ եկեղեցիներու վանքերուն մէջ էին, ծերեր եւ երիտասարդներ՝ քահանաներ եւ սարկաւագներ եւ անոնց որոնց զանազան աստիճաններ վիճակուած էին, իւրաքանչիւրը իր տեսակի համապատասխան զգեստ ունէր ըստ սովորութեան եւ բացայայտ կերպով։»

Ունկնդրէ լուրը

Աչքառու է, թէ Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի այստեղ կը մէջբերէ առարկութիւն մը, թէ այդ յիշեալ եկեղեցիները հաւատքի մէջ մոլորեցան, հետեւաբար անոնց օրինակին պէտք չէ հետեւիլ։ Սակայն, կը պատասխանէ ան, բնաւ չեմ ըսեր թէ միայն մենք քրիստոսի ժողովուրդ ենք։ Եւ եթէ իմաստութեամբ քննենք, անոնց քով նոյնիսկ սակաւ այլափառութիւն պիտի չգտնենք, այլ անոնք ալ ճշմարտապէս ուղղափառ են։ Իսկ եթէ նոյնիսկ հաւատքի մէջ մոլորին, կարգերը կապ չունին ատոր հետ, որովհետեւ հաւատքը ուրիշ հարց է եւ այլ հարց է կրօնքի աւանդութիւնը։

Վերջապէս Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի կʼեզրափակէ, ըսելով՝ «Ապա եկուր, եղբայր, նախ քան ուրիշները դատելը, մենք մեզի՛ բժիշկ եւ անաչառ դատաւոր ըլլանք, ճանչնալով՝ թէ կրօնաւորը միայն ինքն իր անձը նուիրեց Աստուծոյ, եւ բաւական է անոր իր անձին առաքինութիւնը։ Իսկ քահանան՝ եթէ իր կատարելութենէն բացի ուրիշ բաներ չխնդրէ Աստուծմէ, անոր վստահուած աստիճանը մինչեւ մահ պիտի չպահէ. ան դրժած կʼըլլայ ուխտին եւ դաշինքին, որ կնքեց Աստուծոյ եւ եպիսկոպոսին առջեւ։ Արդ, ճանչնալով այս, կրօնաւորութեան նուիրեալներուն վրայ դնենք կրօնաւորութեան բարեձեւութեան լուծը, եւ անոր համապատասխան կարգը եւ զգեստը, եւ ոչ թէ քահանայութեան պատիւը, որուն պաշտօնը չեն կարող կատարել. որովհետեւ ինչպէս որ մեծ է թագաւոր ըլլալ քան երկրագործ ըլլալ, այսպէս ալ մեծ է քահանայութիւնը՝ աբեղայութենէն. եւ ինչպէս որ այն անձին որ թագաւոր է բազմապատիկ իմաստութիւն պէտք է, եւ ան ուրիշներու օգուտը կը տնօրինէ, այսպէս եւ երէցը՝ սրբութենէն ետք պէտք է ունենայ իմաստութիւն, գիտնայ իր կատարած իւրաքանչիւր գործի առաւելութիւնը։ Եւ ինչպէս որ երկրագործին սխալմունքը միայն անոր անձին կը վնասէ, իսկ թագաւորին սխալը ամբողջ երկրին, այսպէս ալ աբեղային սխալմունքը աւելի փոքր է քան քահանայինը՝ որ կարգուած է Աստուծոյ պաշտօնին եւ նկարուած իբր հայեցողական պատկեր։ Կրօնաւորութիւնը ոչ միայն քահանայութենէն աւելի փոքր է, այլ նաեւ աւելի փոքր քան սարկաւագութիւնը։ Որովհետեւ ասոր նաեւ կիներ կրնան դիմել, ինչպէս կը գրէ Սուրբ Բարսեղ, իսկ սարկաւագութեան ոչ երբեք։ Դիոնեսիոս հրաման կու տայ որ քահանան աբեղայ օրհնէ։ Բայց եպիսկոպո՛սն է որ սարկաւագ կը ձեռնադրէ։ Այն որ սարկաւագ է, իշխանութիւն ունի եկեղեցւոյ մէջ վարդապետելու, իսկ կիսասարկաւագը երդմնացուցանելու։ Բայց աբեղան ասոնցմէ եւ ոչ մէկը կրնայ ընել։ Ուստի եւ Աստուած անկէ սակաւ կը պահանջէ, քան անոնցմէ, որոնք իշխանութեան կարգուած են։ Ասոր համար պէտք է որ մենք հետեւինք սուրբ հայրերու բարեկարգութիւններուն, եւ անոնք որոնք կու գան կրօնաւոր դառնալու, տանք կնգուղը եւ սքեմը եւ փիլոնը, եւ անոնց վրայ դնենք Քրիստոսի խոնարհութեան լուծը։ Եւ թէ այս է անոր զգեստը, եւ թէ երիցութեան հետ երբեք կապ չունին, ցոյց տրուեցաւ բաւականապէս։ Քրիստոնեայ ժողովուրդները այսօր այս օրէնքով կʼընթանան։ Եւ երբ մէկը հասած է սրբութեան եւ իմաստութեան հասակին, ոչ կամաւոր կերպով՝ այլ բռնութեամբ եւ հարկաւորելով անոր պատիւ կը վիճակուի, երբ արժանի կը դատեն անձ մը, ըլլայ կիսասարկաւագութեան կամ սարկաւագութեան, եւ ապա նոյնիսկ քահանայութեան. որպէսզի Քրիստոսի մեր Աստուծոյ գործին եւ պաշտօնին մէջ ըլլանք անդատապարտ եւ իմաստուն։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2018, 08:19