Որոնել

 Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի 

Յորդորներ եւ խրատականներ գրուած Վարք Հարանցի մէջ

Վանականութիւնը Հայոց Պատմութեան հոլովոյթին: Հաշորդաշար (Շարունակութիւն):

Պատրաստեց Հայր Ներսէս Սագայեան:

Շահապիվանի Ժողովին ԺԵ. կանոնը խրատականներու շարք մըն է ուղղուած միայնակեացներուն։ Սոյն խրատականները կը գտնենք «Վարք Հարանցի» մէջ, «Վասն Կարգի Սրբութեան Պաշտօնէից եւ Մանկանց Ուխտի» խորագրին տակ։ Յիշեալ յորդորները եւ խրատականները հիմնականին Աստուածաշունչէն առնուած են։
«Եթէ մէկը հաւատքի մէջ ապրի եւ միայնակեաց կʼուզէ ըլլալ, կուսութիւն եւ սրբութիւն պահել եւ յաւիտենական կեանքի հասնիլ՝ ճշմարիտ ընկերներու հետ եւ միաբանակեացներու թող բնակի, եւ իրար շահին Քրիստոսի սիրով, որովհետեւ երբ «Եղբայրը եղբօր կʼօգնէ, ամուր պարիսպ է» (Առակ ԺԸ. 19)։ Եւ թէ «Աստուած միաբան անձերը պիտի բնակեցնէ տան մէջ» (Սաղ ԿԷ. 7), եւ «Ուր երկու եւ երեք հոգի ժողովուած են իմ անունովս, ես անոնց մէջ եմ» (Մատթ ԺԸ. 20) եւ դարձեալ «եթէ երկու հոգի միաբանութեամբ խնդրեն իմ հօրմէս, անոնց պիտի տրուի» (Հմմտ. Մատթ ԺԸ. 19) եւ թէ «Ասով պիտի ճանչնան թէ իմ աշակերտներս էք, երբ միաբանօրէն իրար սիրէք» (Յովհ ԺԳ. 35)։
Թող սովորութիւն չըլլայ առանցին մնալ. ապա ինչպէ՞ս պիտի իմանան հաւատքի կարգը եւ վիճակը, եւ կամ անձին յանցանքներուն մասին մտածել, կամ հնազանդութիւն եւ ընկերսիրութիւն ցուցաբերել։ Այնպէս եւ գազանները լեռներու վրայ, եթէ ոչ մէկը անոնց մօտենայ՝ խաղաղ են։ Այլ կատարեալ եւ ճշմարիտ հաւատքը այս է՝ հնազանդութիւն ընկերներու հանդէպ եւ սէր իրարու եւ Քրիստոսի հանդէպ. մարդոց մէջ ըլլալ բարի օրինակ եւ նախանկար տիպար. իրար շահելով եւ բարի գործերու նախանձ ունենալով, որպէսզի տեսնեն եւ փառաւորեն զԱստուած որ երկինքն է (հմմտ. Մտթ Ե. 16)։ Եւ անարգ եւ գայթոտ եղբայրերը հոգեւոր խրատի միջոցաւ պատուական վիճակի բարձրացնելով՝ Աստուծոյ բերան անուանուիլ (հմմտ Երեմ ԺԵ. 19)։ Բայց արդ, «եկէք, իմ որդիներս, եւ լսեցէք՝ ձեզի պիտի ուսուցանեմ Տիրոջ երկիւղը» (Սաղ ԼԳ. 12) եւ յաւիտենական կեանքը, եւ պիտի ծանուցանեմ թէ կենդանութեան ժամանակ պիտի տեսնէք բարի օրեր (հմմտ Ա Պետր Գ. 10), լսեցէք եւ սորվեցէք այն ինչ որ Տիրոջ հաճելի է եւ ձեզի յաւիտենական կեանքի առիթ պիտի ըլլայ. «լռեցուր լեզուդ չարութենէ եւ նենգութենէ» (Սաղ ԼԳ. 14)։ Լսէ՛, չար լեզուն կրակ է՝ հաստատուած մարմնի մէջ (հմմտ Յակ Գ. 5, 6). «Լուծէ անիրաւութեան կնճիռը» (Ես ԾԸ. 6)։
«Ամուր դուռ դիր շրթունքներուդ եւ պահապան բերանիդ» (Սաղ ՃԽ. 3) եւ մի խոտորիր չար խօսքերու մէջ։ «Փոխ դրամ մի տար եւ տոկոս մի պահանջեր» (Եզեկ ԺԸ. 8)։ «Պարտապանին շուտով վերադարձուր գրաւը» (Եզգկ ԺԸ. 7)։ «Մարդկան որդիներ մինչեւ ե՞րբ խստասիրտ պիտի ըլլաք» (Սաղ Դ. 3), մի մրրկելով նեղսրտիր. «ո՛վ կրնայ դիմանալ նեղսիրտ մարդու» (Առակ ԺԸ. 14), հեռու մնացիր «արիւնէ, հեղձուածէ, շնութենէ, պոռնկութենէ (Գործ ԺԵ. 29), գողութենէ, ագահութենէ, արծաթսիրութենէ, սուտ երդումէ, սուտ խօսելէ, բանսարկութենէ, արբեցութենէ, յորկորստութենէ, անձնակամութենէ, կամակարութենէ, սիգութենէ, վիսութենէ։ մի ըլլար հպարտ, չարակամ, ամբարտաւան. մի տարուիր երգ ու պարի, լկտիներու երգի, հտպիտութեան, վայրապար ծաղրի. մի ըլլար ահուր, զրկող, տրտնջող, ատեցող, յանդուգն (հմմտ Տիտ Ա. 7), շատախօս (հմմտ Մտթ Զ. 7). ուրիշին մասին մի խօսիր եւ ոչ ալ լսէ. եւ ինչ որ քեզի չար կը թուի՝ ուրիշին մի՛ ըներ. մի ըլլար ցանկացող (հմմտ Ա. Կոր Ժ. 6), քնէած, կամակոր ուսանելու, որպէսզի չարիքի մէջ չիյնաս (հմմտ Առակ ԺԷ 16), աղօթքի մէջ մի՛ ծուլանար (հմմտ Ա Թագ ԺԲ 23). մի՛ ատեր աղքատները, որպէսզի չար օրուան մէջ քեզ փրկեն եւ քեզ թշնամիներու ձեռքը չմատնեն (Սաղ Խ. 2, 3). մի՛ ատեր պահքը եւ ճգնութիւնը, որ հուրը կը մարէ, առիւծը կը սանձէ եւ Աստուծոյ խօսքերը կը գործածէ (հմմտ Սիր Գ. 33, Եբր ԺԱ. 34, Դան Զ. 18), այլ այն ինչ որ բարի գործեր են, կատարէ անոնք բոլորը. «սիրէ Տէր Աստուած ամբողջ սրտով» (Մտթ ԻԲ. 37) եւ անոր պատուիրանները կատարէ։ «Ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն պահէ» (Հռ ԺԲ. 18), հեզ եւ խոնարհ եղիր. եւ ամէն ժամանակ դողայ եւ երկիւղով ապրէ եւ անոր խօսքերը լսէ որ կʼըսեն՝ «որու՞ մէջ պիտի բնակիմ, եթէ ոչ հեզերուն եւ խոնարհեներու եւ անոնց որոնք իմ խօսքերէս կը դողան (Ես ԿԶ. 2)։ Խնդրէ խաղաղութիւն եւ արդարութեան ետեւէն գնայ» (Սաղ ԼԳ. 15)։ «Յոյսին ակնկալէ» (Բ. Մակ Է. 14), վայրապար սուգի եւ տրտմութեան մէջ մի իյնար, «այլ եւ բարիք գործելէ մի ձանձրանար« (Բ. Թես Գ. 12)։ Յաւիտեանս յաւիտենից պիտի բնակիս երկնքի մէջ իբր կատարեալ մարդ եւ երկրի վրայ երեւելով իբր հրեշտակ։ Անոնք որոնք կʼուզեն միայնակեաց եւ կոյս ըլլալ եւ աբեղայութիւնը յանձն առնել, անոնք բոլորը որոնք հաւատքի մէջ են, թող պահեն այս կանոնը, որպէսզի անարատներու ձեռքով մեղաւորները սրբուին։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2018, 10:23