Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի 

Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի՝ կրօնաւորական կեանքի մասին:

Վանականութիւնը Հայոց Պատմութեան հոլովոյթին (շարունակութիւն)

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Նախորդ հաղորդումին մէջ լսեցինք, թէ ինչպէս Ներսէս Լամբրոնացի երկխօսութեամբ մը բացատրութիւններ կու տայ կրօնաւորական վիճակի եւ քահանայական կարգի մասին։ Ան կը բաղդատէ այս երկու կոչումները, ցոյց տալով անոնց տարբերութիւնը։ Ներսէս Լամբրոնացիի գրութենէն այնպէս կʼերեւի, թէ ոմանք կʼընդունէին քահանայական օծումը, սակայն արտաքինով կը ներկայանային իբր վանականներ կամ կրօնաւորներ, որ Ներսէս Լամբրոնացի կը նկատէ իբր նորաձեւութիւն եւ մարդոց հաճելի երեւելու ձգտում։ Այս երկու կոչումներն ալ Ներսէս Լամբրոնացիի մօտ, ինչպէս աւելի ուշ նաեւ Գրիգոր Տաթեւացիի մօտ յատուկ անդրադարձով կը բնորոշուին։ Ըլլայ Ներսէս Լամբրոնացի եւ կամ Գրիգոր Տաթեւացի յստակ բաժանում կը դնեն կրօնաւորութեան եւ քահանայական կարգի միջեւ։ Ոչ միայն արտաքինի կամ զգեստաւորումի խնդիրներու կʼանդրադառնայ ան, այլ եւ արարողութիւններու, որոնք, ինչպէս կʼերեւի, ճիշտ կերպով չէին կատարուէր։
Շարունակելով Ներսէս Լամբրոնացիի երկխօսութիւնը, որ մաս կը կազմէ պատարագի մեկնութեան իր երկին, կը կարդանք՝
«Ներսէս. Ահաւասիկ զիս տարակոյսի մէջ կը ձգես. որովհետեւ Դիոնեսիոս որ ասոնց մասին խօսեցաւ այսպիսի տարօրինակ բան չի տար. այլ մեծ անջրպետութեամ կʼորոշէ միանձնութիւնը եւ երիցութիւնը. եւ զգեստը փոխելը միանձնութեա՛ն նկատմամբ կը նշէ եւ ո՛չ քահանայութեան։ Այդ եպիսկոպոսը որտեղէ՞ն գտաւ այդ նորաձեւութիւնը։ Եւ եգիպտացի հայրերն ալ ասով կրօնաւորութիւնը չափեցին եւ ոչ քահանայութիւնը։
Յովհաննէս. Յայտնի է թէ տգիտութենէ։»
Ապա, Ներսէս կը հարցնէ, թէ ի՛նչ գրուած է գրքերուն մէջ։
«Յովհաննէս։ Հոն գրուած է, թէ երբ մէկը կու գայ կրօնաւոր ըլլալու, կʼաղօթեն անոր վրայ զանազան ձեւերով, ինչպէս կʼաղօթեն մեռեալի մը վրայ, եւ ապա մեռելութեան (աշխարհէ հրաժարումի) այս ձեւը ողբով եւ արտասուքով կը շնորհեն անոր։ Իսկ քահանան ցոյց կու տայ, թէ եպիսկոպոսը զայն Աստուծոյ եւ ժողովուրդի ընտրութեամբ իշխանութեան կը բարձրացնէ, եւ սարկաւագն ալ նոյնը կը ձայնէ՝ ʼԱստուածային եւ երկնային շնորհքը կը կոչէ այս անձը քահանայութեան, ըստ իր անձին եւ ժողովուրդին վկայութեանʼ։ Որմէ ետք եպիսկոպոսը անոր կու տայ աստուածային իշխանութիւն՝ մեղքերը թողուլ, պատարագ մատուցանել, եւ անոր նման այլ բաներ։ Զգեստներու փոփոխութեան մասին ոչ մէկ տեղ կարդացի։»
Ապա կը շարունակուի երկխօսութիւնը, ուր Ներսէս Լամբրոնացի կʼուզէ ցոյց տալ, թէ քահանաներ կʼուզեն առնել կրօնաւորներ արտաքինը, որոնք կամաւոր կերպով հրաժարեցան եւ զգեցան մեռելութեան արտաքինը։ Անոնք այս կը կատարեն տեսնողներու իբր պատրանք, որովհետեւ այդ արտաքինը մարդոց հաճելի եւ փառաւոր կը թուի։ Պէտք է քահանան յստակ կերպով զանազանել կրօնաւորէն։
Ապա յիշելով, թէ կրօնաւորները ʼեղբայրներʼ կը կոչուին, կը նկատէ թէ եղբայրներու միջեւ չկայ զգեստներու տարբերութիւն, իսկ եթէ այդ կայ, ուրեմն անոնք հասարակութեան բարեձեւութիւնը կը լուծեն, եւ խոնարհագոյններու նախանձը կը գրգռեն բարձրագոյններու հանդէպ։
Ներսէս հարց կու տայ՝ «կրօնաւորութեան ձեւը եւ կարգը կամ քահանայութեան պատիւը հայերը իրե՞նք են որ գտան՝ թէ այլ ազգերէ ընդունեցան։
Յայտնի է, որովհետեւ Սուրբ Գրիգորի ձեռքով հաւատքը ընունեցան, եւ եկեղեցւոյ բոլոր բարեձեւութիւնները յոյներէն սորվեցան, եւ արդէն կանուխէն Սուրբ Սահակի ժամանակ ասորիներու գրքերը թարգմանեցին եւ այլ քրիստոնեաներու սովորութեամբ կʼառաջնորդուէին, պայծառացած անոնց գրքերով եւ աւանդութիւններով։
Ներսէս կը նկատէ, թէ տեսած է լատիններու, յոյներու եւ ասորիներու վանքեր, եւ հոն հարցնելով ճշգրիտ տեղեկութիւն ստացած է, թէ նախ կրօնաւոր կʼօրհնեն եւ ապա կնգուղ եւ սքեմ կու տան, եւ ոչ թէ կրօնաւորական զգեստներ կու տան քահանայական օծումի արարողութեան մէջ։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2018, 09:25