Կարդինալ Սանտրի Լիբանանի մէջ Կարդինալ Սանտրի Լիբանանի մէջ 

Եւրոպայի Արեւելեան Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու հանդիպումը Քոզենցայի մէջ։

«Արեւելեան եկեղեցիի մը դիմագիծը.Աստուածաբանութիւն. յատուկ իրաւագիտութիւն եւ ծէս»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

14էն 17 Յունիս 2018-ին, Իտալիոյ Քոզենցա նահանգի Լունկրօ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի Կաթողիկէ Արեւելեան եկեղեցիներու եպիսկոպոսներու 21-րդ հանդիպումը որուն կեդրոնական նիւթն է «Արեւելեան եկեղեցիի մը դիմագիծը.Աստուածաբանութիւն. յատուկ իրաւագիտութիւն եւ ծէս»։

Հանդիպումը կազմակերպուած է Լունկրոյի թեմին կողմէ առ ի պատրաստութիւն Լունկրոյի Եկեղեցւոյ 100-րդ տարեդարձին որ կը կայանայ 2019 թուականին։

Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Եւրոպայէն ու համայն քրիստոնեայ արեւելքէն ժամանակած եպիսկոպոսներ որոնց շարքին է նաեւ Արհ. Հայր Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանը՝ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ ու համայն Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդը։

14 Յունիսին Նիստերու բացումը պիտի կատարեն Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը՝ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին, Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու նախագահը՝ Կարդինալ Անճելօ Պանիասքոն եւ Իտալիոյ մէջ պապական նուիրակ՝ գերապայծառ Ամիլ Փոլ Թշերրիկ։ Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Քալապրիա մարզի եպիսկոպոսները։

15 Յունիսին ելոյթ պիտի ունենան գերապայծառ Տեմեթրիոս Սալախասը եւ գերապայծառ Անթոնիօ Տոնկին մինչ 16 յունիսին նախատեսուած է Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի քարտուղար՝ գերապայծառ Շիրիլ Պազիլի ելոյթը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2018, 11:51