Սրբուհի Մայր Թերեզան Սրբուհի Մայր Թերեզան 

Մայր Թէրեզան կին մը՝ որ մեր կեանքին եւ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ խորունկ ազդեցութիւն ձգեց

«Անօթի էի եւ ինծի կերակուր տուիք...»:

Մայր Թէրեզան 20-րդ դարու հզօր անհատականութիւններէն մէկն է, կին մը որ մեր կեանքին եւ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ իր խորունկ ազդեցութիւնը ձգած է: Անվերապահօրէն այսպէս կ'ընդունին զինք թէ՛ քննադատները եւ թէ՛ նոյնիսկ անհաւատ մարդիկ : Սակայն Մայր Թէրեզան եղաւ ու մինչեւ այսօր ալ կը շարունակէ մնալ հմայիչ անհատականութիւն մը :

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Եթէ ներթափանցենք Մայր Թէրեզայի կեանքին խորհուրդներուն եւ գաղտնիքներուն մէջ, կը նշմարենք թէ Ս. Գիրքէն աստուածաշնչային երկու խօսքեր միայն բաւական դարձան փոխելուհամար անոր կեանքը՝ արծարծելով անոր սրտին մէջ սէրը եւ լուսաւորելով անոր ճանապարճը . «Անօթի էի եւ ինծի կերակուր տուիք...»:
Այս խօսքով՝ Քրիստոս կու գայ յանձին Մայր Թէրեզայի հաստատելու, թէ անօթիները, լքուածները, աղքատները, արհամարհուածները, հիւանդներն ու տառապեալները Զինքը կը ներկայացնեն մեր մէջ ամէն տեղ: Եւ վերջին դատաստանին՝ իւրաքանչիւրիս դատաստանը պիտի հիմնուի եղբայրսիրութեան ու Քրիստոսի վերջին կոչին վրայ ՝ «Ծարաւի եմ»:
Մեր Աստուածային Վարդապետին այս խօսքը տակնուվրայ ըրաւ Մայր Թէրեզայի կեանքը եւ զինքը մղեց յագեցնելու աշխարհի ու մարդոց, բոլոր մարդերու ծարաւը՝ հոգեկան, հոգեբանական, ֆիզիքական ծառայութեան եւ ամբողջական նուիրումի ճամբով:
Մայր Թէրեզան երբեք ինքզինք ուշադրութեան կեդրոն չդարձուց, հակառակ անոր որ ուրիշներու կողմէ լուսարձակի տակ առնուեցաւ,
մանաւանդ 1979 թուականին, Նոպէլեան մրցանակ ստանալէն ետք, երբ մնայուն երեւոյթ դարձաւ: Սակայն, ան այդ բոլոր առիթները օգտագործեց մարդոց ուշադրութիւնը Յիսուսին ուղղելու:
Մայր Թէրեզան ինքնիր անձին հանդէպ շատ խստապահանջ եւ օրինապահ էր, սակայն միաժամանակ՝ ուրիշներու հանդէպ բարի էր, փափկանկատ, հոգատար եւ ծարայեղ համբերատար:
13 Սեպտեմբեր, 1997-ին, Կալկաթայի մէջ տեղի ունեցաւ Մայր Թէրեզային թաղումը : Արդեօք եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ արձանագրուած «Կալկաթայի Մայր Թէրեզա» գլուխը աւարտեցա՞ւ: Ո՛չ : Կը հաւատամ որ Մայր Թէրեզան այսօր ողջ է, կ'ապրի ոչ միայն Տիրոջ քով, որուն հաւատարմօրէն ծառայեց իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, այլ նաեւ ողջ է, եւ այսօր մեզի հետ է՝ երկրի վրայ եւ կ'ապրի իր միաբանութեան քոյրերուն միջոցաւ: Տարբեր ցամաքամասերու, երկիրներու մէջ եւս շարունակ կ'իմանամ, թէ որքան կենդանի է Մայր Թէրեզայի հոգին՝ իր հիմնած միաբանութեան քոյրերու կեանքին մէջ:
Ով որ այսօր կ'ուզէ տեսնել երանելի Մայր Թէրեզան, թող նայի անոր քոյրերուն: Ինչպէս որ Մայր Թէրեզային մէջ կարելի է ճանչնալ Աստուծոյ մատը, այնպէս ալ անոնց միջոցաւ մարդիկ այսօր կը ճանչնան Աստուծոյ սէրը:

† Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան
Օգնական Եպիսկոպոս
Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմին
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2018, 09:12