Գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայել Սագօ Պատրիարքը Գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայել Սագօ Պատրիարքը 

Պատրիարք Սաքօ. նոր հովուական իրաքի քրիստոնեաներուն համար

Պատրիարք Սաքոյի կարդինալական անուանումը պիտի նպաստէ նաեւ Իրաքի եւ Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղեցման ջանքերուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

4-էն-7  յունիս ամսոյն,  իրաքի մէջ կատարուած է հոգեւոր կրթութիւն աւելի քան 80 քաղդէացի քահանաներու, կրօնաւորներու եւ եպիսկոպոսներու։ Այդ առիթով յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է Իրաքի քրիստոնեաներուն մատուցանելու նոր հովուական մը։

Քաղդէացիներու Պատրիարք՝ Լուիս Ռաֆայէլ Ա. Սաքօ, որ յունիսի 29-ին Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ պիտի ընդունուի կարդինալնելու դասէն ներս, հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է այդ հոգեւոր կրթութեան եւ ներկայացուցած է տարւոյս օգոստոս ամսոյն 7-13 տեղի ունենալիք սիւնհոդոսի նպատակները, որոնց կարգին Քաղդէական Եկեղեցւոյ հովուական գործունէութիւնը, ծէսը, կղերի կազմաւորումը եւ քրիստոնեայ գիւղերու վերակառուցման օգնութիւնը։

Պատրիարք Սաքոյի կարդինալական անուանումը պիտի նպաստէ նաեւ Իրաքի եւ Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղեցման ջանքերուն։ Վերջերս աւելի քան ութ հազար ընտանիքներ վերադարձած են իրենց ծննդավայրը՝ նկատի առնելով քաղաքական վիճակի մատուցած նպաստաւոր պայմանները։ Սակայն Իրաքի հիւսիսային կողմը կը շարունակուին ընդհարումները Թուրքիոյ եւ Քիւրտերու միջեւ։

Պատրիարքը նկատած է նաեւ թէ «բաւարար չէ որ գաղթականները վերադառնան, այլ պէտք է զանոնք պահել՝ անոնց տալով յոյս եւ հոգեւոր, բարոյական եւ նիւթական օգնութիւն»։ Հինգ նոր քահանաներու ձեռնադրութիւնը առաւել փաստ մըն է որ Քաղդէական Եկեղեցին աշխուժ է եւ նուիրուած ժողովուրդի ծառայութեան։

Անդրադառնալով ապա գալիք սիւնհոդոսի առիթով քննարկուելիք խնդիրներուն, Պատրիարք Սաքօ անդրադարձած է նոր եպիսկոպոսներու անուանումներուն, ինչպէս նաեւ կղերի, կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներու կազմաւորումի հարցին։ Ան յիշած է նաեւ Քաղդէական Եկեղեցւոյ սփիւռքի համայնքներու աշխուժացման եւ հաւատացեալներու հովուականի պահանջքները։

Նկատի առնելով թէ 15 տարիներու պատերազմի շրջանին Իրաքի քրիստոնեաները շատ տառապած են եւ կամ գաղթած, Պատրիարքը կը նշէ, թէ ժողովուրդը շատ համբերող եղած է եւ պահած է հաւատքը։ Այսօր ճանապարհը բաց է, որ գաղթողները վերադառնան իրենց տուները։ Քրիստոնեաները պէտք է յոյս ներշնչեն իրաքի ամբողջ ժողովուրդին։

Վերջապէս Պատրիարք Սաքօ իր կարդինալական անուանումը կը նկատէ իբր կոչում եւ իբր աւելի ծաւալուն առաքելութիւն, նաեւ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան ի սպաս։ Սրբազան Պապը այդ անուանումով ոչ թէ վարձատրած է Պատրիարքը, այլ մտածած է Իրաքի եւ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներուն մասին։ Եպիսկոպոսներ եւ Պատրիարքներ պէտք է մարմնացնեն հաշտութեան, կայունութեան եւ բոլորի հանդէպ յարգանքի կոչը։

Հարցազրոյցի աւարտին Պատրիարք Սաքօ յիշած է թէ կը վայելէ բոլորին, նաեւ իսլամներու աջակցութիւնը Իրաքի մէջ։ Ներկայիս Իրաքը կը սպասէ նոր կառավարութեան մը կազմաւորումին։ Կառավարութիւն մը, ուրուն պիտի մասնակցին բոլոր տարրերը։ Անշուշտ կան խնդիրներ եւ բանակցութիւններ զանազան կողմերու միջեւ, «մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, օգնելու համար Իրաքի ժողովուրդին որպէս զի դուրս գան այս լարուածութեան շրջագիծէն» ըսած է Պատրիարքը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2018, 11:37