Որոնել

Պենտեկոստէ, Սուրբ Հոգի Պենտեկոստէ, Սուրբ Հոգի 

Սուրբ Հոգիին շնորհքները

«Քրիստոնէական կեանքին նպատակը՝ Սուրբ Հոգին շահիլն է»:

Քրիստոնէական կեանքի հիմնական խնդիրը հետեւեալն է. Ինչպէ՞ս ընդունիլ Սուրբ Հոգիին շնորհքը։ Ինչպէս միշտ բաց մնալ անոր դիմումին առջեւ։

Սուրբ Հոգիին Շնորհքները

«Քրիստոնէական կեանքին նպատակը՝ Սուրբ Հոգին շահիլն է» կ’ըսէր Սարովի Սերաֆիմը, որ ռուսական Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն մէկն է, մահացած՝ 1833ին։ Իսկ հայր Մարի-Էօժէն Յիսուս Մանուկի կը հաւաստիացնէ.

«Սուրբ Հոգիին հետ միութիւնը հոգեւոր կեանքի գագաթնակէտերուն մէկ պերճանքը չէ…։ Ո՛չ. Ան առաջին քայլն է, առաջին անհրաժեշտութիւնը»։

Քրիստոնեայ ըլլալ նախ պարտականութիւն մը չէ որ պէտք է կատարել, ոչ ալ կատարուելիք բաներու ցուցակ մը, այլ կը նշանակէ մանաւանդ յոյսով ու սիրով թաթաւուն հաւատքի ճամբով ընդունիլ հսկայ այն պարգեւը որ մեզի կը շնորհուի ձրիաբար։ Ապրիլ Աւետարանը՝ կը նշանակէ իր սահմաններու եւ մարդկային դիւրազգացութիւններու սրտին մէջ ընդունիլ Հօր ողորմած սիրոյ ամբողջ հարստութիւնը, օր ըստ օրէ այլակերպուիլ անոր կողմէ, ազատօրէն եւ առատաձեռնօրէն ընդառաջել այդ սիրոյն եւ զայն բաժնել անոնց հետ զորս Տէրը կը դնէ մեր ճանապարհին վրայ։

Աւելի քան երբեք, Աստուած կը ցանկայ յայտնաբերուիլ եւ հաղորդակցուիլ։ Ոչ մէկ բան իրեն աւելի ուրախութիւն կը պատճառէ քան հանդիպումը սիրտերու որոնք ամբողջական վստահութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ կ’ընդունին իր սիրոյն անընդհատ վերանորոգ շնորհը։

Կարելի է շատ ուրիշ պատճառներով ալ բացատրել կարեւորութիւնը Սուրբ Հոգիին բացուելու։ Միայն Սուրբ Հոգին կրնայ մեզ առաջնորդել ճշմարիտ ազատութեան։ «Հոն ուր կը գտնուի Տիրոջ Հոգին՝ հոն կը գտնուի ազատութիւնը» կ’ըսէ սուրբ Պօղոս (2 Co 3, 17)։ Միայն Հոգին Սուրբը մեզի բացայայտել կու տայ եւ մեր մէջ անընդհատ կը խորացնէ մեր իրական ինքնութիւնը, իբրեւ Աստուծոյ զաւակները։

Ոմանք ունին այն զգացումը որ քրիստոնեայ ըլլալը կը կայանայ կարգ մը բաներ ընելու մէջ եւ որ որքան աւելին կ’ընենք՝ այնքան աւելի լաւ քրիստոնեայ ենք։ Ասիկա երբեք չի համապատասխաներ Աւետարանին։ Քրիստոնէական կեանքին մէջ կարեւորը բազմատեսակ արտաքին գործերու մէջ խրիլը չէ, այլ բացայայտելը եւ գործադրելը այն կեցուածքները եւ վերաբերումները որոնք մեզ կ’առաջնորդեն Սուրբ Հոգիի գործին։ Ամէն ինչ ասկէ պիտի բխի։ Այն ժամանակ ի վիճակի պիտի ըլլանք կատարելու «այն բարի գործերը զորս Աստուած կանխաւ պատրաստած է որպէսզի զանոնք գործադրենք» ինչպէս կ’ըսէ սուրբ Պօղոս (Ep 2, 10)։

Հոգեւոր կեանքին մէջ, գործելը այնքան կարեւոր չէ որքան թոյլ տալը որ Աստուած գործէ մեր մէջ, մեր միջոցաւ։

Քրիստոնէական կոչումը մեզ կը հրաւիրէ շատ նուիրուելու։ Սակայն շատ նուիրուելու համար, առանց անշուշտ ինքնազոհաբերումը յանգի սպառումի, դառնութիւններու կամ պատրանաթափութեան, անհրաժեշտ է ընդունիլ սորվիլ։ Պէտք ունինք սորվելու ընդունիլ։ Ասիկա ամէնէն կարեւորն է, սակայն երբեմն նաեւ ամէնէն դժուարը քրիստոնէական կեանքին մէջ։

Թերեւս ամէնէն առատաձեռն անձն եմ որ կը նուիրուի ուրիշներուն, կը սպառի ուրիշներուն համար…։ Ընդունիլը յաճախ աւելի դժուար է։ Ասիկա կ’ենթադրէ որոշ խոնարհութիւն մը (ընդունիլ որ ուրիշին պէտք ունիմ) եւ կը պահանջէ նաեւ վստահութիւն մը հանդէպ ուրիշին, դէպի ուրիշը բացուածք մը, որ միշտ չէ որ ինքնաբուխ կ’ըլլայ։

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2018, 13:03