ԵՀԽ-ի կեդրոնը ԵՀԽ-ի կեդրոնը 

ԵՀԽ-ի կեդրոնական կոմիտէի ընդհանուր ժողովը:

ԵՀԽ-ի կեդրոնական կոմիտէի յաջորդ ընդհանուր ժողովը պիտի գումարուի գերմանիոյ մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

20 յունիս, 2018ին, աւարտեցաւ համայն աշխարհի 150 եկեղեցիներու պատուիրակութիւններէ կազմուած, եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական կոմիտէի ընդհանուր ժողովը։
Այս տարուան ընդհանուր ժողովին ընթացքին, կարեւոր որոշումներու շարքին, ժողովականները վճռած են ընդառաջել Գերմանիոյ աւետարանական եկեղեցւոյ հրաւէրին՝ 2021-ին , կեդրոնական կոմիտէի ընդհանուր ժողովը գումարել Գերմանիոյ Քարլսրուհ քաղաքին մէջ:
Յայտնենք, թէ ԵՀԽ- ի կեդրոնական կոմիտէն իր ընդհանուր ժողովը կը գումարէ 8 տարին անգամ մը եւ անիկա հիմնական կը նկատուի կոմիտէի անդամ եկեկեղեցներուն համամիութենական շարժումին ի սպաս:
ԵՀԽ-ի կեդրոնական կոմիտէի ընդհանուր ժողովի ընթացքին կը քննարկուին կոմիտէի ապագային հայող ծրագիրները: Տեղի կ՝ունենան կոմիտէի նախագահին ընտրութիւն, ինչպէմ նաեւ կը կատարուին անուանումներ:
Այս տարուան ընդհանուր ժողովին ընթացքին, համամիութենական խորհուրդի անադմներու կարեւոր նիւթ հանդիսասացաւ նաեւ երկու քորէաներուն միջեւ խաղաղութեան գործընթացը: Արդարեւ՝ Ճընեւի մէջ գումարուած ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին երկու քորէայի պատուիրակութիւններ որոնք քննարկեցին իրենց միջեւ գոյացած սերտ փոխյարաբերութիւնները: Այս առնչութեամբ կեդրոնական կոմիտէին անդամները անդրադարձան վերջերս երկու Քորէաներուն նախագահներու միջեւ ստորագրուած յայտարարութեան, յայտնելով թէ այդ յայտարարութիւնը քայլ մըն է դէպի խաղաղ եւ ապահով ապագայ՝ տարածաշրջանին մէջ։
Անդրադարձ կատարուեցաւ է նաեւ կոմիտէի հիմնադրութեան 70 ամեակին, նշելով թէ այս տարեդարձը կը զուգադիպի մարդու իրաւունքներուն համաշխարհային յայտարարութեան 70 ամեակին: Այս առնչութեամբ ԵՀԽ-ը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կարեւորեց մարդու իրաւունքներուն յայտարարութիւնը նկատելով զայն որպէս միջազգային իրաւական գործիք ՝ յատուկէն այնպիսի ժամանակամիջոցի մը մէջ՝ ուր մարդու իրաւունքները աւելի խաթարուած են: Յայտարարութեան մէջ ԵՀԽ կեդրոնական կոմիտէն կոչ ուղղեց համայն եկեղեցիներուն՝ աջակցելու մարդկային իրաւունքներու յայտարարութեան:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2018, 12:35