Ռայի Պատրիարքը Ռայի Պատրիարքը 

«Կը սպասենք բարեկարգումներ գործադրող կառավարութեան մը ծնունդին» շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց նաեւ փտածութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ բացումը կատարեց Լիբանանի եւ լիբանանեան սփիւռքի մէջ մարոնի համայնքի առաջնորդներու սիւնհոդոսին, որ պիտի ընթանայ երկու բաժինով եւ պիտի տեւէ մինչեւ շաբաթ, 16 յունիս 2018:

Բացման խօսքին մէջ Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ մարոնի հոգեւոր հայրերը Լիբանանի մէջ հաւաքուած են աղօթելու անոր գոյատեւումին եւ անոր հարցերուն լուծման նպատակով:

Ան ընդգծեց լիբանանեան միասնականութեան, մշակոյթին, քաղաքակրթութեան եւ ինքնութեան պահպանումին կարեւորութիւնը:

Ռայի պատրիարքը աւելցուց նաեւ, որ իրենք կ՛աղօթեն ու կը սպասեն Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան:  «Կը սպասենք բարեկարգումներ գործադրող կառավարութեան մը ծնունդին», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:

Ան անդրադարձաւ նաեւ լիբանանեան դպրոցներուն դիմագրաւած կրթաթոշակի հարցին` մտահոգութիւն յայտնելով, որ արձանագրուած նիւթական յաւելումներուն պատճառով շարք մը դպրոցներ կրնան փակուիլ, եթէ կառավարութիւնը չօժանդակէ դպրոցներուն բեռը թեթեւցնելու աշխատանքին:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց նաեւ փտածութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ մինչեւ սիւնհոդոսի աշխատանքներուն աւարտը, Պքերքէի դռները փակ կ՛ըլլան բոլոր հիւրերուն դիմաց:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2018, 08:24