Սուրբ գիրք Սուրբ գիրք 

Կիրակի 3 Յունիս 2018 Տօն Սուրբ Եկեղեցւոյ (Յովհաննէս Ժ. 22-30)

Իմ ոչխարներս կը լսեն ձայնս, ես կը ճանչնամ զանոնք եւ անոնք կը հետեւին ինծի:

Սուրբ Եկեղեցւոյ տօնը մասնաւոր ծիսակատարութիւն մը չունի մեր պաշտա-մունքին մէջ. Ան մեզի պարզապէս կը յիշեցնէ թէ Յիսուս Քրիստոս, մեր Տէրն ու Փրկիչն է որ հաստատած է այս աշխարհի վրայ` տեսանելի ընկերութիւն մը, զոր ինք կոչած է Եկեղեցի։ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ պատկանելու համար` հարկ է երեք պայման լրացնել. Հաւատացեալը պէտք է մտիկ ընէ իր հովիւի ձայնին, ապա պարտի հետեւիլ անոր ցուցմունքներուն. Ի վերջոյ Քրիստոս ինք` իր պաշտօնեային միջոցաւ` հարկ է որ ճանչնայ զայն որպէս մաս կազմող իր բանաւոր հօտին։
Իր կենդանութեան` Յիսուս կառավարեց այդ Եկեղեցին եւ սորվեցուց իր առաքեալներուն, իր մեկնումէն ետք` զայն յառաջ տանելու ձեւը։ Մինչեւ Սուրբ Հոգւոյ գալուստը, անոնք տակաւին կը տառակուսէին իրենց այս վսեմ կոչման մասին. Հոգին է որ դաստիարակեց զիրենք հրաշալիօրէն եւ իմաստութիւն ու կորով տուաւ նախ թափանցելու Քրիստոսի պատգամը եւ ապա զայն հաղորդելու իրենց յանձնուած հաւատացեալներուն։
Այսօր` 2000 տարիներ ետք` Քրիստոսի հիմնած Եկեղեցին միշտ կանգուն կը մնայ եւ կը յառաջանայ յաղթահարելով ամէն տեսակի դժուարութիւններուն եւ շարունակելով հաւատարմօրէն փոխանցել Քրիստոսի յայտնած խորհուրդը Աստուծոյ ու անոր ծրագրին մասին, ինչպէս նաեւ քարոզելու համայն մարդկութեան Քրիստոսի պատգամը, որ ի յայտ կու գայ իր սուրբ Աւետարանին մէջ։
Կարգ մը մարդիկ` մղուած չարի ուժերէն, կ՛ուզեն վարկաբեկել Եկեղեցին, զայն ծանրաբեռնելով զանազան ամբաստանութիւններով։ Եկեղեցին խոնարհաբար կ՛ընդունի իր սխալները, հատուցում կը կատարէ անիրաւուած անձերուն, սակայն իր ինքնութիւնը կը մնայ միշտ սուրբ եւ անաղարտ. Զայն կազմող անձերու մեղքերը չեն կրնար իր սրբութիւնը վիրաւորել. Յիսուս խոստացած է իր նեցուկն ու օգնութիւնը որպէսզի ան չընկրկի դժուարութիւններու ներքեւ։ Եկեղեցին կը գոյատեւէ ու կը յառաջանայ, հակառակ իր անդամներու տկարութեան. Առաքեալներն ու իրենց յաջորդները նոյնպէս սխալներ գործեցին, սակայն Եկեղեցին մնաց միշտ կանգուն դարերու ընթացքին։ Ան կը նմանի հսկայ բերդի մը որ պաշարուած է առանց դադարի զայն հարուածող թշնամիներէ. Որքան անոնք փորձեն քանդել իր պարիսպները եւ գրաւել զայն, այնքան զայն պաշտպանողները կը յաջողին վերաշինել քանդուած բաժինները եւ դիմադրել ու պաշտպանուիլ յարձակումներուն դէմ։ Յիսուս խոստացաւ Պետրոսի թէ դժոխքի ուժերը պիտի չկարենան յաղթել այն Եկեղեցւոյն զոր ինք հիմնեց։ Ուստի մենք կը յուսանք որ Յիսուսի օգնութեամբ եւ Մարիամի ու բոլոր սուրբերու հզօր պաշտպանութեամբ, Եկեղեցին պիտի չքանդուի ոչ ալ պիտի տկարանայ զայն տեւապէս հարուածող թշնամիներու տարափին տակ։
Սիրելի հայ հաւատացեալ, դուն ալ մաս կը կազմես այս Եկեղեցւոյն, քու մկրտու-թեանդ առաջին մէկ օրէն. Ուստի պարտիս դուն եւս պայքարիլ քու Եկեղեցւոյդ պայծառութեան համար. Տուր իմ Ազգիս խաղաղութիւն, Եկեղեցւոյ պայծառութիւն. Ահա ինչ որ կ՛երգենք Տէր Ողորմեա-ին մէջ։ Սակայն ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ քու պայքարդ։ Նախ հարկ է որ աղօթես Եկեղեցւոյ համար, ապա պէտք է որ հաւատքդ ուժեղացնես այս Եկեղեցւոյ հանդէպ. Հաւատամք եւ ի մի միայն, յընդհանրական եւ առաքելական սուրբ Եկեղեցի. Ի վերջոյ` եղբայրսիրութամբդ, պիտի ամրացնես զօդը Եկեղեցւոյդ. Ամէն։


Հայր Յովսէփ Քէլէկեան
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2018, 08:50