Որոնել

Հայ կաթողիկէ երկու հոգեւոր հովիւները սփիւռքի նախարարին հետ Հայ կաթողիկէ երկու հոգեւոր հովիւները սփիւռքի նախարարին հետ 

Սփիւռքի նախարարն ընդունեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրեր

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը ի սրտէ շնորհաւորեցին նախարարը:

Յունիս 18-ին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի, Ռուսաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մաշտոց վարդապետ Զահթերեանը եւ Շիրակի մարզի Փանիկ գիւղի Հայ Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ Հայր Գառնիկ վարդապետ Յովսէփեանը:

Վերջիններս ի սրտէ շնորհաւորեցին նախարարը եւ հրաւիրեցին ներկայ գտնուելու յուլիս 21-28 Թորոս գիւղին մէջ կայանալիք «Համայնքային երիտասարդական օրեր 2018» հանդիպման, որուն թեման է` «Մի՛ վախնար, Մարիամ, որովհետեւ Աստուծմէ դուն շնորհ գտար» (Ղուկաս 1, 30):

Ձեռնարկին պիտի մասնակցին 18-30 տարեկան հայ երիտասարդներ Հայաստանէն, Վրաստանէն, Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ Իտալիայէն, ինչպէս նաեւ պիտի միանան երիտասարդներ Լեհաստանէն:

Քաղուած Հայերն Այսօրէն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2018, 12:50