Որոնել

Ռայի պատրիարքը Ռայի պատրիարքը 

Ռայի Պատրիարքին կոչը Լիբանանցի պատասխանատուներունՙ պահպանելու ազգային միասնականութիւնըԼ

Lիբանանցի քաղաքացիին իրաւունքն է տնտեսական զարգացում եւ քաղաքացիական հիմնական իրաւունքներու,

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի 17 յունիս 2018-ին Պքերքէի մէջ նախագահեց Հայրերու օրուան նուիրուած պատարագին:

Իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը ողջունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, որ քաղաքացիական իմաստով բոլոր լիբանանցիներուն հայրն է: Ան նշեց, որ երկիրները կը զարգանան իրենց ժողովուրդներուն պարկեշտութեամբ եւ ոչ թէ տարակարծութիւններու, բանավէճերու եւ ուրիշին արժանապատուութիւնը վարկաբեկելու վրայ հիմնուած վարուելակերպով ու անպարկեշտութեամբ:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն պահպանելու ազգային միասնականութիւնը եւ վերջ տալու քանդիչ քարկոծումին:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանցի քաղաքացիին իրաւունքն է տնտեսական զարգացում եւ քաղաքացիական հիմնական իրաւունքներու, ինչպէս` բնակարանի, կրթութեան, բժշկական խնամքի եւ սնունդի ապահովում պահանջել:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2018, 08:33