Եւրոպայի արեւելեան կաթողիկէ եպիսկոպոսներու 21-րդ հաւաք Եւրոպայի արեւելեան կաթողիկէ եպիսկոպոսներու 21-րդ հաւաք 

«Աղօթք եւ բաժնեկցութիւն» Եւրոպայի արեւելեան կաթողիկէ եպիսկոպոսներու 21-րդ հաւաքին առթիւ։

Հաւաքը որ սկիզբ առած էր 14 յունիսին իր աւարտին հասաւ կիրակի 17 յունիսին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Արեւելեան Եկեղեցւոյ մը դիմագիծը. Աստուածաբանութիւն-Յատուկ իրաւագիտութիւն-Ծէս»։ Այս եղաւ Եւրոպայի մէջ գործող Եւրոպայի արեւելեան կաթողիկէ եպիսկոպոսներու 21-րդ հաւաքին՝ Իտալիոյ Լունկրօ թեմին մէջ կայացած ընդհանուր 21-րդ ժողովին գլխաւոր նիւթը։

Հաւաքը որ սկիզբ առած էր 14 յունիսին իր աւարտին հասաւ կիրակի 17 յունիսին ու հանդիսացաւ որպէս պատրաստութիւն Լունկրօ թեմին հիմնադրութեան (13 փետրուար 1919)  հարիւրամեակի տօնախմբութիւններուն։

Հաւաքի ընթացքին քննարկուեցան եպիսկոպոսին դերակատարութիւնը ու ծիսական զանազան հարցեր որուն աւարտին եպիսկոպոսները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ֆրանչիսկոս Պապին իրենց ուղղած քաջալերական խօսքերուն համար եւ գոհութիւն յայտնեցին աղօթքի եւ խորհրդածութեան միասնական պահերուն համար։

Միասնական աշխատանքի օրերուն ի յայտ եկաւ նաեւ թէ  եպիսկոպոսները իրենց սրտերուն մէջ կը կռեն Եւրոպայի մէջ ապրող Արեւելեան եկեղեցիներու  բազմաթիւ հաւատացեալներու տառապանքը, ներառեալ Ուկրանիոյ պատերազմի ողբերգութիւնը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ նաեւ Արեւելեան եկեղեցիներու հովուական ներուժը, որ պէտք է բաժնեկցիլ համայն եկեղեցւոյ հետ, նշուած է վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ ուր ապա ընդգծուած է. «Եւրոպայի Կաթողիկէ Արեւելեան եկեղեցիները փակ եկեղեցիներ չեն, ալ բաց են բոլոր հարցերուն, հալածուած քրիստոնեաներու տառապանքին, յատկապէս Միջին Արեւելքի եղբայրակից քրիստոնեաներուն, որոնք իրենց հաւատքը կ՛ապրին զայն վկայելով նոյնիսկ մեր օրերու նահատակներու արիւնով։ Ասոր համար եպիսկոպոսները կը միանան յառաջիկայ 7 յուլիսին Պարի քաղաքին մէջ կայանալիք աղօթքին, ձեռնարկուած  Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս պատրիարքներու հետ միասին, վկայելու համար խաղաղութեան իղձը համայն ու սիրելի Միջին Արեւելքին համար»։

Հաղորդագրութեան մէջ Եւրոպայի Արեւելեան եկեղեցիներու կաթողիկէ եպիսկոպոսները մօտիկութիւն կը յայտնեն բոլոր փախստականներուն որոնք ստիպուած եղան թողուլ տուն եւ ինչքեր, փախուստ տալու համար պատերազմներէն ու բռնութիւններէն, աւելի արժանավայել կեանքի մը փնտռտուքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2018, 09:46