Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբի ելոյթը Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբի ելոյթը 

«Տիրամայր Հայաստան» երգչախումբի համերգը Հայ Քոյրերու միաբանութեան Հռոմի Մայր Տան մէջ։

5 Յունիս 2018-ին, Հռոմի Մոնթեվերտէ շրջանի Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու մայր տան մէջ, նշուեցաւ միաբանութեան հիմնադրութեան 170 ամեակը

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 5 Յունիս 2018-ին, երեկոյեան 6.30-ին, Հռոմի Մոնթեվերտէ շրջանի մէջ գտնուող Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու մայր տան մէջ, նշուեցաւ միաբանութեան հիմնադրութեան 170 ամեակը ու անոր գործունէութեան սկիզբի 175-րդ տարեդարձը։

Միաբանութեան ազգանուէր ու անոր անդամներու անձնազոհ գործունէութիւնը սկիզբ առած է Պոլսոյ մէկ փոքրիկ տնակի մը մէջ՝ 5 յունիս 1843-ին, Մայր Սրբուհի Հաճի-Անտոնեանի յանձնառումով, որ ժամանակուայ առաջնորդ ու հետագայի հայ ազգի առաջին Ծիրանաւոր Կարդինալ Հասունեանի թելադրանքով իր շուրջ հաւաքած է 12 աղքատիկ աղջնակներ անոնց ապահովեցնելով ապաստան, դաստիարակութիւն ու հոգեւոր եւ բարոյական կրթութիւն։ Այդ խեղճուկ տնակի մէջ ապրուած փորձառութենէն, 1847-ին, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութիւնը կը հիմնադրուի ու կը ճանչցուի պաշտօնապէս։ Այդ օրէն անցած են ահա 170 տարիներ որոնց ընթացքին միաբանութեանս անդամները անխոնջ ու անձնուէր աշխատանքով երբեք չի զլացան իրենց ծառայութիւնը մատուցելու ի փառս Աստուծոյ, ի սէր եկեղեցւոյ եւ յօգուտ Հայ Ազգին։

Յոբելենական տօնախմբութիւնը սկիզբ առաւ միաբանութեան մեծաւոր Մայր՝ Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի Իտալերէն ու Հայրերէն արտասանած  ողջոյնի խօսքով որուն յաջորդեց Արհ Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեանի պատգամը՝ արտասանուած յանուն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս-պատրիարքին։

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Իտալիոյ մօտ Հայաստանի հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպա՝ն Տիկ Վիքթորիա Պաղտասարեան, ու դեսպանատան աշխատակիցներ, Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ արտակարգ ու լիազօր դեսպան՝ Տիար Միքայէլ Մինասեանի կողակիցը, Տիկ. Անուշ Մինասեանը ու դեսպանատան ներկայացուցիչներ, Սուրբ Աթոռի մօտ Իրաքի դեսպանը, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչի ներկայացուցիչը, Եգիպտոսի հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Արհ. Օգոստինոս Եպիսկոպոս Գուսան, եպիսկոպոսներ, Լեւոնեան Քահանայապետական Վարաժարանի Մեծաւորը՝ Գերյ Նարեկ Վարդապետ Նաամոյեան ու վարժարանի սաները, Քահանաներ, կրօնաւոր տարբեր  միաբանութիւններու մեծաւորներ ու անդամներ, Հռոմի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ ու Իտալացի բարեկամներ։

Մէկ ու կէս ժամ տեւած համերգի ընթացքին ներկաները յուզումով ու մեծ հիացումով  ունկնդրեցին Կոմիտասի, Մոցարթի, Սայաթ Նովայի, Պրամսի ու այլ աշխարհահռչակ հեղինակներու յօրինած երգերը որոնցմէ մի քանիները մշակուած էին Տիրամայր Հայաստան երգչախումբի ղեկավար՝ Մայեստրս Ռոպերթ Մլքեյանի կողմէ։

Համերգը վերջ գտաւ Երեւան Էրեբունի երգեցողութեամբ, նուիրուած Երեւանի հիմնադրութեան 2800ամեակին, որմէ ետք բոլոր ներկաները իրենց մասնակցութիւնը բերին,  Միաբանութեան Մայր Տան պարտէզներուն մէջ այս առթիւ սարքուած ճաշկերոյթին, որուն բացումը կատարեց ՀՀ Իտալիոյ մօտ դեսպանը՝ Տիկ Վիքթորիա Պաղտասարեան որ իր ելոյթին մէջ, իտալերէն ու հայերէն լեզուներով, ներկայացուց միաբանութեան՝ զոհաբերումի ու ծառայութեան հակիրճ պատմականը ու խօսքը աւարտեց  յարատեւութեան ու միշտ աւելի փայլուն ապագայի մաղթանքներով։

Ընթրիքի աւարտին ընթերցուեցան  միաբանութեան Մեծաւոր մօր այս առթիւ ուղարկուած գիրերէն մի քանիներ, որոնց շարքին՝ ՀՀ մօտ երբեմնի առաքելական նուիրակ՝ Գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթիի շնորհաւորագիրը, Եգիպտոսի մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Պրունօ Մուզարոյի գիրը, «Էօվր Տ՛Օրիան» բարեսիրական հաստատութեան նախագահ գերապայծառ Փասքալ Կոլնիշի գիրը եւ հայր Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեանի շնորհաւորականը, ապա դարձեալ խօսք առաւ Մայր Արուսեակը որ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն, միաբանութեան բարերարներուն, միաբանութեան բարեկամներուն ու դեսպան Մինասեանին՝ որ հովանաւորած է «Տիրամայր Հայաստան» երգչախումբի տեղափոխութիւնը Հռոմ,  բոլորէն խնդրեց որ իրենց աղօթքը բարձրացնեն առ Աստուած՝  որպէսզի շարունակէ միաբանութեան ուղարկել անձնուէր երիտասարդուհիներ, շարունակելու համար միաբանութեան Աստուածահաճոյ եւ ազգանպաստ առաքելութիւնը ձգտելով միշտ աւելի մեծ իրականացումներու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2018, 10:12