Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան հիմնադիր Կարդինալ Անտոն Հասունեան Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան հիմնադիր Կարդինալ Անտոն Հասունեան 

Ի փառս Աստուծոյ՝ ի ծառայութիւն Ազգիս Հայոց։ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան 170ամեակ։

Այս պատմութիւնը կը սկսի 5 յունիս 1843-ին

170 տարուայ պատմութիւն մըն է, հարուստ, բարդ, մերթ անհաւատալի, յաճախ հրաշալի:  Սա սիրոյ և յանձնառութեան պատմութիւնն է Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու. Սէրն Աստուծոյ, հաւատարմութիւնը Տիրամօր և յանձնառութիւնը հայ ազգին, ժողովուրդի կողքին, ամէնէն կարօտեալներուն:

Գեղեցիկ պատմութիւնն է 170 տարիներու որ քոյրերը գրած են իրենց առօրեայ աշխատանքով, կրկնապատկուած անձնուրացութեամբ  և հոգեպարար աղօթքներով:  Անոնք ճաշակած են երախտագէտ ծնողներու նայուածքներուն ջերմութիւնը, անմեղութիւնը երեխաներու որոնք, իրենց շնորհիւ, կրցած են յայտնաբերել և զարգացնել իրենց քրիստոնեայ հաւատքը, ինչպէս նաև շատերուն ապերախտութիւնը, անվստահութիւնը, կասկածը, մինչև մարտիրոսութիւն:

Անոնք հաւատարիմ մնացին իրենց առաջին կոչումին նուիրելով իրենց կեանքը, օրինակելի եղբայրսիրութեամբ, աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգին զաւակներուն:

Իրենց քաջութեամբ, քրտինքով, հաւատքով և արիւնով, անոնք գրեցին հայոց պատմութեան էջ մը, ինչպէս նաև էջ մը տիեզերական պատմութեան:  170 տարի ետք, պատմութիւնը կը շարունակուի:

ՀԱՅ ԱԶԳԻ ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒ Ւ ՆՊԱՍՏ

Այս պատմութիւնը կը սկսի 5 յունիս 1843-ին, երբ Մայր Սրբուհի Հաճի-Անտոնեան կ՛արձագանգէ Գերաշնորհ Անտոն Հասունեան Վարդապետին  կոչին, ան որ յետագային պիտի ըլլար Պատրիարք և Ծիրանաւոր:  Այս դեռատի օրիորդը գացած էր Հասունեան աթոռակալի մօտ յայտնելու համար իր բաղձանքը միանալու փակեալ հայ կրօնաւորուհիներու, որոնք՝ հալածանքներու հետեւանքով, ապաստանած էին Իտալիոյ Անքոնա քաղաքը:  Ան կ՛ուզէր նուիրուիլ աղօթքի կեանքի:  Ապագայ Պատրիարքը՝ որուն կ՛անհանգստացնէին հայ ժողովուրդի կարիքները, իրեն կը պատասխանէ նշանաւոր դարձած հետեւեալ բանաձևով. “Փոխանակ փակուելու Անքոնայի վանքին մէջ, հեռու հայ միջավայրէ,  հոս պիտի մնաս և պիտի գործես, շուրջդ ժողուելով ազգիդ աղջկունքը, մանաւանդ աղքատները” (Ժմնկգր.Ա.էջ 3):

Մի քանի տարի ետք, 9 դեկտեմբեր 1847-ին, այն օրը երբ հայերը կը տօնեն Տիրամօր Անարատ Յղութիւնը, 4 քոյրեր իրենց կրօնաւորական ուխտերը կը կատարեն, սկիզբ տալով Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան, Կոստանդնուպոլսոյ, Օսմանեան կայսրութեան մէջ:

Ս. Աթոռէն հաստատուած միաբանութիւն մը, ան կը ծառայէ հայ ժողովուրդին, պահպանելու համար իր կրօնքն ու մշակոյթը, զոհաբերումի և ամբողջական ապաւինումի հոգիով:  Կանոնադրութեան թիւ 13 յօդուածը յստակօրէն կ՛ըսէ. «Միաբանութեան առանձնայատուկ նպատակն է ծառայել հայ ժողովուրդի զաւակներուն, մասնաւորաբար աղքատ դասակարգին, կրօնական, բարոյական և տոհմային դաստիարակութեամբ:» Ուշադիր ժամանակի պահանջներուն՝ արտայայտուած Վատիկանի Բ. Տիեզերական ժողովէն, Միաբանութիւնը ամէնուրեք կ՛ընդառաջէ Եկեղեցւոյ հրաւէրին, հայ ազգի կարիքները բաւարարելու համար:

Այս "ամէնուրեք" ծառայելու կարիքը արագօրէն նոր հորիզոններ կը բանայ:  Արեւմտեան գաւառներու մէջ կը ճառագայթեն քոյրերը, մինչև Անգարա, տասը տարի ետք:  Այսպէս, 1859-էն 1869, քոյրերը ներկայ են Պարտիզակ, Պրուսա, Մարզուան, Կարին, Խարբերդ, Մալաթիա, Մարաշ և Պոլսոյ արուարձան՝ Սամաթիա։

ԱՌԱՆՑ  ՅՈՒՍԱՀԱՏԵԼՈՒ

Կոչումներու առատութիւնը, նորընծաներու բազմանալը և միաբանութեան զարգանալը մխիթարական դէպքեր են որոնք չեն թաքցներ սակայն դժբախտութիւնները և դժուարութիւնները :  1870-ին, հրդեհ մը ամբողջովին կը փճացնէ Միաբանութեան առաջին տունը:  1880-ին, քոյրերու պաշտպանը կը մեկնի Հռոմ Ծիրանաւորի տիտղոսը ընդունելու համար:  Իր մահը 1884-ին և հիմնադրուհի մօր վախճանիլը 1887-ին, մեծ կորուստներ են որոնց քոյրերը կը յաղթահարեն քաջութեամբ:  Իրենց կողքին, օգնութիւնները և բարերարները չեն պակսիր:

1889-ի դեկտեմբեր 9-ին, Ազարեան Պատրիարքը որ այժմ կը հոգայ քոյրերու կարիքները, պաշտօնապէս կ՛օրհնէ մատուռը և նոր բնակարանը, որ կառուցուած է Բերա, նախկին հրդեհի զոհ գացած շինութեան տեղը:  Արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Ֆրանսայի դեսպանի ներկայութեան:

Քոյրերու բնակարանը ոչ միայն ուժեղացած է իր քարային կառոյցով, այլ քոյրերուն պատրաստութիւնն ալ ճոխացած է մասնագիտացած ուսումով, որպէսզի անոնք կարողանան բարձրացնել ժողովուրդի մակարդակը թեմերէն ներս:  Անոնք որպէս ուսուցիչ ունին Մխիթարեան Միաբանութենէ հայրեր և Ֆրանսացի վարպետներ:  Շնորհիւ Ֆրանսայի հետ մշակած յատուկ կապերուն, ֆրանսերէն լեզուի ուսուցումը կը համադրուի հայերէնի և տեղական լեզուի հետ:

ԴԺԲԱԽՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

Մինչ այս նոր միաբանութիւնը արդէն 17 տեղ հաստատուած է, ամպերը կը բազմանան հայ ժողովուրդի երկնակամարին վրայ:  Սուլթան Ապտուլ Համիտի կողմէն հրամայուած 19րդ դարու վերջին ջարդերը պատճառ կը դառնան Մալաթիայի տան կողոպուտին որուն հետեւանքով քոյրերը կը վռնտուին և կը նետուին փողոց :

Աներկիւղ ի տես վայրագութիւններուն, վկայ իրենց ընտանիքներու անդամներուն ջարդերուն, քոյրերը կ՛օգնեն վիրաւորներուն, կը քաջալերեն մահամերձները և կը մխիթարեն երեխաները :

Հարկ է հիւրընկալել որբերը:  Փոթորիկը հազիւ հանդարտած, նոր տուն մը, Միաբանութեան Մայր Տան դիմաց, իր դռները կը բանայ, ընդունելու համար որբերը և աղքատ երեխաները:  Նոր թափով, 30 տուներ  կը բացուին  Էրզրում, Մալաթիա, Ատանա, Թոքաթ, Խարբերդ, Պանտրմա, Հաճըն, Վան, Քատըքէօյ, Բանկալթի, Տիարպէքիր, Հալէպ և Աղեքսանդրիա:  Եգիպտոսի Հելիոպոլսոյ տունը՝ հիմնուած 1890-ին, կը հիւրընկալէ մինչև 2500 աշակերտ:

Միաբանութիւնը կը հաշուէ 75 կրօնաւորուհիներ որոնք կը նուիրուին դասաւանդութեան: 

Հակառակ դժուարութիւններուն, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան այս առաջին շրջանը կը ծաղկի և կը բարգաւաճի:  Մնայուն և կանոնաւոր վերելք:  և սակայն, 1915-ին, ան պիտի խորասուզուէր եղեռնի արհաւիրքին մէջ:  Բնաջնջումի ծրագիրը, որ մէկ ու կէս միլիոն հայեր ոչնչացուց, խլեց նաև, իր մահասփիւռ յորձանքին մէջ, 13 քոյրեր որոնք իսկական մարտիրոսութիւն կրեցին :

13 ՄԱՐՏԻՐՈՍ 40 ՏԱՐԱԳՐԵԱԼ

Վերապրողները կը պատմեն քոյրերու քաջութիւնը և հերոսութիւնը ջարդերու և աքսորի ընթացքին :  Իրենց վկայութիւնը չափազանց յուզիչ է երբ կը պատմեն մեծաւորուհիի մը մասին որ կ՛աղաչէր դահիճին որ նախ իր քոյրերը մեռցնէին և ապա զինքը որպէսզի քոյրերու հաւատքը չտկարանար տեսնելով զինուորներու վայրագութիւնը:  Քրոջ մը հաստատամտութիւնը զինուորի մը ձեռքէն ազատելու Ս. Նշխարները և զանոնք յանձնելով երեխայի մը, բաժնելու զանոնք սոված մարդկանց, և կամ հրաշագործ վերապրիլը քրոջ մը՝ որ կացինի հարուած մը ստանալէ ետք  կը թաքնուի դիակներու մէջ:                                                                             

40 տարագրեալներու կողքին, հետեւեալ մարտիրոս քոյրերը՝

Իսկուհի Ղարիպեան                             Ռամելլա Խաչատուրեան

Երանուհի Մօրուքեան                          Գամիլլա Փիլիպոսեան

Համասփիւռ Գալբաքճեան                   Աննա Մեղմունի

Վասիլուհի Թօփալեան                         Մաքրուհի Բարձիկեան

Էմիլի Պապեան                                       Գլեմանդին Քէօյլեան

Շուշան Ազարեան                                  Մատլէն Իփէքճեան   

Ժերմէն Ափրիկեան                         

բաժնեցին հայ ժողովուրդին ճակատագիրը մինչև մահ, առանց ուրանալու իրենց առաջին խոստումը :

Հակառակ ծանր դժուարութիւններու, Միաբանութիւնը կը տոկայ:

Հալէպ՝ հիւրընկալ առաջին քաղաքն ըլլալով ընդունելու հիւծած տարագրեալները և իրենց ծնողներէն բռնագրաւուած որբերը, վերապրող քոյրերը իրենց սրտերը և վանքերը լայն կը բանան, որբանոցներու վերածելով իրենց դպրոցները:

Հաւատարիմ իր առաքելութեան, աքսորի ճամբաներուն վրայ նետուած ընտանիքներուն կողքին ըլլալու համար, Միաբանութիւնը նոր տուներ կը բանայ Պէյրութ, Աղեքսանդրիա և Պաղտատ:  Ուրիշներ կը յաջորդեն քանի որ կարիքները հսկայական են:

Այս միաբանական հոգածութիւնը իր առաջնահերթ տիպարը պիտի գտնէ նոյնինքն Հռոմի Սրբազան Պապին անձին մէջ:

ՔԱՍԹԵԼԿԱՆՏՈԼՖՕ, ԹՈՐԻՆՕ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱ

Ի տես հայ ժողովուրդի ահաւոր տագնապին, Պիոս ԺԱ. Քահանայապետը, Քաստելկոնտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցին մէջ կը հիւրընկալէ 400 որբուհիներ, որոնք շուտով կը դառնան 500:  Անոնց կ՛ընկերանան 12 կրօնաւորուհիներ:  Մի քանի ամիս հոն մնալէ յետոյ, կը տեղափոխուին Թորինօ:  Ասոնց ներկայութիւնը այնպիսի ժողովրդականութիւն կը վայելէ որ մինչև իսկ քարտեր կը տպուին որբերու խմբային նկարներով:  1929-ին, այս որբուհիները կը հասնին Ֆրանսա, Փարիզի Սէն Կրասիէն արուարձանը և ապա Առնուվիլ, քոյրերու վանքին մէջ որ բացուած է 1931-ին, շնորհիւ Վսեմաշուք Աղաճանեան Ծիրանաւորի անձնական միջամտութեան:  Երկար տարիներ, քոյրերը մայրական սիրով կը հոգան որբուհիները, ապահովելով անոնց ուսումնական դաստիարակութիւնը:  Անոնք կ՛օգնեն նաև գտնելու իրենց հարազատները:  Մեծամասնութեամբ կ՛ամուսնանան և ոմանք կ՛որոշեն իրենց կեանքը նուիրել Աստուծոյ և հայ ժողովուրդին անդամակցելով Քոյրերու միաբանութեան:

1923-ին, խուսափելու համար նմանօրինակ իրադարձութիւններէ և վտանգներէ, Միաբանութեան Մայր Տունը Պոլսէն կը փոխադրուի Հռոմ որ մինչև այսօր կը մնայ Միաբանութեան կեդրոնատեղին :  Շէնքին անկիւնը, վանքին մուտքին, ինչպէս նաև պարտէզին մէջ, Անարատ Յղութեան արձանը ներկայ է:  Պարտէզին մէջ, արձանը մարմարէ պատուանդանի վրայ դրուած է որուն վրայ փորագրուած են նաեւ 13 մարտիրոս քոյրերու անունները:

ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ

Սուրիոյ հետ, ամբողջ Միջին Արեւելքն է որ կը հիւրընկալէ հայ փախստականները:  Հալէպի մէջ, Սրբուհի Թերեզա Մանուկ Յիսուսի դպրոցը կու գայ ամբողջացնել Սբ. Աննա որբանոցը:  Ապա, Զուարթնոց դպրոցը իր դռները կը բանայ դժուարին պայմաններու տակ ուր ձմեռը "աւելի ցուրտ էր ներսը քան դուրսը", կը յիշատակեն տարեց քոյրերը:  Դամասկոս՝  Էլ-Զուհուր դպրոցը, որ շրջան մը փակ էր, կրկին կը բանայ իր դռները:  Քամշլիի դպրոցը եղած է իսկական դարբնոց մը, աղբիւր բազմաթիւ կրօնաւորական և քահանայական կոչումներու :

Լիբանանի մէջ, Քոյրերը կը հաստատուին Պէյրութ:  Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին՝  որ իր հարիւրամեակը պիտի տօնէ 2022-ին, կը յաջորդեն Պուրճ-Համմուտի Սբ. Ագնէս Վարժարանը, Աշրաֆիէ, Տիւրոս, Զահլէ, Այնճար:  Այս բոլոր հաստատութիւնները կը հիմնուեցան որովհետև որբերը և փախստականները կազմեցին իսկական սփիւռք մը:  Արեւելեան կողմը, Իրանի Թեհրան  և Իսպահան, անցնելով Յորդանանէն և Երուսաղէմէն:  Արեւմտեան կողմը, ունինք ֆրանսան, Մարսիլիա  և Լիոն, մինչև Միացեալ Նահանգներ:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին յաջորդող տարիները մռայլ պատկեր մը կ՛ընձեռեն,  քանի որ Միջին-Արեւելքի բախումները կրկին կը ջլատեն հայերը:  Ստիպուած՝ անգամ մը ևս,  անոնք կը պատրաստեն իրենց պայուսակները, որպէսզի ապահով տեղ հասցնեն իրենց ընտանիքները:  Նոր արտագաղթէ մղուած, անոնք գիտեն թէ կրնան վստահիլ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերուն, որոնք միշտ հաւատարիմ են իրենց նախնական կոչումին:  Ֆիլատելֆիա, 1967, Պոսթոն, 1980, և Լոս Անճելըս, 1984 :  Քոյրերը կ՛ապրին իսկական թափառաշրջիկներու կեանք մը, ծառայելով հայ ժողովուրդին և իր պանդուխտ զաւակներուն:  Մինչ Միջին Արեւելքը կը դատարկուի, Ամերիկան հայերու նոր հոսանք մը կ՛ընդունի.  նոր մարտահրաւէր մը քոյրերուն որոնք ատլանտեան ովկիանոսէն անդին կ՛երթան առանց անգլերէն բառ մը իմանալու:  Սակայն, նոյն վճռականութեամբ և առանց տկարանալու, կը հետեւին նոր աշխարհի օրէնքներուն:  Այն դաստիարակութիւնը որ կը ջամբեն հայ ընտանիքներու երեխաներուն, շուտով կը հասնի պահանջուած ծրագրի բարձր մակարդակին:  Ֆիլատելֆիոյ մէջ, Մոնթէսորի մանկավարժական մօտեցումը, որ կը քաջալերէ երեխային նախաձեռնութիւնը, շօշափելի արդիւնքներ կու տայ:

ՔԵԶԻ ՀԱՄԱՐ,  ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Նուիրուած Աստուծոյ և հայ ազգին, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերը անտարբեր չեն կրնար ըլլալ մարդկային և հոգեւոր թշուառութեան ժողովուրդի մը, որ իր պապենական հողին վրայ համայնավարութեան լուծը կը կրէ:

Արտասովոր մէկ դիպուածով, կործանարար երկրաշարժն է որ Հայաստանի դռները պիտի բանար քոյրերուն:  7 դեկտեմբեր 1988-ի երկրաշարժը, մի քանի վայրկեանի մէջ, պիտի աւերէր երկիրը, խլելով հազարաւոր մարդոց կեանքը:  Շփոթած որբեր կը փնտռեն իրենց ծնողները. տարեցները մնացած են առանց երդիքի, ժողովուրդը զրկուած է ամէն միջոցէ:  Պատասխանատուներու անհոգածութիւնը կ՛արագացնէ վատ կառավարուող սովետական համակարգի անկումը:  Հայաստանը կ՛ազատագրուի ճնշումէն, սակայն երկիրը ահաւոր վիճակի կը մատնուի:

Մինչ Մայր Թերեզայի Գթութեան Քոյրերը արդէն Սպիտակի մէջ կը ծառայեն, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերը անհամբեր են հայրենիք երթալու:  Անոնք 1990-ին կը փութան Հայաստան:

Հայաստանի առաքելութիւնը պաշտօնապէս կը հիմնուի 8 սեպտեմբեր 1992-ին, Արեւիկ գիւղի մէջ:  Իրենց պապենական հողին վրայ, անոնք կը լծուին աշխատանքի պետական դպրոցներու մէջ կրօն դասաւանդելով:  Հարկ է օգնել երեխաներուն որոնք դասերու ընթացքին իրենց գիտակցութիւնը կը կորսնցնեն բաւարար սնունդի պակասէն: Անհրաժեշտ է վերականգնել զիրենք ամարային հանգիստի միջոցով:  1994-ի ամրան, 150 երեխայ Հանքաւանի մէջ կը հանգստանան:  Յաջորդ տարին, մօտ 300  կը վայելեն Բիւրականի բնութիւնը:  1997-ին, ամարային ճամբարը կը հաստատուի Ծաղկաձոր և հետզհետէ հանգստացողներու թիւը կը հասնի 900-ի:  2018-ի ամրան, Քոյրերը տօնելու են ճամբարային գործունէութեան 25ամեակը :

1998-ին, Գիւմրիի Տիրամայր Հայաստանի Պօղոսեան Կրթահամալիրը կը բանայ իր դռները՝  որբ և լքուած երեխաներու:  2009-ին Տիրամայր Արհեստի դպրոցը կը բացուի Ֆրանսայի « Apprentis d’Auteuil » կազմակերպութեան օժանդակութեամբ:  2010-ին, Նատին Պասմաճեան Ծերերու Ցերեկային կեդրոնը իր երդիքին տակ կը համախմբէ 40 միայնակ ծերեր իսկ 2015-ին Երեւանի Անի Պէզիքեան Երիտասարդական կեդրոնը լուսաւոր և ապահով օրրան մը կը դառնայ համալսարան յաճախող ուսանողներու:

Վերոյիշեալ կառոյցներու կողքին, Քոյրերը ստեղծած են նաև ուրիշ երկու կարեւոր  հաստատութիւններ:  1994-ին, հիմնուած է Տաշիրի ցերեկային կեդրոնը՝ որբ և կարիքաւոր երեխաներու համար, և նոյն տարին, հոգեւոր և մարդասիրական կեդրոն մը՝ Վրաստանի Հեշտիա գիւղի մէջ, ուր այսօր կը գործէ նաև մանկապարտէզ մը:   

Քոյրերու գործունէութիւնը քաջալերելու նպատակով, սփիւռքի բարերարներ և մարդասիրական կազմակերպութիւններ ինչպէս Հայ Ալիանս Հիմնադրամը և Պօղոսեան Հիմնադրամը, Ամերիկայի  «Գնեվա» ն  (Կաթողիկէ օգնութեան միութիւն), Ֆրանսայի «Օէվրը Տորիան»ը, Գերմանիոյ «Քիրխիննոտ» ը և «Ռենովապիս»ը և ուրիշներ օգնութեան կը հասնին:

Կենսական և հրաշալի գործունէութիւններ հայ ժողովուրդի պահանջները բաւարարելու  համար, սակայն կարիքները  հսկայական են:  Ինչպէս Աւետարանը կ՛ըսէ. « Հունձքը առատ է, սակայն մշակները՝ սակաւ.»  հարկ է կոչումներ հետապնդել առաքելութիւնները ծաղկեցնելու համար :

Պատասխանը ազգին զաւակներուն սրտին և ձեռքին մէջն է:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2018, 08:46