Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Աշխատանքը սուրբ է.

Աշխատութիւնը ցարդ մարդը յոգնեցնելէ աւելի, աշխուժացուցած է, եւ նոյնիսկ աւելի՛ առողջացուցած աշխատող մարդը:
Աշխատանքով իրագործուած են աշխարհի մեծամեծ գործերը, ու անով պատուուած՝ զայն իրականացնողները: Աշխատանքը աղօթք նկատուած է, սրբութիւն համարուած է, յառաջդիմութեան նշան ընդունուած է եւ այլ դրական բնորոշումներ ստացած:
Աշխատանքին ամէնէն սերտ գործակիցը յարատեւութիւնն է, իսկ անոր մտերիմ բարեկամը՝ համբերութիւնը:
Յարատեւութեան եւ համբերութեան միջեւ նոյնութիւն տեսնել սիրողներ կը սխալին յաճախ, որովհետեւ առաջինը եթէ զուտ կամքի պրկման խնդիր է, երկրորդին՝ համբերութեան մէջ, առաքինութիւն եւս կը նկատուի: Յարատեւող մարդը կրնայ նկարագրով ազնիւ չըլլալ, սակայն պարզապէս իր ստանձնած աշխատանքը հետապնդելու յամառութիւն ունենալ: Մինչդեռ համբերութիւնը հոգեկան խառնուածքի եւ դաստիարակութեամբ ընկալուած կազմաւորման հետեւանք է:
Նոյնիսկ զրկանքներու գնով կրնայ մէկը համբերել եւ ամէնէն ծանր անարգանքները կրել հեզութեամբ:
Սուրբերու կեանքը, նման համբերատարութեամբ, շատ օրինակելի կը ներկայացուի յաճախ: Սակայն, յարատեւօրէն իր գործին փարած մարդը, կրնայ իր յամառութեամբ նաեւ մեծ վնասներ հասցնել զայն խոչընդոտող անձերուն: Անոր նպատակը ուրիշ բան չէ՛, բայց միայն իր գործին յաջողութիւնը, ինչ ալ ըլլան ատոր հասնելու պայմանները, որովհետեւ անիկա միջոցներու միջեւ խտրութիւն չի՛ դներ:
«Գլուխը կախած աշխատողներու» կարելի է հանդիպիլ, տարբեր մակարդակներու վրայ: Անոնք միայն պետական ու քաղաքական, դիւանագիտական թէ յարաբերական բարձրագոյն խաւերու մէջ գործող անձերը չեն: Արքունական դիւանի ամէնէն պատուաբեր աշխատանքներէն սկսեալ, մինչեւ բանուորական ամէնէն համեստ խաւերուն տրուող աշխատանքները նուիրական են, եթէ անոնք կը կատարուին խղճմտօրէն ու պարտականութեան խոր գիտակցութեամբ:
Հակառակ դրական աշխատանքի բարեբեր արդիւնքներուն, անիկա միշտ ալ ունեցած է իր թշնամիները:
_Կատարած աշխատանքիդ համար թշնամիներ ունենալը, շատ բնական երեւոյթ է, _ կ՛ըսէր, փորձառու մարդը, որ իր կեանքի ընթացքին բազմատեսակ հարուածներ ալ ստացած էր, ուրիշներու հաշւոյն դրական գործ կատարելուն եւ զանոնք ուրախացնելուն համար:
Սա կը հաստատէ, թէ աշխատանքը նաեւ նախանձ առթող երեւոյթ է մարդու կեանքին մէջ: Անիկա իր այս հանգամանքով, պէտք էր յառաջդիմութեան պատճառ հանդիսանար, դրական մրցակցութեան դուռ բանալով մարդոց միջեւ: Սակայն, այդ դրական մրցակցութեան հիմնական խոչընդոտը նախանձը կը դառնայ, արգելակելով աշխատանքին բարի ընթացքը, եւ անդամալուծելով զայն գործի դնող անձը:
Աշխատանքին նպատակը եւս կարեւոր կը նկատուի անոր թողելիք բարի համբաւին համար: Մարդիկ իրենց մահէն ետք իսկ կ՛անմահանան իրենց կատարած դրական ու բարի աշխատանքին համար: Ուրեմն, այն համբաւը որ աշխատանքը ու զայն իրագործողը պիտի վաստակի, կրնայ ի սկզբանէ ի յայտ գալ, անոր ունեցած նպատակին ճամբով: Կրնայ պատահիլ, որ մարդ իր բարի աշխատանքը չ՛աւարտած՝ մահանայ: Սակայն, երբ աշխատանքին նպատակը բացայայտ էր սկիզբէն, ուրեմն բարի աշխատանքի լծուած մարդը կրնայ գնահատուիլ, նոյնիսկ այս աշխարհէն ֆիզիքապէս բաժնուելէն ետք:
Աշխատանքի ընթացքին պատահած ձախորդութիւնները բնա՛ւ պատճառ չեն յուսահատելու: Ամէն մարդու կեանքին մէջ ալ կրնան պատահիլ անակնկալներ, որոնք այս կամ այն չափով կրնան արգելք հանդիսանալ իր աշխատանքին յաջողութեան: Սակայն, երբ այդ անակնկալները սովորական պատահարներ են՝ ինչպէս բնական աղէտներ ու հիւանդութիւններ, մեղադրանքի տեղի չեն տար: Սակայն, երբ այդ պատահարները մարդոց կողմէ կը պատճառուին, ու մանաւանդ ատոնք կատարուող աշխատանքը խայտառակելու դէպքեր կ՛ըլլան, այնքան ալ չեն վնասեր աշխատողին: Որովհետեւ, աշխատանքը խայտառակողները իրե՛նք կը խայտառակուին, իրենց վատ վերաբերումին համար:
-Ո՞վ կրնայ բարի աշխատանքը խայտառակել:
-Նախանձողը, տգէտն ու ծոյլ մարդը:
Նախանձ, տգիտութիւն եւ ծուլութիւն: Ահաւասիկ եռեակ միութիւնը, որ կրնայ ոչ միայն խոչընդոտել բարի աշխատանքը, այլ նաեւ փորձել խայտառակել այն: Պէտք է յիշեցնել սակայն, թէ բարի աշխատանքը ինք, ո՛չ կը խայտառակէ, ո՛չ ալ կը խայտառակուի, այլ միշտ կը գտնուին մարդիկ, որոնք կը փորձեն խայտառակել բարի աշխատանքը:

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2018, 10:53