Համբարձումն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Համբարձումն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի 

Է. Կիրակի Յինանց Համբարձումն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի

Հայերու համար` Համբարձումը ժողովրդական ազգագրական մեծ տօներէն մին է։
Կիրակնօրեայ Քարոզը

Ինչու՞ սակայն այս տօնը եւ ոչ ուրիշ մը։ Բոլոր ժողովուրդները գրեթէ անխտիր ունին իրենց գարնան տօնը. Անոնք կամ գարնան առաջին օրերուն` կամ առաջին շաբթուայ ընթացքին` արտերը կ՛երթան կերուխումի ու զուարճութեան համար եւ օր մը ամբողջ  կ՛ացնեն իրենց ընտանիքին, դրացիներուն ու բարեկամներուն հետ։ Շատ մը երկիրներու մէջ, այսօր նոյնիսկ գոյութիւն ունին գարնան արձակուրդները, երբ դպրոցները փակ կը մնան եւ ժողովուրդը առիթը կ՛ունենայ իրենց զաւակներուն հետ վայելելու գարնան նուիրած առաջին ուրախութիւնները։

Բնութիւնը կը ծաղկի, օդերը կը պայծառանան եւ ժողովուրդին տրամադրութիւնը աւելի ուրախ կը դառնայ։ Այս պատճառաւ ալ իր այս ցնծութիւնը կ՛արտայայտէ դաշտա-գնացութեամբ եւ զանազան ուրիշ հանգստաւէտ զբաղումներով։ Հայերն ալ անշուշտ պահած են այս սովորութիւնը, սակայն որոշ տարբերութեամբ մը, որով Հայերս միշտ մօտ եղած ենք մեր քրիստոնէական արմատներուն։ Հայ ժողովուրդը միշտ փնտռած է մօտիկ եկեղեցական տօն մը, որպէսզի կատարէ իր զուարճութիւնը Աստուծոյ հովանաւորութեան ներքոյ, եւ գարնան շրջանի առաջին մեծ տօնն է Համբարձումը։ Հայը իր տօնական օրը նախ կ՛անցնէ եկեղեցւոյ մէջ, ուր իր հոգին կը լեցուի ներքին հրճուանքով եւ ապա` կը մասնակցի զուարճութեան ու խրախճանքի։

Աւա՜ղ սակայն այս օրերուն` Հայը, հետեւելով ուրիշ ազգերու եւ մշակոյթներու օրինակին, տակաւ առ տակաւ կը մոռնայ իր հոգեւոր պարտականութիւնը Տիրոջ հանդէպ, պահելով միայն տօնական զուարճութեան գաղափարը, եւ մոռնալով իր հայրերու բարի սովորութիւնը, տօնակատարութիւնը սկսելու սրբութեամբ եւ աղօթքով։ Մենք հարկ է որ պայքարինք հոգեկանը միշտ վառ պահելու համար մեր ժողովուրդի սրտին ու մտքին մէջ, որովհետեւ այդպէս միայն կրնանք պահպանել մեր սուրբ հաւատքը, եւ հաւատքի խողովակով` մեր ազգային նկարագիրը։

Համբարձումը Քրիստոսի վերացումն է այս աշխարհէն։ Առաջին աշակերտներուն համար` ասիկա անշուշտ տօն մը չէր, որովհետեւ իրենց վարդապետը եւ Տէրը կը բաժնուէր իրենցմէ, կը թողուր այս աշխարհը վերանանլու համար դէպի իր երկնաւոր Հօր աջակողմը, վերագտնելով իր աստուածային փառքը, այս մէկ տարբերութեամբ սակայն որ այս անգամ իր հետ կը տանէր իր մարդկային մարմինը, այսպէսով օրինակը տալով նոյն մարմնի փառաւորութեան, որ ամէն մարդու պիտի վիճակուի այսուհետեւ։

Այլեւս մեր յոյսը իրական է քանի երկնքի մէջ իրական մարդու մը փառաւորեալ մարմինը կայ։ Քրիստոս` իր մեկնումովը աշխարհէն, մեզ չէ լքած, այլ ճիշտ հակառակը, ինչպէս որ ինք ըսաւ իր աշակերտներուն, ան գնաց մեզի ամէնուս համար տեղ պատ-րաստելու երկնքի մէջ։ Մարդս առանձին չէ այլեւս տիեզերքի մէջ. Քրիստոսի անձը կը ներկայացնէ համայն մարդկութեան վիճակը եւ անոր սահմանուած փառքը երկնքի արքայութեան մէջ։ Այդ արքայութիւնը սկիզբ առած է այս աշխարհի վրայ, ան կը գտնուի Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ. Ամէն մէկ եկեղեցի մէկական տուն ու տաճար է ուր Աստուած կը բնակի եւ այսպէսով կը հաստատէ իր թագաւորութիւնը մարդոց միջեւ։

Եկէք սիրելի հաւատացեալներ, այսօր մեր աղաչանքն ուղղենք առ Աստուած, խնդրելով որ իր այս թագաւորութիւնը աւելի հաստատուն ըլլայ մեր սրտերուն մէջ եւ տարածուի ամենուրեք, հասնելով բոլոր այն ազգերուն որոնք տակաւին բաղդը չեն ունեցած ճանչնալու Քրիստոսը եւ հետեւելու անոր պատգամին. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2018, 09:24