Le parabole di Gesù Le parabole di Gesù 

Խորհրդածութիւն. «Լսեցէք ուրիշ առակ մըն ալ»:

Ունկնդրութեան հրաւէրը չի կայանար անցողական դիրքորոշումիմը մէջ, այլ իսկական ենթադրութեան մը, որ գործնականի մէջ կը դրուի :

Այս առակին մէջ Յիսուս կ'ուզէ ուշադրութիւնը դնել հրաւէրի եւ ունկընդրութեանը վրայ: «Լսեցէք ուրիշ առակ մըն ալ. ունկնդրութեան հրաւէրը չի կայանար անցողական դիրքորոշումիմը մէջ, այլ իսկական ենթադրութեան մը որ գործնականի մէջ կը դրուի :

Լսեցէք ուրիշ առակ մըն ալ

Սուրբ Յակոբը, իր կարեւոր թուղթին մէջ մեզ կը ներկայացնէ այն սահմանափակ մարդը որ կրաւորկան ունկնդրութեան կ'ենթարկուի:
«Ով որ կ'ունկնդրէ խօսքը եւ չի գործադրեր զայն, նման է մարդուն որ ակնապիշ կը դիտէ իր պատկերին, եւ որ կը ծնի հայելիին մէջ, կը նայի, կը տենսէ ինքզինք եւ կը մոռնայ թէ ինչպէս էր (Յակոբ 1,23-24)»: Կենդանի ենթադրութիւն մը կարելի է, երբ կը հաւատանք թէ Քրիստոսն է որ մեզի կը խօսի եւ մանաւանդ թէ ինծի կ'ուղղէ իր պատգամը, եւ մանաւանդ առաջինն եմ որ պէտք եմ ստանալ այս պատգամը: Շատ դիւրին է երբ հաւատացեալ ըլլայ ան ուրիշէն խնդրել որ Աւետարանը ընդունի եւ գալել իր խօսքերուն ետեւէն:
Երբ այգեգործը գայ ի՞նչ պիտի ընեն ծառաները: Այս հարցումը 2000 տարիներէ ի վեր կը հարցուի իւրաքանչիւր հաւատացեալին: Մենք որպէս ունկնդիրներ Քրիստոսի խօսքին, արդե՞օք պիտի կարենանք ճանչնալ մեր կեանքի հայելիին միջոցաւ մեր անձը, ինչպէս նաեւ ճանչնալու մեր հոգեւոր կեցուածքին դիրքորոշումը, այսինքն կրցանք օգտուիլ այս շնորհքէն որ Աստուած ինծի շնորհեց: Արդե՞օք կրցայ պտղաբեր դառնալ ինծի յանձնուած հասարակութեան: Յիսուս մեզի կու գայ որովհետեւ Ան այսօրուայ հոգեւոր խօսքն է ինծի համար:
Տէրը մեզի կ'առաջարկէ ճշգրիտ թափանցում մը, մտային եւ կենդանի որ մեզի համար կը դառնայ գործնական իր խօսքին հետ: Կրնանք ապրիլ Յակոբի զաւակներուն նման, եւ եղբայրները Յովսէփին ՝ հաւատալով թէ մեր բոլոր ցաւերուն աղբիւրը ուրիշէ մը կու գայ այսինքն ոչ Աստուծմէ:
Կեանքը մեզմէ կը պահանջէ որ իւրաքանչիւրս ջանայ փոխուիլ եւ պատրաստ ըլլալ փոխուելու որպէս զի ընդունինք այն կեանքին փոփոխութիւնները որ Աստուծմէ կու գան: Այսպէսով է որ կրնանք մենք աշխարհ փոխել՝ մեզմէ սկսեալ՝ մենք մեզի հարցնելով եթէ իրապաշտ ենք այն մեղքերուն որ Աստուծոյ մահը պատճառեցին Աստուծոյ չար ոգիներուն յանձնել իրենց չարամտութիւններով եւ սխալներով: Դժբավտաբար այս վատ պտուղները Աստուծոյ կը նուիրենք հակառակ որ արժանի է ամէնէն գեղեցիկին եւ բարիին:
Թող Աստուծոյ խօսքը ցոլայ մեր հոգիին հայելիներուն վրայ որպէսզի մենք մեզի դիտենք ինչպէս որ ենք Աստուծոյ աչքերուն մէջ:
Տէր, քու խօսքերդ լսելով կ'ուզեմ որ ինծի ցուցնես քու սրտիդ ճանաչման եւ քու իմաստութեանդ գանձերը: Ինծի շնորհէ այս մեծ գանձը որ է իմ ինքնաճանաչումս եւ մանաւանդ իմ մեղքերս: Տուր ինծի ուժը փոխելու եւ քու կամքդ կատարելու, քու շնորհքիդ միջոցաւ հասնելու աւելի խորունկ եւ հոգեւոր վերադարձի:
Ով Մայր իմ Սուրբ Կոյս Մարիամ, ինծի սորվեցուր մտիկ ընելու եւ փոխուելու Յիսուսի անձին միջոցաւ: Ամէն:

Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2018, 08:35