Որոնել

Կարդինալ Ռայի ու նախագահ Մաքրոն Կարդինալ Ռայի ու նախագահ Մաքրոն 

Ռայի Պատրիարքին կոչը՝ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման համաձայնութիւն գոյացնելու համար։

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն հաստատելու կարեւորութիւնը:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Փարիզ, 30 մայիսին հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի վարչապետ Էտուար Ֆիլիփ Մաթինիոնի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրադարձութիւններուն նկատմամբ լիբանանցիներուն մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ միջինարեւելեան զարգացումներուն ունեցած հետեւանքները Լիբանանի ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին վրայ:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն հաստատելու կարեւորութիւնը:

Ան լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ բարեկամական պատմական յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ Ֆրանսա պէտք է նեցուկ կանգնի Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ շրջանցել իր քաղաքացիներուն սպառնացող դժուարութիւններն ու վտանգները:

Ռայի պատրիարք դարձեալ կոչ ուղղեց Միջազգային ընտանիքին` Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու իմաստով համաձայնութիւն գոյացնելու: Ան աւելցուց, որ Միջին Արեւելքի խաղաղութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ շրջանի բոլոր երկիրներուն, յատկապէս` սուրիացի տեղահանուածներուն բեռան տակ կքած եւ տնտեսական տագնապալի իրավիճակի մէջ գտնուող Լիբանանի վրայ:

Այս շրջագիծին մէջ, Ռայի պատրիարքը հաստատեց խաղաղութեան նուիրուած խորհրդաժողով մը կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Արեւելքի ժողովուրդներուն օժանդակել` իրենց երկիրներուն մէջ խաղաղութեամբ ապրելու:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Մաթինիոնի կողմէ նշմարեց նկատառելի հոգատարութիւն մը: Ան նշեց, որ Մաթինիոն ընդգծած է Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի սէրը եւ հաստատած, որ Լիբանանի դիմագրաւած զգայուն պահերուն Ֆրանսա անոր նեցուկ պիտի կանգնի եւ անոր աջակցի:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ան ըսաւ. «Սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը լուծելու իմաստով լիբանանեան պետութեան եւ սուրիական վարչակարգին միջեւ գործակցութեան կարելիութիւն կայ: Այս մէկը լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնն է: Մենք Լիբանանի մէջ կ՛ապրինք քաղաքական տագնապ` նկատի ունենալով, որ քաղաքական ուժերը բաժնուած են երկու մասի: Անոնցմէ ոմանք սուրիական վարչակարգին կը զօրակցի, իսկ ուրիշներ հակադրուած են անոր: Բան մը, որ կը սառեցնէ երկրին քաղաքական եւ տնտեսական կեանքը»:

Ռայի պատրիարք յայտնեց, որ լիբանանցին աղքատացած է` ի հետեւանք սուրիացի տեղահանուածներու հսկայ թիւին:

Ան աւելցուց, որ արտագաղթի հոսքը խախտած է հաւասարակշռութիւնը` շեշտելով, որ եթէ կացութիւնը այսպէս շարունակուի, ապա Լիբանանի ինքնութիւնը պիտի փոխուի:

«Մենք Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքներէն կը տառապինք` տնտեսական առումով, յատկապէս նկատի ունենալով, որ դէպի արաբական աշխարհ մեր ճամբաները փակ են եւ այդ պատճառով մենք տնտեսապէս շատ սուղ վճարած ենք», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցի լուծման պատասխանատուութիւնը միացեալ է` աւելցնելով, որ պէտք է քաջալերել անոնց տունդարձը, իսկ Միջազգային ընտանիքը պէտք է օժանդակէ անոնց տուներ կառուցելու աշխատանքին: «Կը նախատեսուի նաեւ, որ այս իմաստով Լիբանանի բարեկամ երկիրները իրենց կարգին օժանդակութիւն ցուցաբերեն, որովհետեւ Լիբանան սկսած է մտահոգուիլ իր ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգէն», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Ֆրանսա իր կարգին կառչած կը մնայ միջազգային որոշումին, որուն համաձայն, սուրիացի տեղահանուածները երբ որ ուզեն կը վերադառնան Սուրիա, «եւ մենք այդ մէկը կը մերժենք», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ Լիբանան մտահոգ է, որ տարիներ շարունակ տեղահանուածներուն Լիբանան կեցութիւնը ի վերջոյ պիտի յանգի անոնց լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու:

Ան ցաւ յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձին իմաստով միջազգային կամք գոյութիւն չունի` քաղաքական պատճառներով:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կազմուելիք նոր կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է կատարել շարք մը բարեկարգումներ, եւ այդ իսկ պատճառով կը նախընտրենք, որ կազմուի փորձառու մասնագէտներէ բաղկացող դահլիճ մը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2018, 09:46