Մալթայի Ասպետական կարգի պալատը Մալթայի Ասպետական կարգի պալատը 

Եղբայր Ճաքոմօ Տալլա Թորրէն ընտրուեցաւ Մալթայի Ասպետական կարգի նոր «Աւագ Վարդապետ»։

Մալթաի Ասպետական կարգը ներկայ է աշխարհի 120 երկիներուն մէջ եւ ունի 2 հազարէ աւելի ընկերա-բժշկական ծրագիրներ եւ 120 հազար կամաւորներ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 2 մայիս 2018-ին,  Մալթայի Ասպետական կարգը ընտրեց իր նոր «Աւագ Վարդապետը» յանձինս Եղբայր Ճաքոմօ Տալլա Թորրէ տէլ Թեմփիօ Տի Սանկուինեթթոյին, որ կը հանդիսանայ ասպետական կարգի 80-րդ «աւագ վարդապետը»։

Ան՝ 29 ապրիլ 2017-ին, նշանակուած էր Մալթայի Ասպետական կարգի կառավարիչ եւ այսօրուայ ընտրութեամբ  ցկեանս կը դառնայ «Աւագ Վարդապետ»։ Լուրը կը հաղորդէ ասպետական կարգի հաղորդակցութեան գրասենեակը տեղեկացնելով նաեւ թէ լուրը նամակով մը հաղորդուեցաւ նաեւ Ֆրանչիկսոս Պապին ինչպէս նաեւ Կարգի բոլոր անդամներուն ու 107 երկիրներու մէջ ունեցած դիւանագիտական գրասենեակներուն։

Նորընտրեալ «Աւագ Վարդապետը» երդման արարողութիւնը պիտի կատարէ Քահանայապետի տեղակալ՝ գերապայծառ Անճելօ Արքեպիսկոպոս Պեչչուի եւ Կարգի Խորհուրդի անդամներու ներկայութեամբ, վաղը՝ 3 մայիս 2018-ին, Հռոմի Ավենթինօ շրջանի Սրբուհի Մարիամ եկեղեցւոյ մէջ։

Նշենք թէ Մալթաի Ասպետական կարգը ներկայ է աշխարհի 120 երկիներուն մէջ եւ ունի 2 հազարէ աւելի ընկերա-բժշկական ծրագիրներ ուր կը գործեն աւելի քան 120 հազար կամաւորներ ու բժիշկներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2018, 17:57