Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին արձանը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին արձանը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ 

Վանականութիւն. Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացիի մեկնաբանութիւնները:

Հաղորդաշար՝ պատրաստեց Հայր Ներսէս Վրդ. Սագայեան:

Նախորդ հաղորդումներուն մէջ անդրադարձանք քահանայական եւ կրօնաւորական կարգերու տարբերութեան, յիշելով Գրիգոր Տաթեւացի Վարդապետի խօսքերը։ Այսօր նոյն հարցը շարունակելով յիշենք Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացիի մեկնաբանութիւնները։

«Նախ նկատենք, թէ քահանայական եւ կրօնաւորութեան կարգը իրարմէ անջրպետութեամբ հեռու են, որովհետեւ քահանայութիւնը նախապատուութիւն է եւ երիցութիւն՝ ժողովուրդին մէջ։ Իսկ կրօնաւորութիւնը մեռուցում է Քրիստոսի հետեւողութեամբ, կարգ խոնարհութեան եւ լռութեան՝ եւ ո՛չ իշխանութեան, ինչպէս կը յայտնէ երանելի Դիոնիսիոս՝ իւրաքանչիւրի  կատարելագործումի օրինադրութեան նկատմամբ։ Տարբեր են նաեւ զգեստներու բարեձեւութիւնը եւ աղօթքները, որոնք կը կատարուին իւրաքանչիւրին վրայ։ Պէտք է գիտնալ, որ այս խոնարհ կրօնաւորութեան լուծը ամէն ոք ո՛րեւէ տարիքէ կրնայ յանձն առնել՝ կամաւոր կերպով յօժարելով։ Բայց քահանայութիւնը բոլորին չէ տրուած, եւ ոչ ալ թոյլ կու տայ որ կամաւոր ընտրութիւն կատարէ մէկը, այլ կը վստահի վերակացու հօր եւ եպիսկոպոսին, երբ ան մէկը արժանի կը դատէ այս շնորհքին արժանանալու պատուին, որ անաչառ կամքով կը դատէ հասակի, իմաստութեան եւ սրբութեան կատարելութեան բաւարարութիւնը։ Որովհետեւ այսպէս օրինակ կու տայ մեզի երանելի Դիոնիսիոս, թէ միանձնացեալ կրօնաւորները միայն եկեղեցւոյ մէջ նախապատիւ տեղ կը գրաւեն՝ քան ժողվուրդը։ Իսկ քահանաները եւ սարկաւագները՝ իշխան եւ հրամանատու են անոնց եւ ժողովուրդին։ Ասոր վկայ են երանելի եգիպտացի հայրերը։ Անոնք բոլորն ալ կրօնաւորական վիճակ ունէին, բայց անոնցմէ մէկը դժուարաւ կը ձեռնարկէր երիցութեան, եւ բազմաթիւ եւ բիւրաւոր կրօնաւորներու մէջ միայն մէ՛կ երէց կʼըլլար, ինչպէս կը սորվեցնեն անոնց գրքերը։ Երանելի Եփրեմ կրօնաւոր էր, բայց Սուրբ Բարսեղ զայն մեծ թախանձանքներով սարկաւագութեան պատիւի բարձրացուց։ Եւ ինչու՞ համար այս կը յիշենք. որպէս զի հաւանական վկայութիւններովս յայտ ըլլայ՝ թէ կրօնաւորական կարգը աւելի փոքր է եւ յետին՝ քան քահանայութեան պատիւը։ Մենք կը տեսնենք այս օրէնքի սահմանը մեր ժամանակներուն մէջ ամբողջովին հակառակ փոխուած։ Եւ կը զարմանամ մեր հասարակաց կուրութեան վրայ։ Որովհետեւ բոլորս կը հրաժարինք կրօնաւորութենէ, որպէս ծանր եւ դժուարին գործ, եւ բոլորս ալ քահանայութեան կը ձգտինք։ զարմանալի, եւ ծաղրանքի արժանի է այս գործը, որովհետեւ քահանայանալով՝ կրօնաւորութեան կերպարանք կʼառնենք. եւ չենք մտածեր այն՝ թէ այս ձեւը ա՛յն օրհնութեան կը պատշաճի, եւ անօրէնութիւն է կրօնաւորութեան ձեւը մարդոց փառքին համար առնել, եւ օրհնութենէն հրաժարիլ։ Նաեւ խաբէութիւն է Աստոծոյ եւ մարդոց դիմաց, որովհետեւ անոնց արտաքսապէս իբր աբեղայ կʼերեւինք, իսկ մենք ինքնին մեր անձը չենք ճանչնար աբեղայութեան այն կարգին մէջ։

Ո՜վ թշուառ անմտութիւն, եւ արժանի ողբալու իմաստուններու կողմէ, որովհետեւ այլ ազգերէն ո՛չ մէկը կը տեսնենք ներգրաւուած այս տգէտ յիմարութեան մէջ, բայց միայն մենք թշուառներս, որովհետեւ անոնք բոլորը վանքերու եւ կրօնաստաններու մէջ կը բազմացնեն կրօնաւորները եւ ա՛յն օրհնութեամբ կը կնքեն, եւ ա՛յն կերպարանքը կու տան, իսկ քահանայութեան եւ սարկաւագութեան պատուին՝ անոնցմէ քիչեր ընտրելով կը վիճակեն։ Սակայն ասոնցմէ բոլորէն աւելի տգէտ ըլլալով չենք գիտեր մեր հակառակ ընթացքը, որովհետեւ հովուական գաւազանի եւ մաճկալութեան գործի եւ այլ անբան արհեստներով տգէտ մանուկներ կʼաճեցնենք, փոխանակ միանձնութեան քահանաներ պատրաստենք։ Եւ կրօնաւորութեան օրհնութիւնը այնպիսիներու աչքին ծանր երեւիլ կու տանք՝ զայն մեռելութիւն կոչելով։ Եւ արդ եկուր քննենք այս իւրաքանչիւրին զօրութիւնը, եւ բանաւոր կերպով իրարմէ զատենք մեծը եւ փոքրը, եւ նախ այս հաստատենք։ Ի՞նչպէս թէ մեռելութիւն կը կոչես կրօնաւորական սքեմը, եւ անոր համար կը խուսափիս անկէ, ինչու՞ ուրեմն չես զգուշանար մկրտութենէն, չէ՞ որ ան ալ այսպիսի մեռելութիւն է։ Ինչպէ՞ս հասկնանք Պօղոսի խօսքը՝ «Որք մկրտեցայք ՚ի Քրիստոս Յիսուս՝ ՚ի մահ անդր նորա մկրտեցայք, թաղեցաք ընդ նմին մկրտութեամբն ՚ի մահ։» Եւ նոյնպէս «Մեռարուք, եւ կեանքն ձեր ծածկեալ են ընդ Քրիստոսիւ յԱստուած. եւ որք մեռայք մեղացն, զիա՞րդ տակաւին ՚ի նմին կայցէք»։ Ասով Պօղոս Առաքեալ կը յայտնէ մկրտութեան խորհրդակատարումը՝ օծումը, արարողութիւն կատարելը եւ ապա ջուրի մէջ ընկղմիլը.  եւ ինքնին մկրտութեան մէջ այրեր եւ կիներ, մեռանք աշխարհի եւ անոր ցանկութիւններուն, եւ ապա ընդունեցանք մեղքի թողութիւն, եւ կենդանացանք Աստուծոյ մէջ։ Իսկ եթէ այս այսպէս է, պիտի ըսէ մէկը, ի՞նչ է կրօնաւորութեամբ վերստին մեռելութեան յաւելումը։ Եկուր զիջիր խօսքիս, եւ քեզի պիտի ըսեմ, ո՛չ թէ իմ խօսքերս, այլ սուրբ հայրերունը։

Մկրտութեամբ, մեռած ենք աշխարհի, բայց ոչ անոր ցնորքներուն։ Որովհետեւ Սուրբ Գիրքը մեր կարողութենէն աւելի ոչ մէկ բան օրինադրեց, այլ ապաստանեցանք կամքին, ինչպէս Տէրը կʼըսէ՝ «այն որ կարող է տանիլ՝ թող տանի» կուսութիւնը։ Եւ Պօղոս կʼըսէ, թէ «պատուական է ամուսնութիւնը եւ սուրբ է անկողինը. ես կոյսերու համար Տիրոջմէ հրաման մը չունիմ, բայց միայն խրատ կու տամ, լաւ է եթէ անոնք ինծի նման մնան։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2018, 08:35