Որոնել

Sua Beatitudine Krikor Bedros XX e primo Ministro armeno Sua Beatitudine Krikor Bedros XX e primo Ministro armeno 

Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին շնորհաւորագիրը ՀՀ վարչապետին

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս ի Կաթողիկոս Պատրիարքը շնորհաւորագիր յղեց ՀՀ նորընտիր վարչապետին:

Մեծարգոյ Տիար Նիկոլ Փաշինեան

Նորընտիր Վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան

Մեծարգոյ Վարչապետ,

Սրտի անհուն ուրախութեամբ, կու գանք շնորհաւորելու Ձեզ, Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի խաղաղ ընտրութեան եւ պաշտօնի ստանձնումին առիթով:

Լիայոյս ենք, որ Ձեր այս անզուգական ընտրութեամբ եւ յոյժ կարեւոր առաքելութեամբ՝ պիտի կարենաք համայն հայութեան ակնկալութիւններն ու առաջադրանքները իրագործել, յատկապէս ի սպաս ազատ, խաղաղ, բարգաւաճ եւ հզօր Հայաստանի, իրականացնելով եղբայրական անկեղծ, արդար ու ճակատագրական միասնականութիւնն ու համագործակցութիւնը հայրենաբնակ մեր բոլոր եղբայրներուն ու քոյրերուն միջեւ՝ անխտիր:

Մայր Հայաստանի Աստուածամօր եւ Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր բարեխօսութեամբ եւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ նորահռչակ Վարդապետ՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթքով, Ամենակալ Տիրոջմէ ջերմագին կը հայցենք Աստուածային օրհնութիւնը Ձեր անձին եւ Ձեր պատուարժան գործակիցներուն վրայ, մաղթելով լիուլի յաջողութիւններ Ձեր նոր ու դժուարին առաքելութեան:
Աղօթից հաւաստիքով եւ Հայրապետական օրհնութեամբ՝

ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց
Տուեալ՝ ի Կաթողիկոսական Աթոռոյ մերում,
ի Վանս Զմմառու, 9 Մայիսի 2018
Դիւան թիւ ԳՊ/ՆՂ/067/18
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2018, 08:21