«Կորսուած Քաղաքէն դէպի Հոգեւոր Հայրենիք» «Կորսուած Քաղաքէն դէպի Հոգեւոր Հայրենիք» 

Շնորահանդէս՝ «Կորսուած Քաղաքէն դէպի Հոգեւոր Հայրենիք» գրքին։

Կիրակի 29 Ապրիլ 2018-ին, Իսթանպուլի «Սուրբ Փրկիչ» Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Կորսուած Քաղաքէն դէպի Հոգեւոր Հայրենիք» գրքին շնորահանդէսը

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի 29 Ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 17․30-ին, Իսթանպուլի պատմական Ղալաթիա թաղամասին «Սուրբ Փրկիչ» Հայ կաթողիկէ հնագոյն և առաջին աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի թրքերէնով լոյս տեսած «Կորսուած Քաղաքէն դէպի Հոգեւոր Հայրենիք» գրքին շնորահանդէսը: «Արաս» հրատարակչատունէն ի լոյս ընծայուած այս հատորը հիմնականօրէն թարգմանութիւնն է Իտալիոյ մէջ 2000 թուականին հրապարակուած  «L’Armenia e gli armeni. Polis lacerata e patria spirituale, la sfida di una soppravvivenza» գրքին, որուն որպէս յաւելուած, «Հրանդ Տինք Հիմնարկին» 2010-ի գիտաժողովին հեղինակին կողմէ թրքերէնով ներկայացուած բացման զեկոյցն ալ կը ներկայացուի ընթերցասէր հանրութեան:

Ձեռնարկին, որուն նախագահեց գրքին հեղինակ՝ Արհի. Գերապայծառ Տէրը, ներկայ էին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Իսթանպուլի Աւետարանական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Վեր. Գրիգոր Աղապալօղլու, Շիշլիի քաղաքապետ՝ Հայրի Ինէօնիւ, Իսթանպուլի հրեայ համայնքապետին ներկայացուցիչը, Փոքրամասնութիւններու Հիմնարկներու միութեան ատենապետ՝ Մօրիս Լեւի, վաստակաւոր իրաւաբան Հիւսէյին Էլ Հաթեմի եւ Տիկինը, «Արաս» հրատարակչատան տնօրէնութիւնը, հայ եւ օտար հոգեւորականներ, հայ հոգաբարձութիւններու ատենապետներ, հիմնարկներու եւ դպրոցներու տնօրէններ, մտաւորականներ, իսթանպուլահայ մամուլի ներկայացուցիչներ, լրագրողներ եւ շատ բարեկամներ:

Ձեռնարկին հայերէն եւ թրքերէն բացման խօսքը արտասանեց Ռոպէր Գօփթաշ «Արաս» հրատարակչատան կողմէն: Ան յայտագրին հետ ներկայացուց օրուան բանախօսները եւ ընդհանուր պատկեր մըն ալ պարզեց հատորին պատրաստութեան մասին:

Հատորը ներկայացուցին երկու բանախօսներ՝ Դոկտ. Մուրատ Ճանքարա եւ Դոկտ.  Մեհմետ  Ֆաթիհ  Ուսլու,   որոնցմէ  առաջինը  անդրադարձաւ  գրքին չորս գլուխներէն առաջին երկուքի մասին: 25 դարերու վրայ երկարող հայ ժողովուրդին պատմութիւնն է որ հեղինակը գրքին մէջ ներկայացուցած է խտացեալ ձեւով, ըսաւ ան: Գրքին ամենակարեւոր գաղափարներէն է, աւեցուց ան, ժողովուրդներու գաղթի երեւոյթին ըմբռնումը, եւ հետեւաբար նոր հայրենիքի մը եւ այս նորին մէջ ինքնութեան պահպանումին եւ նոր պայմաներուն հետ համընկնումի հարցն է, որու մասին հեղինակը ակադեմական ինքնատիպ դիտարկումներ կատարած է:

Դոկտ. Մեհմետ Ֆաթիհ Ուսլու, շարունակելով գրքին ներկայացումը, շեշտը դրաւ աւելի գիրքին մէջ յատուկ տեսանկիւնէ դիտուած Օսմանեան կասրութեան մէջ ապրող հայերու իրավիճակին եւ հայ-թուրք յարաբերութեանց մասին: Ան անդրադարձաւ մանաւանդ գրքին վերջին գլուխի մասին: Երկու բանախօսներէն ետք դուդուկահար Էրթան Թեքին հանրութիւնը հրապուրեց իր վարպետի շունչով:

Շնորահանդէսին վերջին բաժինը վերապահուած էր Արհի. Գերապայծառ Տիրոջ, որ այժմէական նկատեց այն բոլոր հարցերուն պատասխանները որոնք անցեալի պատմութեան էջերէն կը հասնին մեզի: Ապա ան իր սրտի գոհունակութիւնը եւ շնորհաակլութիւնը յայտնեց երեկոն կազմակերպողներուն եւ ներկաներու մասնակցութեան համար, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաւորապէս թարգմանիչին՝ Սեմա Փոսթաճըօղլուին: Ի վերջոյ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ Արհի. Գերապայծառ Տէրը մակագրեց իր նորատիպը բոլոր փափաքողներուն:

Յիշատակի արժանի է, որ նոյն «Արաս» հրատարակչատունը 2001-ին Արհիապատիւ Գերապայծառ Տիրոջ «Հայերը եւ Արդիականութիւնը» տիտղոսով, այս անգամ անգլերէնէն թարգմանաբար, այլ մէկ գիրքն ալ հրատարակած էր:

 

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

30 Ապրիլ 2018

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2018, 08:46