Որոնել

Յիսուսի առաքելաները Յիսուսի առաքելաները 

Բարթողոմէոս պատրիարքին այցը Հռոմի Սուրբ Առաքեալներու Պազիլիքա՝ 23 մայիսին։

Պատրիարքը պիտի մեծարէ Սուրբ Փիլիպոս ու Յակոբոս առաքեալներու մասունքները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յառաջիկայ 23 մայիս 2018-ին, Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողոմէոս Ա. պիտի այցելէ Հռոմի 12 Սուրբ Առաքեալներու պազիլիքան այնտեղ մեծարելու համար Սուրբ Փիլիպոս ու Յակոբս առաքեալներու մասունքները»։ Լուրը կը հաղորդէ Պազիլիքայի ժողովրդապետ« Եղբայր Անիելլօ Սթոյա տեղեկացնելով նաեւ թէ Պատրիարքը՝ 23 մայիսի 18.30-ին, Պազիլիքայի մէջ պիտի գլխաւորէ աղօթքի արարողութիւն մը՝ որուն ընթացքին պիտի մեծարուին Փիլիպոս եւ Յակոբոս առաքեալներուն մասունքները։ Արարողութեան աւարտին Պատրիարքը հանդիպում պիտի ունենայ, կրցեր եղբայրներու միաբանութեան անդամներուն հետ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2018, 11:34