ACS posa la prima pietra di altre 97 case cristiane ad Homs, Siria. ACS posa la prima pietra di altre 97 case cristiane ad Homs, Siria. 

«Յիսուս իմ ժայռս է» 97 նոր բնակարաններ Հոմս քաղաքին մէջ

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» բարեսիրական հաստատութիւնը միշտ նեցուկ կանգնած է Սուրիոյ քրիստոնաներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետական բարեսիրական հաստատութիւնը Սուրիոյ Հոմս Քաղաքին մէջ կը զետեղէ քաղաքի քրիստոնեայ ընտանիքներուն յատկացուած այլ 97 բնակարաններու շինութեան առաջին քարը: Այս մասին կը հաղորդէ վերոյիշեալ հաստատութիւնը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշուած է « նախորդ օրերուն Հոմսի Ասորի Օրթոտոքսներու եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն եւ որուն ընթացքին Հոմսի մէջ 97 քրիստոնեայ ընտանիքներ, «տառապող եկեղեցւոյ Օգնութիւն» հաստատութեան կողմէ ստազան իրենց բնակարաններուն շինութեան առաջին քարը, որուն վրայ գրուած է »Յիսուս իմ ժայռն է»:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Սուրիա վերադարձող 97 նոր բնակարաններու սեփականատէրերու մէկ ընտանիքը կը պատկանի մարոնի համայնքի, 26 ընտանիք Յոյն մելքիդ համայնքի, 11 ընտանիք յոյն օրթոտոքս եկեղեցւոյ մինչ 59՝ ընտանիքներ Ասորի Օրթոտոքս համայնքին:

«2011 թուականէն ի վեր տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետական հաստատութիւնը Սուրիոյ ժողովուրդին նուիրած է աւելի քան 24 միլոն եւրօ: «Սակայն այս քաջարի մեր քրիստոնեայ եղբայրները տակաւին կ՝ապրին մեծ դժուարութիւններուն մէջ եւ մեր պարտականութիւնն է իրականացնել իրենց ՝ նոր բնակարան ունենալու երազը: Անոնցմէ կը սորվինք ինչ կը նշանակէ ունենալ կայուն եւ անքաքտելի հաւատք, որովհետեւ Յիսուս՝ Սուրիոյ ահռելի պատերազմի ընթացքին նաեւ երբեք չի դադրեցաւ անոնց համար ժայռ ըլլալէ» գրուած է միշտ հաստատութեան հրապարակած վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2018, 13:18