ՍՐԲՈՒՀԻ ՌԻԹԱ - Խորհրդածութիւն
Այո՛, տակաւին կ'ապրինք ու միշտ պիտի ապրինք հրաշագործութիւններուն համերգը, որուն կը յաջորդեն շնորհակալութեան օրհներգը, երախտագիտութեան սիրերգն ու գովերգը:
Ս. Ռիթա իր գործը կը շարունակէ անդուլօրէն եւ սքանչելապէս՝ անգամ մը եւս, բայց միշտ նորակերպ հրաշադէպքով փաստելով եւ արդարացնելով իր տիտղոսները՝ անկարելիին սրբուհին եւ կորսուած դատերուն սրբուհին:
Այո՛, հրաշագործ սրբուհիին համերգը միշտ կը հնչէ եւ պիտի մնայ անդադրում: Ան կը շարունակէ իր սքանչելագործութիւնները՝ ամէն տեղ, ամէն պահ եւ ամէն անձի համար, որ կը վստահի Ռիթային, որ Աստուծմէ կանչուած է հանդիսանալու Անկարելիին Սրբուհին ու կորսուածին փաստաբանը:
Այո՛, Ս.Ռիթա որքան սիրեց Յիսուսը, այնքան ալ սիրեց Մարիամը՝ Մայրը Յիսուսի:
Այո՛, Ս. Ռիթա որչափ կատարելագործուեցաւ Յիսուսով, այնչափ ալ կատարելագործուեցաւ Մարիամէն:
Այո՛, Ս. Ռիթա սրբացաւ Յիսուսի մէջ եւ Յիսուսի համար, բայց նաեւ Մարիամով ու Մարիամին հետ :
Արդ, կարեւոր հարցում մը կը պարտադրէ ինքզինքը հոս. «Ո՞վ է Ս. Ռիթա՝ յիսուսասիրութենէն ու մարեմասիրութեամբ կատարելութեան հասած եւ հրաշագործութեամբ հռչակեալ այս անձը»:
Ճշմարտութիւնը հետեւեալն է: Թէեւ սուրբը հարազատ զաւակն է այն ժողովուրդին, որմէ ծնած է, սակայն եւ այնպէս չի պատկանիր միայն ազգի մը: Սուրբը միջազգային պատկանելիութիւնն է: Ան հասարակաց է: Բոլորին համար է : Համաքրիստոնէական է : Նաեւ այս սահմանագիծէն ալ անդին է : Սուրբը համամարդկային ինչքն է: Բայց մասնաւորապէս բոլոր անոնց, որոնք կը յարգեն սուրբը եւ կը դիմեն անոր բարեխօսութեան կամ միջամտութեան:
Ուրեմն, դեռ կը հարցնէք, թէ ո՞վ է Ս. Ռիթա : Կը պատասխանեմ, թէ վերը նկարագրուած եւ սահմանուած սուրբն է՝ հակառակ իտալացի ըլլալուն՝ միջազգայնացած եւ համընդհանրական սուրբը, բոլորին պատկանող Սրբուհին՝ աշխարհաքաղաքացի, համաքրիստոնէական ու համամարդկային կնիքով եւ ճանաչումով :
1413-ին վանք մտնելով՝ սկսաւ իր կրօնաւորական կեանքը, որուն սէրը եւ երազը համակած էին անոր էութիւնը : Հոս ալ սրբակերտումի ճամբան շարունակեց: Ռիթա մայրապետը աղօթասէր, ներանձնացեալ, անձնուրաց եւ եղբայրասէր էր: Շեշտուած էին Ռիթայի զոհաբերութեան սէրը եւ ապաշխարանքի արարքները:
Ինչպէս վանքէն դուրս, այնպէս ալ վանքէն ներս՝ Ռիթայի կեանքը հրաշքներու շղթայ մը եղաւ:
Այսպէս, տառապանքով եւ հրաշագործութիւններով լեցուն կեանքը Ռիթա մայրապետը կնքեց 22 Մայիս 1457-ին: Անոր ընթացքին, մահուան ատեն ու յատկապէս մահէն ետք ու մինչեւ այսօր Ռիթա փայլեցաւ իր սրբութեամբ եւ սքանչելագործութեամբ:
Ռիթան երանելի հռչակուեցաւ 1628-ին Ուրբանոս Ը. Քահանայապետին կողմէ, իսկ անոր սրբադասումը կատարեց Լեւոն ԺԳ. Սրբազան Պապը 24 Մայիս 1900-ին:
† Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան
Օգնական Եպիսկոպոս
Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմին
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ